Կումայրիի Պազիլիք Եկեղեցի

Կումայրիի Պազիլիք եկեղեցի, Պազիլիք եկեղեցի Հայաստանի պատմական Կումայրի քաղաքին մէջ։ Եկեղեցւոյ կառուցումը կը վերագրուի VII դարուն։ Եկեղեցին ունեցած է մէկ գմբէթ։[1]։

Կումարիի Պազիլիք Եկեղեցի

Եկեղեցին կը գտնուի «Կումայրի» տուրիստական հանգրուանի բակին մէջ։ Պահպանուած է եկեղեցւոյ միայն հիմքը եւ որոշ քանդակազարդ քարեր։[2]։

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել
 
Եկեղեցւոյ Հատակագիծը

Պեղումներով բացուած Կումայրիի եկեղեցին (VII դարու վերջ) ունի քառամոյթ գմբեթաւոր պազիլիքի հորինուածք։ Քառակուսաձեւ աղոթասրահը արեւելքին մէջ կ՝ աւարտէ բեմի պայտաձեւ հատակագիծ ունեցող աբսիդով, որու երկու կողմը կը գտնուին ուղղանկիւն աւանդատները։ Գմբէթը բարձրացած է ընդհանուր կառուցուածքի կեդրոնին մէջ։ Հիւսիսային ճակատէն բացուող միակ դուրը ունի զոյգ կիսասիւնիկներով շքամուտք։ Արեւելեան ճակատը մշակուած է սեղանաձեւ հատակագիծով երկու «հայկական խորշով»։ Կենտրոնագմբեթ կառուցուածքներուն բնորոշ համաչափութիւններ եւ գմբէթի տեղադրութիւն ունեցող այս եկեղեցին Հայաստանի վաղ միջնադարու նոյնատիպ յուշարձաններու ամենաուշ օրինակն է։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։