Կեղծ Ուտելիքներու Ցուցահանդէս
Կեղծ Ուտելիքներու Ցուցահանդէսը իւրայատուկ է Ճափոնի մէջ բազմաթիւ ճաշարաններու, որոնք կեղծ ուտելիքներ եւ ճաշեր կը դնեն իրենց ցուցափեղկերուն մէջ` իրենց ճաշացուցակը ներկայացնելու համար (Անոնց մօտ կը նշուի նաեւ գինը):
Նպատակ
ԽմբագրելԱյս ցուցադրութեան նպատակն է յաճախորդներուն ուշադրութիւնը գրաւել, յատկապէս` օտար զբօսաշրջիկներուն, որոնք ճափոներէն կարդալ չեն գիտեր: Այս սովորութիւնը սկսած էր 1930-ական թուականներուն, երբ տակաւին շատ նկարներ չէին առներ:
Յատուկ գործարաններ
ԽմբագրելՃաշարանները իրենց կեղծ ուտելիքները կ'ապսպրեն յատուկ գործարաններու:
Ուտելիքի մը կեղծ օրինակը ճափոներէն կը կոչուի սամփուրա, որ կը նշանակէ «օրինակ»: Այս օրինակներուն մեծ մասը միակ օրինակներ են, որովհետեւ անոնք կը ներկայացնեն մէկ ճաշարանի մը մէջ առաջարկուած ճաշի մը շատ իրապաշտ օրինակը:
Ցուցահանդէս
ԽմբագրելՃափոնի մէջ կեղծ ուտելիքի գլխաւոր գործարանը` «Քաուասաքի», իր աշխատանքը կը ցուցադրէ մայրաքաղաք Թոքիոյի մեծ առեւտրական կեդրոններէն մէկուն մէջ: Այս միակ անգամուան համար այդ ճաշերը չեն ապսպրուած ճաշարաններու կողմէ: Անոնք գործաւորներուն կողմէ ստեղծուած արուեստի գործեր են:
Պատրաստութիւն
ԽմբագրելՃաշի օրինակները ձեռքով կը շինուին: Ժամանակին անոնք կը շինուէին մոմով: Այժմ անոնք յաճախ կերպընկալով կը պատրաստուին: Առաջին հերթին իւրաքանչիւր բաղադրութեան նիւթ կը ձեւաւորուի կաղապարի մը միջոցով, ապա սամփուրուները կը ներկուին եւ կը փայլեցուին: Ըստ գործարանի պատասխանատուին, եփուած ուտելիքները շատ աւելի դիւրին են վերաստեղծել, մինչ հում ուտելիքներուն, ինչպէս` բանջարեղէններուն կամ թարմ ձուկին, պատրաստութիւնը շատ աւելի դժուար է, անոնց գոյները եւ յատկապէս փայլքը ներկայացնելը խրթին աշխատանքի կը կարօտի[1]: