Կատուի Ձեւով Դպրոց (Գերմանիա)

Կատուի Ձեւով Դպրոց Գերմանիոյ Քարլսրուհ քաղաքին մէջ: Անոր գլխաւոր շէնքը կը նմանի կատուի մը:

Պատմութիւն Խմբագրել

Գերմանիոյ, Քարլսրուհի քաղաքին մօտ Ուոլֆարցուըր գիւղին մէջ երկու արուեստագէտներ յղացած են գաղափարը` շինելու մանկապարտէզ մը եւ դպրոց մը հսկայ կատուի մը ձեւով[1]:

 

Այս արդի եւ հաճելի գործը յղացումն է արուեստագէտ եւ գրագէտ Թոմի Ունկերերի եւ ճարտարապետ Այլասուզըն Ենտելի: Դպրոցին կառուցուածքը կը նմանի պառկած կատուի մը, որ սակայն պատրաստ է անմիջապէս իր չորս ոտքերուն վրայ ցատկելու: Այս կառոյցին մէջ ամէն ինչ մտածուած է, մանուկներուն մէջ դպրոց երթալու փափաք յառաջացնելու համար: Հոն ամէն օր աշակերտները կարելիութիւնը ունին շէնք մտնելու կատուին բերնէն` անասունին մէջը գտնելու համար տեսակաւոր խաղեր եւ ժամանցներ: Հսկայ կատուին երկու աչքերը մեծ պատուհաններ են, որոնք կարծէք աշակերտները կը դիմաւորեն երբ անոնք դպրոց կը ժամանեն:

«Տի Քաթցը» (կատուն) անուանուած այս կառոյցը շինուած է ընդունելու համար 100 փոքրիկ: Շէնքին ներսը կարելի է գտնել դպրոցի բոլոր յարմարութիւնները` դասարաններ, հանդերձարաններ, խոհանոց մը, ճաշասրահ մը եւ, խաղի տարբեր տարածքներ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել