Կարապետ Մոմճեան

Դոկտոր Կարապետ (Կարօ) Մումճեանը Պատմութեան դոկտորի կոչում ունի UCLA-էն: Զայն ստացած է աւարտելէ ետք Պէյրութի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի պարմութեան բաժինը: Դոկտ. Կարապետ (Կարօ) Մոմճեան իբրեւ պատմաբան՝ հեղինակած է շարք մը յօդուածներ [1] եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր ուսումնասիրութիւնները [2] ներկայացուցած է գիտաժողովներու եւ հանրային ձեռնարկներու ընթացքին[3]։

Կարապետ Մոմճեան
Ծնած է 15 Մայիս
Ծննդավայր Պէյրութ
Մահացած է 28 Մարտ 2023-ին
Քաղաքացիութիւն ԱՄՆ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական
Աշխատավայր պատմաբան եւ դաստիարակ
Ամուսին Նայիրի Հարպոյեան-Մոմճեան
Երեխաներ Յակոբ եւ Բիւրակ

Ան եղած է Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն եւ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի փոխտնօրէն։ Ան նաեւ մաս կազմած է «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմին եւ ակադեմական աշխարհ անցնելէ ետք շարունակած է իր յօդուածներով աշխատակցիլ թերթին։

Ակադեմական ներդրումներուն կողքին, Մոմճեան նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան եւ սկզբունքներուն նուիրեալ ջատագով էր։ Ան եղած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ մաս կը կազմէր ՀՅԴ Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէութեան։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. III“, “ՍԵՒՐ II“, “ԼՕԶԱՆ II“.- ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՈՒ ԿՈՎԿԱՍԻ ՆՈՐ ՔԱՐՏԷ՞Ս ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ…ԴՈԿՏ.ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
  2. Garabet K Moumdjian, Ph.D.
  3. Տաղստանցի Ռասուլ Աղան Ու Ատանացի Կարապետ Պզտիկեան Էֆէնտին… ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ Պատմաբան, Օսմանագէտ