Խորէն Նազարեան, ծնած է 1920-ին, Խարբերդ, եկած է Հալէպ 1930-ին, Նախնական ուսումը ստացած է Ազգաին Հայկազեան Վարժարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք՝ երկու տարի յաճախած է Մխիթարեան Վարժարանը:

1932-ին, եղբ. Թադէոս Թիւթելեանի քաջալերանքով մուտք գործած է ՀՄԸՄ-ի շարքերը: Եղած է գայլիկ քաղաքի մասնաճիւղին, որ այդ օրերուն Հալէպի միակ մասնաճիւղն էր, իսկ Նոր Գիւղի մասնաճիւղը յառաջացած է 1934-ին: Այդ օրերուն վարչութեան ատենապետը եղած է Լուտեր Մասպանաճեանը, իսկ իր խմբապետը՝ եղբ. Նշան Թիւյսիւզեանը, որուն տքնաջան աշխատանքով կարելի եղած է կերտել սերունդ մը, ազգային ոգիով եւ գիտակցութեամբ լիցքաւորուած:

Ան մաս կազմած է նաեւ փողերախումբին: 1939-ին դարձած է վարիչ-առաջնորդ, ապա փոխ խմբապետ:

1957-ին նշանակուած է խմբապետ, երբ եղբ. Լեւոն Պապլուզեանը դադրած է խմբապետական պաշտօնէն:

1963-ին դարձած է շրջանային ընդհանուր խմբապետ, վարած է բանակումներ իբրեւ ընդհանուր խմբապետ:

1961-1971 եղած է վարչական: 1975-ին կազմուած է հալէպահայ միջ-սկաուտական խորհուրդը, որուն ատենապետ նշանակուած է ան: Խորհուրդը կ՚ընդգրկէր ՀՄԸՄ-էն 3 սկաուտներ, իսկ ՀՄՄ-էն, ՀԲԸՄ-էն եւ Վասպուրականէն 2-ական սկաուտներ. Կազմը աշխատած է 10 տարիներ, որու ընթացքին չորս միութիւնները միասնաբար կազմակերպած են տօնակատարութիւններ տարբեր առիթներով, ինչպէս Ապրիլ 24, Վարդանանք, առաւել նաեւ հարց-պատասխանի մրցումներ: 12 տարի եղած է Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ: 1988-ին, արժանացած է ՀՄԸՄ-ի «Արժանեաց» շքանշանին:

Եղած է Քեսապի բանակավայրի առաջին հիմնադիրներէն, նաեւ ղեկավարած է բանակավայրի շինութեան առաջին յանձնախումբը:

Աղբիւր Խմբագրել

  • Հ․Մ․Ը․Մ․-ական դէմքեր Ա․ Հատոր։