Կուղբ, կրծողներու կարգի կաթնասունի՝ կաթով սնող եւ կաթ սնուցող, կենդանի է:

Կուղբերը կ'ապրին անտառային հանդարտ գետերու գետնափոր բուներու մէջ: Անոնց մարմինը ծածկուած կ'ըլլայ մետաքսանման խիտ աղուամազերով․ անոր երկարութիւնը կը հասնի մինչեւ 100 սմ.ի: Պոչը տափակ է եւ կը հաշուէ 30 սմ.: Անոն կրնան ըլլալ շաքանակագոյն, մութ սրճագոյն կամ սեւ:

Կուղբերը կրնան առուակներու մէջ ամբարտակներ շինել, անտառի մէջ ջրանցքներ բանալ եւ վարպետ փայտահատի նման հաստ ծառերը կտրտել եւ հիւղակ շինել: Այս կենդանիները ճիւղերով եւ գետնի ցեխով կը շինեն ամբարտակներ, որոնք կանգուն կը մնան նոյինսկ երբ առուակներուն ջուրերը յորդին:

Ամբարտակի կեդրոնը, լճակի մէջտեղի մասին մէջ կը գտնուի կուղբի հիւղակը, որ նոյնպէս շինուած կ'ըլլայ ճիւղերով եւ ցեխով: Հիւղակի բարձրութիւնը կը հասնի մինչեւ 2 մեթրի, տրամագիծ ունենալով՝ 3 մեթր եւ աւելի:

Այս շինարար կենդանիները իրենց հիւղակին մուտքը կը շինեն այնպիսի ձեւով մը, որ անոր մուտքը միշտ ջուրի տակ ըլլայ եւ ո'չ մէկ օտար չկարողանայ հոն մտնել: Անոնք իրենց հիւղակին մէջ կը հանգստանան ցերեկին եւ երեկոյեան կ'երթան փայտ բերելու[1]:

Կուղբերը ծառը կը կրծեն իր ամէն կողմերէն, ապա կը տապալէ զայն: Ետքը կ'առանձնացնէ ճիւղերը, կրծելով մի քանի մասի կը բաժնէ բունը, կը մտնէ լճակը եւ կ'ուղղուի դէպի իր հիւղակը: Ձմեռը երբ սառի լճակի ջուրը, կուղբերը կը նստին իրենց տաք հիւղակին մէջ եւ կը կրծոտեն ծառի կեղեւները: Կուղբերը շատ աշխատասէր կենդանիներ են, երբ լճակի ափին ծառ չմնայ, անոնք դէպի անտառի խորքը մինչեւ 100 մեթր երկարութեան հասնող ջրանցքներ կը փորեն, ծառերուն հասնելու համար:

Կուղբերը, շատ մը այլ կենդանիներու նման, 3-4 ձագերու ծնունդ կու տան: Ձագերը մէկ կամ երկու օր ետք արդէն կը լողան:

Կուղբերը կ'ապրին մինչեւ 35 տարեկան: Ներկայիս կուղբի որսը արգիլուած է: Կուղբը Գանատայի խորհրդանիշներէն մէկն է. ան հետեւողական աշխատանք կը խորհրդանշէ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Müller-Schwarze Dietland, Sun Lixing (2003)։ The Beaver: Natural History of a Wetlands Engineer (Անգլերէն)։ Cornell University Press։ ISBN 978-0-8014-4098-4 
  2. Կուղբ