Կիւմիւշեան Վարժարան

Սարգիս Կիւմիւշեան Վարժարան, հիմնուած է Կեսարիոյ մէջ 1868 թուականին։

Հիմնումը

Խմբագրել
 

Կը գտնուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ բակը եւ կը նկատուի նոյն թաղին ծխական վարժարանը։ Դանիէլ եւ Յովհաննէս Կիւմիւշեան եղբայրներ կը հիմնեն այս վարժարանը ի յիշատակ իրենց հօր Սարգիս Կիւմիւշեանին։

Կիւմիւշեաններուն շինած շէնքը միայարկ, պարզ սրահ մը ըլլալուն, աշակերտութեան նեղ գալով, անոր վրայ աւելցուած են մասեր։ Ժամանակի ընթացքին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին շրջապատուեցաւ դպրոցական շէնքերով, որոնք իրեն հետ միատեղ տարածուած էին 2207 ք. մէթրի վրայ։

Կիւմիւշեան Վարժարանը՝ ուր յաճախող տղաքը առհասարակ աղքատ դասակարքի կը պատկանէին ժողովուրդը կը կոչէր «նալինլի մէքթէպ», քանի որ աշակերտները դպրոց կ՚երթային երսանկներով։

Ծրագիրը

Խմբագրել

Մինչեւ 1880ականներ վարժարանը ունեցած է նախնական ուսուցման դրութիւն մը, սակայն աւելի վերջ հանդիսացած է Կեսարիոյ լայագոյն վարժարանը։

Կիւմուշեան Վարժարանի մէջ քիչ շատ արդիական ոգի ներմուծող դէմքը եղած է Դանիէլ Սարաֆեան։

Թաղականները՝ չնչին վարձքով մը զինքը վարժապետ կարգած ատեն իրմէ պահանջեր էին թուաբանութեան չորս գործողութիւնները կատարելու եւ Աւետարանը թարգմանելու չափ հայերէն սորվեցնել թաղին տղոց։ Իսկ ան խոստացած է Կիւմիւշեան Վարժարանը Կեսարիոյ առաջնակարգ վարժարանը ընել։ Արդարեւ երկու տարուան մէջ աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ 300էն մօտաւորապէս 700-ի։

Իսկ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն յետոյ, Կիւմիւշեան Վարժարանն ալ ստացաւ նոր փայլ մը։ Այս թուականին վարժարանը ունէր հետեւեալ ուսումնական բաժանումները. ծաղկոց (երեք տարի). նախակրթարանի վեց դասարաններ եւ լրացուցիչ (երկու տարի)։ Ծաղկոցն ու նախակրթարանի առաջին երեք կարգերը բաւական խճողուած էին։ Ուսման ծրագիրը Կեդրոնական Ուսումնական Խորհուրդի որդեգրած նախակրթարանի նիւթերուն վերամշակումն էր։ Հայերէնի եւ թուաբանութեան դասերուն լայն տեղ յատկացուած էր։

Վարժարանին մէջ հայերէն խօսիլը պարտաւորիչ էր։ Առաջին տարիէն իսկ հոգ կը տարուէր որ տղոց ականջները լեցուին մայրենի լեզուին բառերով։ Միջին դասարաններու մէջ տղաքը բաւական իւրացուցած կ՚ըլլային հայերէնը եւ լրիւ կը հասկնային ինչ որ կը պատմուէր իրենց դասի ընթացքին։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Դպրոցը Անցեալէն Դէպի Այսօր, Հրատարակութիւն՝ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի , Պոլիս, 2017
  • Արշակ Ալպօյաճեան, «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ», Գահիրէ, 1937
  • Houshamadyanի կայք էջ (թուայնացուած բաց արխիւ)[1]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել