Կարմիր կիրակի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տոնացոյցին մէջ Ս. Զատիկին յաջորդող չորրորդ կիրակին կը կոչուի Կարմիր[1]: Կարմիրը Քրիստոսի եկեղեցւոյ եւ հաւատքի համար մարտիրոսացած նահատակներու սուրբ արեան խորհրդանիշն է[2]:

Ինչո՞ւ այս Կիրակին «Կարմիր» կը կոչուի Խմբագրել

Յարութեան 4-րդ Կիրակին «Կարմիր» կը կոչուի, որովհետեւ Քրիստոսի թափած արեան ՏՕՆՆ է: Պօղոս Առաքեալ կ'ըսէ. «Արդարեւ այսպիսի Քահանայապետ մը պէտք է մեզի.- սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած եւ երկինքներէն աւելի վեր բարձրացած: Քահանայապէտ մը, որ ամէն օր զոհեր մատուցանելու պէտք չունի միւս քահանայապետներուն պէս, որոնք նախ իրենց եւ ապա ժողովուրդին մեղքերուն համար զոհեր կը մատուցանեն: Որովհետեւ Քրիստոս միայն մէկ անգամ ինքզինքը ընծայեց իբրեւ յաւերժական զոհ» (Եբր 7.26-27):

  «Յիսուսի արիւնով՝ այլեւս ազատ ենք...» որովհետեւ Յիսուս ինք մեզի համար բացաւ Աստուծոյ հասնելու այդ նոր եւ կենդանի ճամբան՝ վարագոյրէն անդին անցնելով, այսինքն՝ իր մարմինը որպէս զոհ մատուցանելով»
- (Եբր 10.19-20)
 
  Քրիստոս եկաւ, որպէս գալիք նոր կարգերուն Քահանայապետը, մտաւ մեծ, կատարեալ խորանը, որ մարդկային ձեռքերով չէ շինուած. Այսինքն՝ այս նիւթեղէն աշխարհին մաս չի կազմեր: Անիկա միանգամընդմիշտ մտաւ Սրբարանը, ո՛չ թէ նոխազներու եւ ցուլերու արիւնով, այլ՝ ի՛ր իսկ սեփական արիւնով, անով մեզի համար յաւիտենական փրկութիւն ապահովելով»
- (Եբր 9.11.-12)
 
  Քրիստոնեան, ոսկիով չէր որ փրկուեցաւ իր հայրերէն ժառանգած ունայն կենցաղէն, այլ՝ «անբիծ եւ անարատ Գառնուկի՝ Քրիստոսի թանկագին արիւնովը»
- (Ա. Պտ 1.18-19)
 

Արդարեւ՝ 1.- Հին կտակարանին մէջ՝ Օրէնքին համաձայն ամէն ինչ արիւնով կը սրբուէր: 2.- Նոր Կատակարանին համաձայն, մեղքերու թողութիւնն ալ առանց արեան հեղումի չէր ըլլար (Տես՝ Եբր 9.22: Ղկ 22.20): Քրիստոտ յաւիտենական Հոգիին միջոցաւ, ինքզինքը որպէս անարատ զոհ՝ Աստուծոյ մատուցանեց, որպէսզի իր արիւնով մաքրէ մեր խղճմտանքը մեռելական գործերէ, եւ մենք կարենանք կենդանի Աստուածը պաշտել (Տես Եբր 9.14):

Քրիստոսի արեամբ, մենք կ'աճինք զԱստուած փառաւորելու Խմբագրել

-Կը հաշտուինք Քրիստոսի հետ (Կղ 1.21-23):

-Իրմով կ'ազատագրուինք (Եբր 10.19):

-Իրեն հետ կը հարազատանանք (Եփ 2.13):

-Մեր սիրտերու սփոփանքը Անոր մէջ կը գտնենք (Սղ 62):

-Իր հոգատարութեամբ կը պարուրուինք (Ա. Պտ 5.):

-Իրմով կը զոհաւորուինք (Եփ 6.10-18):

-Քրիստոսի արեամբ, մեր խիղճերը կը մաքրուին (Եբր 9.14: Ա.ՏՄ 4.1-5):

Քրիստոսի արեամբ մեր մեղքերը կը ներուին, որովհետեւ՝ Խմբագրել

-Իրմով կը փրկուինք եւ մեր մեղքերուն թողութիւն կը գտնենք (Եփ 1.7: Մտ 26.28):

Քրիստոտսի արեամբ, ոչ միայն մեր մեղքերը կը ներուին, այլ աստիճանաբար կը մաքրուին (Եբր 13.12), որովհետեւ միայն այն ատեն պիտի կարենանք զԱստուած տեսնել (Եբր 12.14):

Քրիստոսի արեամբ կը նուաճենք բոլոր անոնք, որոնք հաւատքի մեր եղբայրները կը մեղադրեն, որովհետեւ Առաքեալը կ'ըսէ.«Եւ երկինքի մէջ ուժեղ ձայն մը լսեցի, որ կ'ըսէր. «Հիմա հասաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը, զօրութիւնը եւ արքայութիւնը. Հասաւ իր Օծեալին իշխանութիւնը. Որովհետեւ ինկաւ մեր եղբայրներուն չարախօսը, ան՝ որ գիշեր ցերեկ Աստուծոյ դիմաց չարախօսութիւն կ'ընէր անոնց դէմ:

Մեր եղբայրները անոր վրայ յաղթանակ տարին Գառնուկին արիւնով եւ իրենց տուած վկայութեամբ, որովհետեւ անտեսեցին իրենց կեանքը եւ յանձն առին մահը» (Յյտ 12.10-11)[3]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ»։ HyeTert (tr-TR)։ 2019-05-11։ արտագրուած է՝ 2020-09-28 
  2. Համբարձում Տէր (2017-05-05)։ «Կարմիր կիրակի (չորրորդ կիրակի) • Հոգեւոր կայքէջ»։ Հոգեւոր կայքէջ (hy-AM)։ արտագրուած է՝ 2020-09-28 
  3. «Քահանայ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-09-30-ին։ արտագրուած է՝ 2018-11-12