Կարմրախտ
Կարմրախտը կամ շառագոյն տենդը մանկական հիւանդութիւն մըն է, սակայն անիկա կրնայ պատահիլ ոեւէ անձի եւ որեւէ մէկ տարիքի: Անիկա կը յատկանշուի կոկորդի բորբոքումով եւ մորթային ցանով (rash): Կարմրախտի յարուցիչը մանրէ մըն է, որ կը կոչուի group A beta hemolytic streptococcus (GABS):
Ախտանշաններ
ԽմբագրելԿարմրախտին բնորոշ բծավոր (մակուլոպապուլոզ) ցան
Կարմրախտի ախտանշաններն են՝ ջերմութիւն, կոկորդի ցաւ, կլլելու դժուարութիւն, կոկորդի եւ նշիկներու կարմրագոյն կէտաւորում ու վիզի աւշագեղձերու ծաւալում: Անոր նախանշաններն են՝ մարմնական ընդհանուր ցաւ, գլխացաւ, ստամոքսի ցաւ, նողկանք եւ փսխունք:
Կարմրախի ամէնէն յատկանշական ախտանշանն է մորթի կարծր կարմիր եւ տարածուն բշտիկաւոր ցանը, որ կը նմանի աւազաթուղթի (sand paper): Մորթի ցանը կը յայտնուի ջերմէն 24 ժամեր ետք: Ցանը կը յայտնուի նախ փորի եւ կուրծքի վրայ եւ ետքը՝ ամբողջ մարմնին վրայ: Անիկա առաւելաբար կը տեսնուի մարմնի ծալքերու մէջ, մասնաւորապէս՝ աճուկի (groin), անութի (armpit) եւ արմուկի (elbow creases): Մորթացանին հետ կրնայ պատահիլ նաեւ քերուըտուք: Ցանը կ'անհետանայ 7-10 օրերու ընթացքին եւ վերջաւորութեան մորթը կը կեղուըւի (peel) առանց որեւէ մէկ հետք ձգելու:
Կարմրախտի ելակալեզու
ԽմբագրելԱյս հանգրուանէն ետք լեզուին վրայ կը տեսնուին կարմիր կէտեր, որոնք կը գրաւեն ամբողջ լեզուի մակերեսը: Լեզուն կ'ունենայ ելակի երեւոյթ եւ անոր համար կը կոչուի ելակալեզու (strawberry tongue): Այս կարմրագոյն կէտերը քանի մը օր ետք կ'անհետանան:
Յաւելեալ
ԽմբագրելԿարմրախտը փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչ մանրէները կը փոխանցուին հիւանդին քթահոսքին եւ կոկորդի հեղուկի միջոցով, մասնաւորաբար՝ հազալով, խնչելով, թքելով եւ փռնգտալով: Փոխանցումը առաւելաբար տեղի կ'ունենայ՝ մորթի ցանի եւ ջերմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ ջերմի անհետանացումին յաջորդող 12-24 ժամերու ընթացքին:
Կարմրախտի բորբոքումը կրնայ տարածուիլ կոկորդի յարակից բաժինները, մասնաւորապէս՝ միջին ականջը, դէմքի խոռոչները (sinuses) եւ թոքերը՝ յառաջացնելով միջին ականջի բորբոքում (otitis media), դէմքի խոռոչներու բորբոքում (sinusitis) եւ թոքատապ (pneumonia): Չդարմանուած կարմրախտի պարագային կրնայ տեղի ունենալ յօդացաւային ջերմութիւն (rheumatic fever) եւ երիկամներու բորբոքում:
Անոր թխսաւորման ժամանակաշրջանը 12 ժամէն մինչեւ 7 օր է:
Ախտաճանաչում
ԽմբագրելԿարմրախտի ախտաճանաչումը բացայայտ է կոկորդի եւ մորթի ախտաբանական երեւոյթով: Սակայն կատարուելու է կոկորդի խլնաթաղանթի կոկորդաջնջան (throat swab) եւ կոկորդէն վերցուած խլնահեղուկի մշակում (culture):
Կարմրախտը կը դարմանուի հակամանրէական դեղերով 7-10 օրերու ընթացքին: Հիւանդին տրուելու է առատ հեղուկ եւ սննդառական հեղուկային կերակուրներ: Հիւանդին եղունգները պէտք է կարճ պահել, որպէսզի քերուըտուքի պատճառով ան չքերէ իր ախտահարուած մորթը եւ մորթային երկրորդական բորբոքում տեղի չունենայ:
Կանխարգիլում
ԽմբագրելԿարմրախտէ վարակուող հիւանդին շուրջը գտնուողները առնելու են հետեւեալ կանխազգուշական միջոցները
- Պէտք չէ գործածեն հիւանդին գործածած իրեղէնները, յատկապէս՝ դգալ, պատառաքաղ, պնակ, անձեռոց, անկողին եւ բարձ:
- Ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լաւ լուալու են, ամէն անգամ որ մօտենան հիւանդին:
- Հիւանդին շատ չմօտենան եւ յաճախ չայցելեն անոր:
Կարմրախտը պատուաստ չունի:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Ազդակ» օրաթերթ: