Խորումի Պար (վրացերէն՝ ხორუმი), պատերազմի պար, ծնունդ առած է Վրաստանի հարաւ-արեւմտեան կողմը գտնուող Աճարիա տարածաշրջանին մէջ։ Պարը սկզբնապէս ներկայացուած է քանի մը տղամարդու կատարմամբ, սակայն ժամանակի ընթացքին աստիճանաբար սկսած է զարգանալ ու այժմ «Խորումի» պարը կարելի է ներկայացնել աւելի քան երեսուն կամ քառասուն պարողներու մասնակցութեամբ։

Նաւաստիները կը դիտեն Խորումի պարը՝ վրացի պարողի կատարումով

Թէեւ տարիներու ընթացքին պարողներուն քանակը փոխուած է, սակայն պարի բովանդակութիւնը մնացած է նոյնը։ Վրացական բանակը, վերջին դարերուն, կեանքի բերած է այս պարը։ Պարի նախերգանքով կը ներկայացուի մի քանի մարդոց փնտռտուքը՝ բանակելու․ այնուհետեւ, անոնք իրենց պարային շարժումներով կոչ կ՛ուղղեն բանակը հրաւիրելու ռազմադաշտ։ Պարը, ինքնիր մէջ, կը խորհրդանշէ որոնման, պատերազմի թեմաները, ինչպէս նաեւ վրացական զօրքի խիզախութեան եւ փառքի յաղթանակի տօնը։ Վրաստան, իր ողջ պատմութեան ընթացքին, մեծ թիւով պատերազմներ տեսած է, իսկ Խորումի պարը անցեալէն եկած կոչ է, զոր կը յուշէ մեզի՝ խաղաղութիւն ունենալու համար, պատրաստ ըլլալ պատերազմի։

Երաժշտական ​​Առանձնայատկութիւններ

Խմբագրել

Ի տարբերութիւն՝ վրացական աւանդական պարերու մեծ մասին, որոնց սովորաբար կ՛ուղեկցին երգչախմբային բազմաձայն երգեցողութեան եւ ծափ, Խորումի աւանդաբար կ՛ուղեկցին միայն գործիքներ։

Թմբուկն ու պարիկապզուկը երկու հիմնական գործիքներ են, զորս կ՛ուղեցկին Խորումի ընթացքին։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել