Կարապետ Ա. Քհնյ. Նալպատեան

Կարապետ Ա. Քհնյ. Նալպատեան (1892, Այթապ - 1970, Այնթապ), Կրթական մշակ, ապա քահանայ։

Կարապետ Ա. Քհնյ. Նալպատեան
Ծնած է 1892
Ծննդավայր Այթապ
Մահացած է 1970
Ազգութիւն հայ
Աշխատավայր կրթական մշակ ապա՝ քահանայ
Ամուսին Զապէլ Գազանճեան
Ծնողներ Ներսէս եւ Հոիփսիմէ Նալպանտեաններ
Երեխաներ Ներսէս, Կարպիս եւ Հերմինէ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Աւազանի անունով՝ Նազարէթ՝ որդի Ներսէսի եւ Հոիփսիմէի, ծնած է Այնթապ 1892-ին։

Բազմանդամ ընտանիքի զաւակ՝ Նազարէթ իր նախնական կրթութիւնը ստացսծ է Այնթապի Վարդանեան կրթարանը՝ ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1908-ին։ Բարձրագոյն ուսում ստանալու համար դիմած է Կ.Թ. Գոլէճ եւ ընդունուած իրրեւ ուսանող։ Դժբախտաբար, միայն մէկ տարի կրցած է յաճախել գոլէճ եւ 1909-ին կարգ մը հայ ուսանողներու հետ «Վարդանանց տօնախմբութեան մասնակցած ըլլալու յանցանքով դպրոցէն դուրս դրուած է»։ Այնուհետեւ ան նետուած է ուսուցչական ասպարէզ եւ նուիրուած հայ սերունդի դաստիարակութեան սրբազան գործին։ Կրթական ծաոայութեան աոաջին գաղութը եղած է Քիլիս՝ ուր պաշտօնավարած է ծխական դպրոցին մէջ 1909-1912 եւ ապա Միացեալ Ընկերութեան Վարժարանը 1912-1913։

1913-ին Նազարէթ զինուորագրուած է թրքական բանակին բայց երկու տարի ետք, կարգ մը հայ զինուորներու հետ փախուստ տուած է բանակէն եւ ապաստանած Համա, ուր տարագրուած էին իր եղբայրներն ու հազարաւոր հայրենակիցները։ Մեծ եղեռնէն ազատած մաղապուրծ՝ ապաստանած է աւելի ապահով շրջաններ, ուր հարկադրուած հետեւած է արհեստի եւ սորված մեքենավարութիւն։ Այսպիսով, ժամանակ մը ետք նիւթական իր վիճակը բարելաւուած եւ պատրաստուած է ամուսնութեան։ Ան իր կեանքի ընկերը ընտրած է Գահիրէ հաստատուած հայրենակից Հաճի Յակոր Գազանճեան դուստրը՝ Զապէլը, որուն հետ պսակուած է 1921-ին։ Ունեցած է երեք զաւակներ՝ Ներսէս, Կարպիս եւ Հերմինէ։

Երբ աոիթը ներկայացած է, ան ուսումնական քննութեան մասնակցած եւ Կ. Պոլսոյ Ուսումնական Խորհուրդէն ստացած է օգնական ուսուցիչի վկայական։ Քանի մը տարիներու ակամայ ընդհատումէն ետք, կրթութեան հանղէպ ունեցած սէրը դարձեալ զինք կը մղէ ուսուցչական ասպարէզ։ Ան հաստատուած է Հալէպ եւ ուսուցչութեան պաշտօնավարած Ազգ Հայկազեան (1920-1921) եւ Կիլիկեան (1930-1932) վարժարաններուն մէջ, իսկ Մուսուլի Հայոց Ազգ. Վարժարան իրրեւ տնօրէն - ուսուցիչ (1932-1934)։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, ուսուցչութեան հետ վարած է նաեւ դպրապետութեան պաշտօն։

Սակայն այս բոլորէն աոաջ եւ վեր՝ իր կեանքին գլխաւոր աոանցքր եղած է եկեղեցին։ Ժամանակի ընթացքին եկեղեցասիրութիւնն ու կրօնական սէրը իր մէջ տակաւ աո տակաւ աճած ու կատարելագործուած են, այնքան որ զինք առաջնորդած են քահանայութեան։ Երբ աոիթը ընծայուած է իրեն եկեղեցական ասպարէզ մտնելու, չէ տատամսած, այլ կատարելապէս համոզուած ընդաոաջած է քահանայական հրաւէրին։

3 Յուլիս 1934-ին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցիցւոյ Աւագերէց՝ Տէր Ներսէս Ա. Քհնյ. Թաւուճեանի եղերական մահէն ետք, Առաջնորդ Սրրազան Հօր հաւանութեամբ, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղականութեան ու այնթապցի հայրենակիցներու փափաքով՝ նշանակուած է քահանայական թեկնածու։

Իր քահանայական ձեոնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցածեն Ս. Աստուածածին Եկեոևցւոյ մէջ, ձեռամբ Բէրիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Արտաւազդ Արբ. Սիւրմէեանի 28 Նոյևմբեր 1934-ին վեբակոչուելով Տէբ Կարապետ։ Աոաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ Տէր Կարապետ հոգեւոր Հովիւ նշանակուած է Ս. Աստուածածին Եկեղևցւոյ եւ իրեն տրուած է Տէր Ներսէս Քհնյ. Թաւուգճեանի ծխական ժոդովուրդը, զոր հովուած է 1934-1970 թուականնևրը։ Տարիներու իր բարւոք ծառայութեան համար ան արժանացած է Լանջախաչի՝ Գարեգին Ա. կաթողիկոսէն 1947-ին Ծաղկեայ սեւ փիլոն ստացած է 1950-ին, եւ Աւագութեան տիտղոս ու պատիւ 1967-ին։

Իր հայրենակիցներուն համար նոր դպրոց ու նոր եկեղեցի ունենալը իր կեանքի մեծագոյն տեսլականը դարձած է։ Իր գործակիցներուն հետ յաջողած է Վիլլաներու շրջանէն ընդարձակ հողաշերտ մր գնել։ Այդ եղած է իր կեանքի ամէնէն երջանիկ ու պատմական օրը։ Ինք ու իր գործակիցները այդ երազը իրականացուցած են հողը պատրաստելով։

Բայց ափսոս, որ ան բախտը չէ ունեցած տեսնելու նորակառոյց Ս. Աստւածածին եկեղեցի։ 1952-ին կաթուածահար՝ անշարժութեան մատնուած է աջ կողմը։ Բայց հայ բարեկամ բժիշկներու յարատեւ խնամքին շնորհիւ՝ շուտով ոտքի ելած եւ քալած է գաւազանով։ Այդ վիճակով շարունակած է իր կրօնական պարտականութիւնները։ Ու այսպէս քահանայագործած է մինչեւ 1970 Դեկտեմրեր երբ ունեցած է երկրորդ կաթուածը, որ զինք անկողին պահած է երկու շաբաթ։ Ան հրաժեշտ կու տայ աշխարհին Շաբաթ 19 Դեկտ, 1970-ին եօթանասուն ութ տարեկանին։

Վերջին օծումն ու թաղման կարգը կր կատարուին Կիրակի 20 Դեկտեմբեր 1970-ին ձեռամբ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Տաթեւ վրդ. Սարգիսեան, իսկ կը պատարագէ ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Պետրոս վրդ. Պէրպէրեան։ Իր մարմինը կ՝ ամփոփուի Հայոց Ազգ. Գերեզմանատունը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ 182։