Կարտեսականութիւն

Կարտեսականութիւն կամ Քարթէսականութիւն, Ռընէ Տէքարթին փիլիսոփայական ու գիտական եղանակն է, իր յետագայ զարգացումով հանդերձ զոր կատարուեցաւ ԺԷ (17-րդ) դարու այլ մտածողներու կողմէն․ մասնաւորապէս Ֆրանսուա Փուլան Տը Լա-Պար, Նիքոլաս Մալէպրանշ եւ Պարուխ Սփինօզա։ Տէքարթը հաճախ կը համարուի առաչին մտածողը ով շեշտ դրաւ բնական գիտութիւնները զարգացնելու համար խելքի գործածութեան վրայ։ Ըստ անոր, փիլիսոփայութիւնը մտածողութեան եղանակ մըն էր որ կը մարմնաւորէր ողջ գիտութիւնը։

Արիստոտէլի եւ Սբ․ Օգոստինոսի աշխատութիւնները ազդեցութիւն ունեցած են Տէ-Քարթի Քոճիթօ (Լատիներէն՝ Cogito) առարկութեան վրայ։ Բացի այսկէ, նմանութիւն մը կայ Տէքարթի ստեղծագործութեանց եւ Սքովտիացի փիլիսոփայ Ճօրճ Քամփպէլլի (Անգլերէն՝ George Campbell) 1776-ին հրատարակուած «Փիլիսոփայութիւն եւ Ճարտասանութիւն» աշխատութեան մէջ։ Իր «Մտախոհութիւնիւններ Առաջին Փիլիսոփայութեան Մասին» գիրքին մէջ ան կը գրէ․ Սակայն ի՞նչ եմ ես ապա, բան մը որ կը մտածէ։ Ի՞նչ է մտածող բանը, անիկա բան մըն է որ կը կասկածի, կը հասկնայ, կ՛ըմբռնէ, կը վաւերացնէ, կը ժխտէ, կը կամենայ, կը մերժէ, ով նաեւ կ՛երաւակայէ ու կը զգայ։

Կարտեսականները միտքը կը դիտարկեն որպէս նիւթական մարմինէն ամբողջապէս անկախ։ Կ՛ենթադրեն թէ զգացողութիւնն ու իրականութեան ընկալումը անճշմարտութեան եւ պատրանքներուն աղբիւրն են, միակ վստահելի ճշմարտութիւնները, որոնք պէտք է ունենալ բնազանցական ու վերացական մտքին գոյութեան մէջ: Այսպիսի միտք մը հաւանաբար կրնայ փոխազդեցութիւն ունենալ նիւթական (Ֆիզիքական) մարմնին հետ, բայց անիկա գոյութիւն չունի մարմնին մէջ, նոյնիսկ նոյն նիւթական հարթութեան մէջ որուն մէջ գոյ է մարմինը։ Այն հարցումը թէ ինչպէ՞ս մարմինն ու միտքը կը փոխազդեն իրար, յարատեւող դժուարութիւն մը պիտի ըլլան Տէքարթին եւ անոր հետեւորդներուն համար, տարբեր Կարտեսականներ տարբեր պատասխաններ կու տան։ Այս մասին Տէքարտը կը գրէ․ «Մենք այս ամէնէն պէտք է եզրակացնենք, թէ այն բանեը որոնք մենք կ՛ըմբռնենք որոշապէս ու յստակօրէն որպէս զանազան նիւթեր, ինչպիսին մենք կը դասենք միտքն ու մարմինը, իրականութեան մէջ մէկը միւսէն էապէս տարբեր են․ եւ ասիկա վեցերորդ մտախոհութեան եզրակացութիւնն է»։ Հետեւաբար, կարող ենք տեսնել թէ, մինչ միտքն ու մարմինը իրաւ որ անջատուած են իրարմէ, սակայն միտքը մէկ ամբողջութիւն է, ինքն իրմէ անբաժանելի։ Մինչդեռ մարմինը կրնայ որոշ չափով մը, ինչպէս երբ մէկը կը կորսնցնէ ձեռքը կամ ոտքը»։

Գոյաբանություն

Խմբագրել

Տէքարթը կը հաւատար թէ ամբողջ գոյութւինը կը բաղկանայ երէք տարբեր էութիւններէ, ամէն մէկը իր սեփական իսկութեամբ․

- Նիւթը, տիրացած ընդարձակումին երէք տարածութիւններուն մէջ։

- Միտքը, տիրացած ինքնագէտ մտածութեան։

- Աստուած, տիրացած անհրաժեշտ գոյութեան։

Հմտաբանութիւն

Խմբագրել

Տէքարթը փիլիսոփայական հարձաքննութեան մէջ յառաջ բերաւ հետազոտութեան այն հարցը, թէ ինչպէս կարելի է վստահելի գիտելիք ստանալ (Հմտաբանութիւն, Անգլերէն՝ Epistemology).

Կարտեսականութիւնը բանապաշտութեան (փիլիսոփայական ուղղութիւն որ իբբեւ ճանաչողութեան աղբիւր կ'ընդունի ոչ թէ փորձը, այլ տրամաբանօրէն հիմնաւորուած միտքը, բանականութիւնը) ձեւերէն մէկն է, քանզի կը պնդէ թէ գիտութեան հետ կապուած գիտելիքները կարելի է ստանալ նախօրօք (Լատիներէն՝ a priori) բնածին գաղափարներէն, մակաբերական պատճառաբանութեան միջոցով։

Տէքարթին համար բանականութեան զօրութիւնը կը հայթայթուի Աստուծոյ կողմէն, ուստի կարելի է վստահիլ անոր որովհետեւ Աստուած մեզի չի խաբեր։

Աշխարհագրական Տարածումը

Խմբագրել

Նէտրնալնտներուն (Հոլանտայի) մէջ, ուր Տէքարթը երկար ժամանակ ապրած է, Կարտեսականութիւնը նշանաւոր վարդապետութիւն մըն էր գլխաւորապէս համալսարաններու դասախօսերուն եւ աւագ ուսուցիչներուն մէջ։ Գերմանիոյ մէջ այս վարդապետութիւնը Նետրլանտներուն համաչափ չէր, եւ այս երկու երկիրներուն մէջտեղին գտնուող սահմանային Գերմանախօս շրջաններուն մէջ ապրող Կարտեսականութեան հետեւորդները, օրինակի համար բժշկաուսողագիր (Անգլերէն՝ Iatromathematician) Իւօ Խաուքէս (Հոլանտերէն՝ Yvo Gaukes), յաճախ նախընտրեցին իրենց աշխատութիւնները տպել Նետրլանտներուն մէջ։ Ֆրանսայի մէջ, շատ նշանաւոր էր, եւ ազդեցութիւն ունեցաւ նաեւ Եանսէնականներուն վրայ որոնցմէ էր «Անթուան Արնօ»-ն Ֆրանսերէն՝ Antoine Arnauld), հակառակ անոր որ, ինչպէս Իտալիոյ մէջ, եկեղեցին ընդիմացաւ Կարտեսականութեան։ Իտալիոյ մէջ, այս վարդապետութիւնը չկարողացաւ իր երթը կատարել, հաւանաբար անոր համար որ Տէքարթին աշխատութիւնները 1663 թուականին դրուեցան «Արգլիուած Գիրքերու Ցուցակ»-ին մէջ (Լատիներէն՝ Index Librorum Prohibitorum)։

Անգլիոյ մէջ, կրօնական եւ այլ պատճառներով, Կարտեսականութիւնը լայն հաւանութեան չարժանացաւ։ Թէպէտ «Հէնրի Մօր»-ը (Անգլերէն՝ Henry More) սկիզբը կը հակէր իր վարդապետութեան, սակայն Տէքարթի նկատմամբ անոր փոխուող վեեւաբերմունքը կ՛ատրացոլէր երկրին վերաբերմունքը․ «Արագ ընդունում, աճող կասկածով լուրջ քննում, վերջնական մերժում»։

Յիշարժան Կարտեսականներ

Խմբագրել
 
Փիլիսոփայութեան Նախատարրերքը․ 1685

 - Անթուան Արնօ (Ֆրանսերէն՝ Antoine Arnauld): - Պալթազար Պէքքըր (Հոլանտերէն՝ Balthasar Bekker)։ - Թոմազօ Քանփայլլա (Իտալերէն՝ Tommaso Campailla)։ - Եօհաննէս Քլաուպէրկ (Գերմաներէն՝ Johannes Clauberg)։ - Միքէլանճէլօ Ֆարտէլլա (Իտալերէն՝ Michelangelo Fardella)։ - Անթուան Լը կղան (Ֆրանսերէն՝ Antoine Le Grand)։

- Ատրիան Հիղըպուրտ (Հոլանտերէն՝ Adriaan Heereboord)։

- Նիքօլա Մալըպրանշ (Ֆրանսերէն՝ Nicolas Malebranche)։

- Ֆրանսուա Փուլան Տը Լա Պաղ (Ֆրանսերէն՝ François Poullain de la Barre)։

- Էտմօն Փուղշօ (Ֆրանսերէն՝ Edmond Pourchot)։

- Փիէր-Սիլւան Րէժիս (Ֆրանսերէն՝ Pierre-Sylvain Régis)։

- Հէնրիքըս Րէյխիըս (Հոլանտերէն՝ Henricus Regius)։

- ժաք Րօհօ (Ֆրանսերէն՝ Jacques Rohault)։

- Քրիստոֆըր Ուիթիխ (Հոլանտերէն՝ Christopher Wittich)։