Կանկատունկ (Քաքթիւս)
Կանկատունկ (Քաքթիւս), կանկատունկերը բոյսեր են, որոնք կ'ապրին եւ կ'աճին անապատներուն մէջ:
Բոյսերուն մեծ մասը աճելու համար պէտք ունի ջուրի եւ սնունդի: Սակայն կանկատունկերը կ'աճին անապատներու մէջ, ուր ջուրը միշտ կը պակսի, եւ ուր օդը շատ տաք է: Կանկատունկերը կ'ապրին եւ կ'աճին ինչպէս միւս բոլոր բոյսերը` շնորհիւ արեւու լոյսին:
Կանկատունկերը «կը շնչեն»: Անոնք առաւելագոյն ձեւով կ'օգտագործեն իրենց շրջապատին հարստութիւնները: Այս բոյսը տերեւներ չունի, այլ, անոնց փոխարէն, փուշեր: Անոնք կրնան «որսալ» ջուրը, խոնաւութիւնը եւ պահեստներ ամբարել իրենց արմատներուն մէջ` իրենց փուշերուն շնորհիւ: Այս ձեւով, երբ անոնք ջուրի պէտք ունենան, կրնան այդ պահեստներէն օգտուիլ:
Տերեւներուն եւ բոյսերուն տարբերութիւնը
ԽմբագրելՏերեւները մեծ են եւ լայն. անոնք արեւուն ճառագայթներուն կը պարզեն ընդարձակ մակերես մը, հետեւաբար բոյսը ջուրի մեծ կորուստ պիտի ունենայ, եթէ արեւուն «հրամցնէ» այդքան ընդարձակ կանաչ մակերեսներ: Ուրեմն կանկատունկը գիտցած է յարմարիլ այդ միջավայրին: Ան իր կեանքը կ'ապահովէ փուշերուն ընդմէջէն, շատ քիչ «քրտնելով»:
Կանկատունկերուն փուշերը շատ գործնական են նաեւ պաշտպանուելու համար բոլոր անոնց դէմ, որոնք պիտի ուզեն զիրենք խածնել:
Անոնք կը բուսնին աւազին վրայ, եւ անոնց արմատները շատ քիչ հողի պէտք ունին աճելու համար: Ուրիշ ոչ մէկ բոյս կրնայ նման շատ չոր վայրերու մէջ բուսնիլ:
Եթէ պայմանները շատ վատ դառնան, կանկատունկը կը դանդաղեցնէ իր կենսագործունէութիւնը: Անիկա կարճ միջոցի մը համար կը դադրի աճելէ` սպասելով խոնաւութեան վերադարձին, իր կեանքը շարունակելու համար[1]:
Հետաքրքրական գիտելիքներ
Խմբագրել- Սակուարօ Քաքթիւսին (կանկատունկ) ճիւղերը կը սկսին անոր կոճղին վրայ բուսնիլ, երբ բոյսը 75 տարեկան կ'ըլլայ: Սակուարօ քաքթիւսը աշխարհի ամէնէն նշանաւոր քաքթիւսն է: Հիւսիսային Ամերիկայի անապատային այս խորհրդանիշը կրնայ ապրիլ մինչեւ 200 տարի. անոր ծանրութիւնը կ'անցնի 5000 թոնը, եւ կրնայ պարունակել մինչեւ 3000 լիթր ջուր[2]:
- Մեքսիքոյի մէջ աճող մամիլարիա էլոնկոթա քրիսթաթա կանկատունկի տեսակը տարօրինակ բոյս մըն է, որուն ձեւը կը յիշեցնէ մարդկային ուղեղը[3]:
- Կանկատունկերուն տեսակները բազմաթիւ են։ Անոնք կ'ըլլան ծառանման, թփանման, խոտանման։ Կան 1սմ բարձրութեամբ ու քանի մը կրամ կշիռքով կանկատունկեր եւ 25 մ բարձրութեամբ քանի մը թոն կշռող կանկատունկեր։