Կարինէ Աւագեան ծնած է Երեւան, Հայաստան: Լրագրող, թղթակից, բեմագիր, բանաստեղծուհի:

Կարինէ Աւագեան
Ծնած է 22 Սեպտեմբեր
Ծննդավայր Երեւան, Հայաստան
Մայրենի լեզու Հայ
Կարողութիւն Բանաստեղծուհի
Մասնագիտութիւն բանասիրական կաճառի Հայոց լեզու եւ գրականութեան բաժին
Աշխատավայր թղթակիցն է ԱՄՆ-ի մէջ լոյս տեսնող «Մոլորակ» թերթին
Ծնողներ Աշոտ Աւագեան եւ Լուսիկ Յովհաննիսեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Բանաստեղծուհի, լրագրող Կարինէ Աւագեան ծնած է ճարտարագէտ հօր եւ բժշկոււհի մօր ընտանիքի մէջ: Աւարտած է Երեւանի թիւ 14, Նար-Դոսի անուան միջնակարգ դպրոցը՝ 1971 թ. այնուհետեւ` Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ցերեկային ուսուցման բաժինը՝ 1977թ, նաեւ` ՀՄՖ-ի Լրագրութեան-ֆոթօ-լրագրական տեղեկատուութեան երկամեայ դասընթացքները:

Աշխատեր է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկի մէջ, «Մանկավարժ», թերթի մէջ՝ 1977-79թթ. այնուհետեւ` 1980թ-2016թ. ՀՀ հանրային հեռուստատեսութեան մէջ, ուր խմբագրեր, վարեր եւ հեղինակեր է «Մեր լեզուն, մեր խօսքը», «Հայ գրականութեան դասականներ», «Հայ քնարերգութեան մարգարիտներ», «Պոեզիայի ակնթարթներ», «Առաւօտեան բարեմաղթանք եւ պոեզիա», «Առանց մեկնաբանութեան» եւ շարք մը այլ հաղորդումներ:

Հեռուստատեսային երկարամեայ աշխատանքին զուգահեռ, այդ նոյն տարիներու ընթացքին, հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդեր է մայրաքաղաքի շարք մը դպրոցներուն եւ կաճառի մէջ, ինչպես նաեւ` վարժութիւններով զբաղուեր է դիմորդներուն հետ ուսուցանելով՝ հայոց լեզու եւ գրականութիւն, անգլերէն, հաղորդավարութիւն եւ ասմունք:

Գրած եւ վարած է գրական-գեղարուեստական միջոցառումներու բեմագրութիւններ` կատարելով նաեւ բեմադրական աշխատանքը:

Ան կը տիրապետէ շարք մը բարբառներու` Արցախի, Լոռուայ, Շիրակի, Խոյի: Սերտորէն կապուած է մշակութային կեանքին, գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտին: Կը տիրապետէ լեզուներու իմացութիւնը՝ հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն:

Ստեղծագործութիւններ Խմբագրել

Ստեղծագործել կը սկսի 5-րդ դասարանէն: Բանաստեղծուհի է, ունի տպագրուած ժողովածու՝<<Իմ միակ, իմ ծառ>> վերնագիրով [1], տպգրուած է նաեւ շարք մը գրական (almanacs) օրացոյցներու մէջ, հեղինակեր է գրականագիտական մենագրութիւններ՝ <<Նայիրեան անպարտ ոգի>>՝ նուիրուած Եղիշէ Չարենցին, <<Յաւերժի ճամբորդը>>՝ նուիրուած Յովհաննէս Թումանեանին, <<Համօ Սահեան>>: Իր քանի մը բանաստեղծութիւնները նաեւ երգի վերածուեր են:

Կարինէ Աւագեանի բանաստեղծութիւնները տպագրուեր են հանրապետական մամուլի մէջ («Ավանգարդ», «Գրական թերթ», «Երեկոյեան Երեւան», «Գարուն» ամսագիր, «Համայնապատկեր», «Մասիս» (ԱՄՆ) հեռարձակուեր են հեռուստատեսութեամբ, ռատիոյով: Հեղինակ է նաեւ հեռուստատաշարքի բեմագրութիւններու: 1989 թուականէն ՀՀ ԺՄ անդամ է:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» պարբերական Խմբագրել

Մօտաւորապէս 9-ը տարի 2010-էն 2018թ. Մարտ ամիսը աշխատեր է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ՝ որպէս «Հայերն այսօր» Ելեկտրոնային պարբերականի լրագրող՝ ներկայացնելով Հայաստանը, սփիւռքահայերուն, Սփիւռքի հայկական գաղթօճախները, հայրենադարձութիւնը, մեր մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան երախտաւորներուն, մեծերուն, ինչպէս նաեւ` բարեգործ-բարերարներուն ու տաղանդաւոր երիտասարդներուն, ազգային հերոսներուն, զոհուած ազատամարտիկներուն, յայտնի զորավարներուն եւ այլն: Իր հարցազրոյցները, յօդուածները յաճախ արտատպուեր են նաեւ սփիւռքեան մամուլի մէջ:

Երեւանի առեւտուրի մշակոյթի պալատին մէջ 1977թ.-1978թ. եղած է թատերականացուած ասմունքի՝ տարիքային տարբեր խումբերու ղեկավար: Տարիներ շարունակ նմանօրինակ խմբակի ղեկավար եղած է նաեւ Երեւանի Թէքէեանի անուան միջնակարգ դպրոցին մէջ:

Մամուլի աշխատակից, թղթակից Խմբագրել

Երկար տարիներ թղթակիցն է ԱՄՆ-ի մէջ լոյս տեսնող Հայ-ամերիկեան շաբաթաթերթ «Մոլորակ» թերթին[2],[3]:

Քանի մը տարի՝ 2010-էն թղթակցեր է Մոսկուայի մէջ լոյս տեսնող “Armenian Times” եռալեզու ամսաթերթին՝ ներկայացնելով հայուն ու Հայաստանը, մեր մշակոյթը, արուեստը, հայ անուանի մեծերուն: Թղթակիցը եղած է Արարատեան հայրապետական թեմի <<Շողակն>> թերթի՝ գրելով հոգեւոր թեմաներով հեղինակային բազմաթիւ յօդուածներ, շարքեր, վկայութիւններ:

Եղած է «Իրաւական զարկերակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրը, մշտապէս թղթակցեր եւ կը թղթակցի հանրապետական մամուլին, ռատիոյին, խմբագրած է շարք մը գեղարուեստական գիրքեր / պոեզիա, արձակ, հարցազրոյցներու ու յօդուածներու ընտրանի:

Այսօր ալ կը շարունակէէ ստեղծագործական կեանքը՝ գրելով հարցազրոյցներ, յօդուածներ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ճանչցուած հայերու հետ, խմբագրելով գիրքեր, կազմակերպելով զանազան միջոցառումներ՝ շնորհահանդէսներ, յոբելեանական միջոցառումներ, գրական-գեղարուեստական երեկոներ:

Պարգեւներ, շնորհակալագիրներ Խմբագրել

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող Համառուսական յանձնաժողովի կողմէն Հայոց եղեռնը վերապրածներու հետ ունեցած բազմաթիւ հարցազրոյցներու, յօդուածներու համար պարգեւատրուեր է յոբելեանական մետալով, <<Ավանգարդ>> թերթի գլխաւոր խմբագիրի կողմէն, <<Ավանգարդ>>-ի 80-ամեայ յոբելեանի առիթով, թերթի հետ անշահախնդրօրէն համագործակցելու եւ ընթերցողներու կողմէն սպասուած իր հրապարակումներուն համար, երկու անգամ արժանացեր է շնորհակալագիրի: Լրագրողական իր աշխատանքը բարեխղճօրէն եւ արհեստավարժ կերպով կատարելու համար ՀՀ սփիւռքի նախարարէն նոյնպէս արժանացեր է շնորհակալագիրի:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել