Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական ժողով
Կոստանդնուպոլսոյ ժողովը գումարուած է 381 թուականին, 150 Հայրապետներու մասնակցութեամբ եւ քննեց «Սուրբ Հոգիին» մասին Մակեդոնի վարդապետութիւնը, որ կ'ուրանար Ս. Հոգիին աստուածութիւնը եւ հաւասար ու համագոյ ըլլալը Հայր Աստուծոյ հետ[1]:
Կ. Պոլսոյ 381-ի ժողովին Հռոմի Եկեղեցին եւ ողջ Արեւմուտքը ոչ մէկ ներկայացուցիչ ունեցած են, սակայն այդ ժողովի Տիեզերական հեղինակութիւնը բոլոր Եկեղեցիները ճանչցած են։ Ժողովը Տիեզերական կոչուելու համար վճռական պայման մը չէր, որ կայսրը կամ Հռոմի Պապը վաւերացնէր զայն[2]։