Համազգեաց Ընկերութիւն

19րդ դարու կէսին կրթական գործին զարկ տալու նպատակով Պոլիսէն սկսեալ, գաւառներու մէջ կը հիմնուին կրթանուէր ընկերութիւններ, որոնց առաջնահերթ խնդիրը կ՚ ըլլայ հայկական գաւառներու մէջ ժամանակի պահանջներուն յարմար դպրոցներ բանալ:


Համազգեաց Ընկերութիւնը հիմնուած է 1846ին Պոլիս, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի նախաձեռնութեամբ: Ընկերութեան նպատկներն էին՝

1- Հասնիլ՝ համազգային միասնականութեան եւ միաբանութեան

2- Գիրքեր հրատարակել

3- Գիւղերու, քաղաքներու մէջ դպրոցներ հիմնել մանչերու եւ աղջիկներու համար,

4- Ազգին մէջ ծաղկեցնել երկրագործութեան արուեստը,

5- Հաւաել եւ հետազօտել հայրենի հնութիւնները, հին գիրքերը, ձեռագիր մատեաններ, հին դրամները,

6- Նիւթեր հաւաքել կենդանիներու եւ բնական պատմութեան վերաբերեալ,

7- Եւրոպական վաճառականութեան օրէնքները տարածել ազգին մէջ,

8- Զարգացնել մետաղագործութիւնը: