Վասպուրական Լեռնաշղթայ

Վասպուրական Լեռնաշղթայ կամ Կոտուր Զագրոշեան Լեռնաշղթայ, սկիզբ կ՛առնէ Թոնտուրէկէն, ուղղուելով դէպի հարաւ կանգ կ՛առնէ Սուրովա գագաթի մօտակայքը։ Սուրովայէն սկիզբ կ՛առնէ Զագրոշեան լեռնաշղթան, որ կ՛ուղղուի դէպի հարաւ, հարաւ-արեւելք ու կը հասնի մինչեւ Թալիշի լեռներու մօտակայքը։ Լեռնաշղթայի արեւմտեան մասը կը կոչուի Սալմաստ, իսկ կեդրոնական մասը՝ Ղարատաղի լեռներ։ Բնութիւնը վայրի է եւ ունի նշանաւոր լեռնանցքներ որոնցմէ են՝

Երկարութիւնը մօտ 120 քմ է, միջին բարձրութիւնը՝ 2800-2900 մ, առանձին գագաթներ կ՛անցնին 3200 մ-էն (Հաճի պէյ, 3292 մ, Աւրին, 3623 մ)։ Լանջերը խիստ մասնատուած են, նշանաւոր է Կոտուր գետի միջանցիկ խոր հովիտը, որմով կ՛անցնի Վան-Թաւրիզ երկաթուղին։ Վասպուրականի լեռները կազմուած են կաւիճի ժամանակաշրջանի կրաքարերու եւ մերգելներու ծալքաւոր եւ խզումներով բեկորազատուած շերտախումբերէ, որոնց մէջ նեդրուած են գերհիմքային ապարներու զանգուածներ։ Նախալեռնային գրաբենային իջուածքները (Բերկրիի, Արճիշակի) լեցուած են ծովային եւ չորրորդականի լճագետային հզօր նստուածքներով։ Վասպուրականի լեռներու յօրինուածական կառուցուածքը կը պայմանաւորուի անոր անհամաչափական ձեւարութեան՝ արեւմուտքը՝ խզումնային զառիթափ աստիճանաւոր, արեւելքը՝ միաթեք լանջերով։

Կլիման ցամաքային է, ցուրտ ձմեռներով եւ շոգ ամառներով։ Տարեկան տեղումները՝ 100-500 մմ։ Տեղումներու առաւելագոյնը կ՛ըլլան գարնան։ Վասպուրականի լեռներուն բնորոշ է լանդշաֆտներու բարձունքային գօտիականութիւնը, տարածուած են տափաստանները, մերձալպեան եւ ալպեան մարգագետինները։ Գետահովիտներուն մէջ կը հանդիպին պուրակային տեսակի անտառներ եւ ֆրիգանայ։ Օգտակար հանածոները չէն ուսումնասիրուած։

Աղբիւրներ Խմբագրել