Համաճարակ (epidemic), փոխանցիկ հիւանդութեան մը արագօրէն, մեծ տարողութեամբ, ակնկալուածէ աւելի մեծ թիւով մարդոց մէջ  եւ որոշ շրջանի մը մէջ  տարածումն է:

Համաճարակ

Երբ համաճարակը տարածուի որոշ երկիրէ մը  դուրս  այլ երկիրներ  եւ կամ ամբողջ աշխարհ ան կը կոչուի համավարակ, համաճարակ (pandemic): Ան կոչուած է նաեւ հանրավարակ[1]:

Համաճարակները կը պատահին հոն ուր նոր յարուցիչ ազդակ մը՝ ժահր մը կամ մանրէ մը անակնկալօրէն կը յայտնուի եւ ընկալունակ հաւաքականութիւն մը գոյութիւն ունի: Համաճարակի մը վնասները կախեալ են՝ յարուցիչ ժահրին կամ մանրէին ուժգնութենէն, ժողովուրդին ընկալութեան աստիճանէն, անոր դիմադրողականութեան, սննդառութեան, ֆիզիքական եւ հոգեկան իրավիճակէն,  յարուցիչի փոխանցման նոր միջոցներու եւ ձեւերու  յայտնաբերումէն եւ կանխազգուշական միջոցառումներու որդեգրումէն:

Համաճարակները շատ աւելի կը պատահին հոն ուր առողջապահական պայմաններ, բժշկական ծառայութիւն եւ խնամք չեն գտնուիր, մարդիկ  մեծ թիւով կ’ապրին նեղ միջավայրի մէջ եւ կը տառապին սովէ, անօթութենէ ու ըմպելի ջուրի պակասէ:

Զանազան մանրէական, ժահրային եւ մակաբուծային հիւանդութիւններու համաճարակներ եւ համավարակներ պատահած են դարերէ ի վեր աշխարհի չորս ծագերուն:

Համաճարակները եւ համավարակները յաճախ շատ աւելի մեծ թիւով մարդոց կեանքը խլած են քան թէ համաշխարհային պատերազմները[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել