Կուրծքի Կաթը
Կուրծքի Կաթը Եւ Կենսամանրէն Կուրծքի կաթը տասնամեակներ շարունակ բժիշկներու եւ հետազօտողներու կողմէ զուտ ու անարատ հեղուկ մը համարուած է: Սակայն գիտական զարգացումները ցոյց տուած են, որ մարդու կաթը մանրէներու մեծ տեսականի կը պարունակէ[1]:
Մարդու Կաթէն Մեկուսացուած Պաքթերիաներ
ԽմբագրելՄարդու կաթէն մեկուսացուած պաքթերիաներու մեծ մասը կը պատկանի Staphylococcus, Streptococcus, Lactobacillus, եւ Bifidobacterium ազգիներուն: Որովհետեւ սովորական նորածինը ամէն օր կը սպառէ միջին հաշուով 800 միլիլիթր (մլ) կաթ, հետազօտողները կ’ենթադրեն, որ ան միաժամանակ կը սպառէ 100,000-10,000,000 պաքթերիա ամէն օր:
Մարդու կուրծքի կաթին մէջ առկայ պաքթերիաներու ծագումը անյայտ է: Այնուամենայնիւ, ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ անոնց առկայութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է նախածննդեան շրջանին հետ, որ կը սկսի յղիութեան երրորդ եռամսեակին եւ կը շարունակուի ծնունդէն ետք, ու կ'երկարի դիեցման ամբողջ շրջանին: Կուրծքի կաթի կենսամանրէի ենթադրուած ծագումներէն են մօր մաշկի կենսամանրէն, նորածինի բերանի խոռոչէն` ծծելու ընթացքին, ինչպէս նաեւ մօր ստամոքս-աղիքային համակարգէն, որ կապուած է նաեւ մօր կուրծքին: Կուրծքի կաթի ազդեցութիւնը մանուկին կենսամանրէին զարգացման վրայ
Ծննդեան պահուն նորածինի կենսամանրէն սահմանափակ է եւ հիմնականօրէն բաղկացած Enterobacteriaceae տեսակէ: Շարք մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ նորածիններու ստամոքս-աղիքային ճամբայի մանրէներու կանուխ գաղութացման տատանումները կրնան նպաստել տարբեր հիւանդութիւններու ե՛ւ կարճաժամկէտ, ե՛ւ երկարաժամկէտ վտանգներուն` ինչպէս celiac disease-ը եւ աղիքներու բորբոքային հիւանդութիւնը կամ համախտանիշը: Ապացուցուած է, որ մանկութեան ժամանակ կենսամանրէի պատշաճ «սերմացումը» կը նուազեցնէ ազմայի, ալերժիի եւ նոյնիսկ որոշ ինքնադիմադրողական հիւանդութիւններու վտանգը:
Բացի այն ներմուծումէն, որ կը կատարուի կուրծքի կաթէն նորածիններու ստամոքս-աղիքային ճամբայ, կուրծքի կաթը բաղկացած է նաեւ կենսական այլ տարբեր նիւթերէ, որոնք կը նպաստեն մանուկին կենսամանրէին զարգացման: Աւելի յստակ ձեւով, մարդու կուրծքի կաթը բաղկացած է կլիքաններէ, սպիտակուցներէ եւ ճարպային գնդիկներէ: Ասոնցմէ ամենաուշագրաւը Human Milk Oligosaccharides-ն է (HMOs) (շաքարեղէնի տեսակ մը): Մինչ օրս աւելի քան 200 տարբեր HMO-ներ յայտնաբերուած են մարդու կուրծքի կաթին մէջ, եւ անոնք կը սահմանուին որպէս խիստ բարդ կլիքաններ:
Որովհետեւ HMO-ները դիմացկուն են վերին աղեստամոքսային ճամբային մէջ տեղի ունեցող էնզայմներու լուծարման, այս կենսական նիւթերը յաջողութեամբ կը հասնին աղիքներու լորձաթաղանթ` որպէս ներուժի աղբիւր տարբեր պաքթերիաներու, որոնց կարգին է Bifidobacteria-ները: Այսպիսով, HMO-ները մարդու կուրծքի կաթին մէջ կարեւոր դեր կը խաղան նորածիններու աղիքային կենսամանրէի զարգացման գործընթացին մէջ` նպաստելով այս էակներու բարեկեցութեան:
Նորածիններու դիմադրողական համակարգի զարգացման գործին մէջ էական դեր ունի նաեւ կուրծքի կաթէն հակամարմիններու փոխանցումը նորածինին: Մասնաւորապէս, վերջին ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ IgA-ները, ինչպէս նաեւ անոր ենթաբաժանումները, որոնք յայտնաբերուած են կուրծքի կաթին մէջ, կարեւոր դերակատարութիւն ունին IgG հակամարմիններու նպաստելու` նորածիններու կենսամանրէն կարգաւորելու եւ վնասակար մանրէները յայտնաբերելու ու վերացնելու մէջ: