Կուսակցութիւն
Բացատրութիւն
ԽմբագրելԿուսակցութիւն մը կազմակերպուած ամբողջութիւնն է քաղաքական կամ ընկերային միեւնոյն ուղութիւնը եւ միեւնոյն առաջդրանքները ունեցող մարդոց։ Ազգային, քաղաքական թէ ընկերային-տնտեսական մեծ ծրագիրներ կարելի չէ իրականացնել իրարմէ անջատ եւ իրարմէ անկախ աշխատող անհատներու ցրուած ճիգերով։ Ահա թէ ինչո'ւ հիմնական միեւնոյն նպատակներն ու գործելակերպը բաժնող անհատները քով քովի կու գան, կը կազմակերպուին, կը համադրեն իրենց ճիգերը, հնարաւորութիւններն ու միջոցները՝ միասնաբար հասնելու համար իրենց հաւաքական առաջադրանքներուն։ այս ձեւով է որ կը կազմուին կուսակցութիւնները։
Պարզ է, անշուշտ, մեկնակէտը կ'ըլլայ միշտ՝ որոշ իտէալ մը ունեցող գաղափարապաշտ ուժեղ անհատ մը կամ ընկերային-քաղաքական յստակ տեսլականի մը իրականացման ձգտող նուիրեալներու կորիզ մը, որոնք իրենց շունչով եւ հաւատքով կը վարակեն բազմութիւնները, անհատներու ամբողջիւթեան մը կուտան կազմակերպական կառոյց, իրագործելի հստակ առաջադրանքներ եւ, իրենց իսկ նուիրումով, օրինակ կը ծարայեն բոլորին։ Եթէ առաջադրանքը ժամանակաւոր է կամ հետապնդուած նպատակը ոչ հիմնական, կազմակերպութիւնը ժամանակի ընթացքին ինքնաբերաբար կը քայքայուի, մանաւանդ հիմնադիր կամ առաջնորդող անհատներու մահէն ետք։ Իսկ երբ նպատակները հիմնական են, ունին գաղափարական ուժեղ խարիսխ եւ համավարակ բնոյթ, կուսակցութիւնը կը գոյատեւէ եւ կը բարգաւաճի՝ նաեւ հիմնադիրներու մահէն շատ ետք։
Ծրագիրներ
ԽմբագրելԻւրաքանչիւր կուսակցութիւն կ'ունենայ իր ծրագիրը։ Ծրագիրը կուսակցութեան անդամներուն գաղափարական առաջնորդն է, կուսակցութեան հիմնական առաջադրանքներուն եւ հետապնդաց նպատակներուն տեսական եւ պատճառաբանուած բանաձեւումը։ «Որոշ պահանջների յայտագիր եւ որոշ մտածումի յայտարար»։
Կանոնագիր
ԽմբագրելԻւրաքանջիւր կուսակցութիւն կ'ունենայ նաեւ իր կանոնագիրը, որ կազմակերպական կանոններու ամբողջութիւնն է։ Կանոնագիրն է որ կը ճշդէ կուսակցութեան անդամներու պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները, ընդհանուր կերպով՝ գործելու եւ վաուելու եղանակը, անհատ անդամներո եւ անոնցմէ ընտրուած մարմիններու փոխ-հարաբերութիւնները, ժողովական կադգ-կանոնը եւայլն։
Անհատին մասնկացութիւնը կուսակցութեան մը չի կրնար ըլլալ պարտադիր, այլ միայն ինքնական։ Գիտակցօրէն եւ ազատ ընտրութեամբ կատարուած ինքնական այդ մասնակցութիւնը, սակայն, եթէ անկեղծ է, կ'ենթադրէ ամբողջական engagement մը՝ որոշ մարզերու մէջ զոհելու իր անհատական եսը, զայն միաձուլելու համար յստակ առաջադրանքներով գործող կազմակերպութեան մը հաւաքական եսին հետ։ Կուսակցութեան մը անդամներուն անհատական վարմունքի եւ գործելակերպի ազատութեան ինքնապարտադիր այդ սահմանափակումը՝ այդ կուսակցութեան ոյժն իսկ է։
Արդ, ուրեմն, կոսակցութեան մը անդամակցելու համար հարկ է ամէն բանէ առաջ անկեղծօրէն հաւատացող ըլլալ անոր նպատակներուն եւ առաջադրանքներուն,- այսինքն՝ իւրացնել այդ կուսակցութեան գաղափարական աշխարհը բանաձեւող ու մտածելակերպը տարազող ծրագիրը։ Ապա նաեւ նոյնքան անհրաժեշտ է ճանչնալ եւ ընդունիլ անոր կազմակերպական կառոյցը պայմանաւորող կանոնները, անհատ անդամաներու, մարմիններու եւ ժողովներու փոխադարձ պարտաւորութիւններն ու իրաւասութիւնները,- մէկ խօսքով առաջնորդուիլ այդ կուսակցութեան կանոնագրով։ Ասով իսկ՝ անհատը ընդունուած կ'ըլլայ կազմակերպութեան հաւաքական տրամադրութիւննեէրը- ժողովներու եւ մարմիններու որոշոմներով արտահայտուող—գերադասել իր անհատական տրամադրութիւններէ՝ հաուանական որեւէ հակադրութեան պարագային։ Ան կը դարնա կուսակցութեան մարդ՝ բառին գաղափարական ( ծրագիր, մտածելակերպ) եւ կազմակերպական ( կանոնագիր, որոշումներու ենթակայութիւն) կրկնակ բովանդակութեամբ։
Եւ ընդհանրապէս կուսակցութիւնները այսպէս է որ կը պայմանաւորեն անհատ թեկնածուներու ընդունելութիւնը իրենց կազմէն ներս։ ենթական պէտք է իրը ընէ կուսակցութեան ծրագիրը, ենթարկուի անոր կանոնաքրին եւ կատարէ կազմակերպական պատկան միաւորներուն կողմէ իր վրայ դրուած նիւթական եւ բարոյական պարտականութիւնները։ Նիւթական պարտաւորութիւնները կը կազմեն ընդհանուր հատկանիշ՝ կազմակերպուած բոլոր հաւաքականութիւններուն համար, իսկ բարոյական պարտաւորութեանց հրամայականը կարեւոր չափով փոփոխական է՝ ժողովական պարզ ներկայութենէն մինչեւ զոհողութեան եւ զոհաբերութեան ծայրագոյն աստիճանները, նաեած տըւեալ կուսակցութեան գաղափարական ուժին, առաջադրանքներուն եւ աւանդութեանց։
Այսքան։ Ընդհանուր առմամբ, կուսակցութիւնները այլ պահանջ չեն ունենար իրենց անդամներէն։ Եւ ի մասնաւորի՝ անդամներու զուտ անհատական կեանքը, խառնուածքը, անձնական թէ հանրային բարոյական ըմբրնումները, նկարագրային գծերը, արտակուսակցական հարցերու մէչ անոր կեցուածքն ու վարուելակերպը ընդհանրապէս նկատի չեն առնւիր։ Կամ նկատի կարնւին մասնիկի կերպով եւ բացառիկ պարագաներու միայն՝ երբ անհատի նկարագրին այս կամ այն հատկանիշը, անոր մարդկային այս կամ այն տկարութիւնը կրնան զինք ոչ պիտանի դարձնել կուսակցական որոշ առաջադրանքի մը իրականացման մարզին մէջ, պատճառ հանդիսանալ մասնաւոր ծրագրի մը ձախողութեան, հրապարակային գայթակցութեան մը եւ, ատով իսկ, վնասել կազմակերպութեան վարկին։ Ան առհասարակ, սակայն, անձնական խարնուածքի եւ վարմունքի նման հատկանիշներ անհատին կազմակերպութեան անդամ լինել թէ չլինելը չեն պայմանաւորէր[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Հրաչ Տասնապետեան|Ո՞վ Է Դաշնակցականը|5,6,7,8