Համակարգիչ եւ Ձայնագրութիւն


Համակարգիչ

Խմբագրել

Համարկագիչները հետզհետէ աւելի կարեւոր տեղ կը գրաւեն գրասենեակներու, տուներու եւ գործարաններու մէջ: Համակարգիչը ելեկտրոնիկ մեքենայ մըն է որ կ'արձանագրէ իրեն յանձնուած տուեալները, զանոնք կ'ամբարէ իր յիշողութեան մէջ եւ կը համակարգէ յայտագիր կոչուած հրահանգներու շարքի մը համաձայն:

  • Յայտագիր

Համակարգիչ մը ոչ մէկ օգտակարութիւն կ'ունենայ առանց յայտագրին որ իրեն ցոյց կու տայ թէ ինչ պէտք է ընէ տուեալներուն հետ: Յայտագիրներն ու տուեալները կը կոչուին նաեւ Software:

  • Յիշողութիւն

Յայտագիրնեն ու տուեալները կ'ամբարուին համակարգիչի յիշողութեան մէջ: Երկու տեսակ յիշողութիւն կայ. կրաւորական յիշողութիւն (ROM) որ կը պարուակէ մշտակայ տուեալները որոնք չեն կորսուիր երբ համակարգիչը մարենք. եւ գործօն յիշողութիւնը (RAM-Random Access Memory) որ շարունակ հաղորդակցութեան մէջ կը գտնուի կեդրոնական միաւորին հետ:

  • Նիւթեղէն Բաղկացուցիչները (Hardware)

Համակարգիչի մը նիւթեղէն բաղկացուցինչներն են. տուեալներու ներդրումի միաւոր մը (ստեղնաշար, մկնիկ, մանրաձայն...), մանրապրոցէսորներով (microprocesseur) կազմուած հաշուի միաւոր մը եւ արդիւնքներու ելքի միաւոր մը (պաստառիկ, տպիչ...):

  • Մկնիկ (mouse)

Տուեալներու ներդրումը տեղի կ'ունենայ ստեղնաշարի մը կամ մկնիկի մը միջոցաւ: Երբ մկնիկը կը տեղափոխենք, մէջը գտնուող գնդիկ մը կը թաւալի: Գնդիկը իր կարգին կը դարձնէ երկու փոքրիկ անիւներ: Անիւներուն շարժումին կը հետեւին ելեկտրոնիկ խցիկներ որոնք նետիկ մը կը տեղափոխեն պաստառիկին վրայ:

  • Լուսաւոր Մատիտ

Լուսաւոր մատիտի շնորհիւ կարելի է պաստառիկին վրայ գծել:

  • Ժայթքող Մելանով Տպիչ (Ink jet)

Տպիչ մը համակարգիչին աշխատանքին արդիւնքը թուղթի վրայ կը վերարտադրէ:

  • Պատկերագիր (Scanner)

Պատկերագիրը գործիք մըն է որ կ'ընդունի պատկերները եւ զանոնք կը փոխանցէ համակարգիչին:

  • Սկաւառակի ընթերցիչ

Տուեալներու արձանագրութեան ատեն, փոքրիկ ելեկտրամագնիս մը դաշտ կ'ամբարէ խտասկաւառակին վրայ: «Կարդալու» համար, ընթերցիչ մը կը վերծանէ այդ դաշտերը եւ կը վերստանայ տուեալները:

Ձայնասփիւռ եւ ձայնագրութիւն

Խմբագրել

Ձայնասփիւռը տեղեկութեան եւ զուարճութեան աղբիւր է: Ան մեզ տեղեակ կը պահէ վերջին իրադարձութիւններէն եւ այդ ձեւով աշխարհե կը ծանօթացնէ մեզի:

  • Ռատիոկայան

Ռատիոկայանի մը մէջ, հաղորդիչը ձայներ կ'արձակէ ալիքերու ձեւին տակ: Ռատիոյի ալեհաւաքը կ'ընդունի այդ ալիքները եւ զանոնք վերստին ձայնի կը վերածէ:

  • Ռատիոընդունիչ

Ռատիոընդունիչը տեղեկակիր ալիքներ կ'ընդունի: Կրնաս ընտրել անոնք որոնք քու նախասիրած կայանէդ կը բխին: Ընդունիչին ալեհաւաքը զանոնք կը վերածէ ելեկտրական նշաններու որոնք բարձրախօսին մէջէն անցնելով վերստին կը վերածուին ձայնի, նախապէս ուժեղացուցիչին մէջէն անցնելով:

  • Տեղեկակիր Ալիքներ

Ռատիոալիքները կը նմանին ծովու մակերեսի աիքներուն: Ձայները կ'ընդունուին մանրաձայնի մը կողմէ որ զանոնք ելեկտրական նշաններու կը վերածէ: Այդ նշանը կը փոխէ տեղեկակիր ալիքին ձեւը որ հաղորդիչին կողմէ կը սփռուի:

  • Բարձրախօս

Ելեկտրական նշանը կ'անցնի ուժեղացուցիչի մը մէջէն որ զայն կը զօրացնէ: Զօրացած նշանը կը հասնի բարձրախօսին ուր վերստին կը վերածուի ձայնի:

  • Մանրաձայն

Երբ ձայն մը իյնայ մանրաձայնին վրայ, զգայուն թաղանթ մը կը թրթռայ: Այդ թրթռացումը ձայները կը վերածէ ելեկտրական նշաններու:

  • Խտասկաւառակ (CD)

Խտասկաւառակին վրայ ձայնը արձանագրուած է միլիոնաւոր անտեսանելի խոռոչիկներու միջոցաւ որոնք կը ներկայացնեն թիւերու շարք մը: Ձայնը վերարտադրելու համար, ընթերցող լազերային ճառագայթը կ'անցնի խոռոչներուն վրայէն անոնց բովանդակութիւնը վերածելով ելեկտրական նշաններու: Ասոնք բարձրախօսին հասնելով՝ կը վերածուին ձայնի:

  • Ձայնագիր Գործիք

Ձայնագիր գործիք մը կրնայ ձայներ արձանագրել մագնիսական ձայներիզի մը վրայ եւ զանոնք վերարտադրել: Ձայներիզ մը՝ մետաղի շատ մանր հատիկներով ծածկուած ձգանիւթէ ճկուն ժապաւէն մըն է: Մանրաձայնէն եկող ելեկտրական նշանները կ'անցնին արձանագրող գլուխին առջեւէն եւ կը վերածուին մագնիսական նշաններու որոնք մետաղի հատիկները կը շարեն որոշ դիրքերու վրայ: Երբ արձանագրուած ձայներիզը անցնի ընթերցող գլուխին առջեւէն, մագնիսական նշանը նախ կը վերածուի ելեկտրականի եւ ապա ձայնի:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ 2001-2002 ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ'ԱՇԽԱՏԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM