Կեչառիսի Խաչքարեր

(Վերայղուած է Կեչառիսի Խաչքար-էն)

Կեչառիսի վանքին մէջ կան Ժբ.-Ժգ. դարերէն մնացած բազմաթիւ խաչքարեր, որոնք գունագեղութիւն կը հաղորդեն վանքային համալիրին՝ դառնալով անոր բաղկացուցիչ տարրերը։ Համալիրին կարեւոր կառոյցներէն է Վեցիկ ճարտարապետին մահարձան-խաչքարը (Ժգ. դար), զոր կանգնեցուցած են անոր ճարտարապետ եղբայրները[1]։

Խաչքար մըն ալ պահպանուած է վանական համալիրին հարաւային մասին մէջ գտնուող Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ (1203-1214),որ եկեղեցիներէն ամենաշքեղն է[2]:

Ժբ. դարէն սկսեալ հանդէս եկած են խմբական խաչքարերը։ Անոնք երբեմն կանգնեցուած են մէկ ընդհանուր կամ քով-քովի դրուած պատուանդաններու վրայ։ Կարգ մը պարագաներու խաչքարերը կանգնեցուած են հանգուցեալներու յիշատակին խումբ մը մարդոց կողմէ, ինչպէս է պարագան Հաւուց Թառի եւ Կեչառիսի մէջ[3]:

Կեչառիսի խաչքարերով յուշադրամ

Խմբագրել

Յուշադրամին մէկ կողմի կեդրոնը կը գտնուի Կեչառիսի վանական համալիրին մէջ գտնուող խաչքարերէն մէկուն մանրակերտը: Մանրակերտին շուրջ պատկերուած են խաչեր եւ Կեչառիսի վանական համալիրը: Ձախ եզրագիծով «ԿԵՉԱՌԻՍԻ ՎԱՆՔ Ժբ.» եւ աջ եզրագիծով` «KECHARIS MONASTERY XII CENTURY» մակագրութիւններն են, իսկ վարը՝ յուշադրամին հրատարակման տարին`«2011»:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել