Կենսագրութիւն[1]մարդու կեանքի նկարագրութիւն, որ կատարուած է ուրիշներու կողմէ կամ ինքնին (ինքնակենսագրութիւն).

Կենսագրութիւնը կը ներառէ ոչ միայն կեանքի հիմնական փաստերը, ինչպիսիք են ծնունդը, ծագումը, կրթութիւնը, ծառայութիւնը, աշխատանքը, ընտանեկան յարաբերութիւնները եւ մահը; այն նաեւ կը պատկերացնէ մարդու փորձառութիւնը իր կեանքի իրադարձութիւններու ընթացքին: Ի տարբերութիւն պրոֆիլի կամ ինքնակենսագրութեան (ռեզիւմէ), կենսագրութիւնը կը ներկայացնէ սուբյեկտի կեանքի պատմութիւնը, ընդգծելով իր կեանքի տարբեր կողմերը, ներառեալ անձնական մանրամասնութիւնները, եւ կրնայ ներառել սուբյեկտի անձի վերլուծութիւն:

Միջնադարին հիմնականին մէջ կը գրէին սրբերու կամ սրբերու շարքը դասուող մարդոց կենսագրութիւնը, որ յայտնի է վարքագրութիւն անունով (օրինակ, Կորիւն «Վարք Մաշտոցի»

Արդի հասկացութեամբ կենսագրութիւնը առաջացած է 18-րդ դարուն եւ զարգացած 19-րդ դարուն։ 20-րդ դարուն անիկա ձեւաւորուած է իբրեւ գեղարուեստական գրականութեան ժանր (Ռ. Ռոլան, Ս. Ցվեյգ, Ա. Մորուա

Կենսագրական գործերը սովորաբար չեն հանդիսանար գեղարուեստական գրականութիւն, բայց գեղարուեստական գրականութիւնը եւս կրնայ օգտագործուիլ մարդու կեանքը պատկերացնելու համար: Կը հանդիպի տարբեր զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու մէջ, գրականութենէն մինչեւ կինո, կը կազմեն ժանր մը, որ յայտնի է որպէս կենսագրութիւն:

Կենսագրութիւնը կը հանդիսանայ առաջնային սոցիոլոգիական տեղեկատուութեան աղբիւր, որ կ'արտօնէ որոշել անձի հոգեբանական տիպը իր պատմական, ազգային եւ սոցիալական պայմանաւորուածութեան մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Aucher Paschal (1868)։ A Dictionary English and Armenian By Father Paschal Aucher with the assistance of John Brand Esqre (հայերեն)։ Printed at the Press of the Armenian Academy of S. Lazarus