Հայկ Պալեան
Դաշնակցական «խենթ» մը՝ ազգային եւ կուսակցական բազմավաստակ գործիչ Հայկ Պալեան 5 Մարտ 1927-ին հիմը դրաւ սեփական թերթի մը, որ կարճ ժամանակ «Փիւնիկ» անունով լոյս տեսնելէ ետք՝ վերջնականապէս մկրտուեցաւ «Ազդակ» եւ, իբրեւ այդպիսին, փառաւոր իր տեղը գտաւ հայ մամուլի ոսկեմատեանին մէջ։
Հայկ Պալեան |
---|
Երբ Հայկ Պալեան կը նախաձեռնէ «Ազդակ»-ի հրատարակութեան գործին, իր թիկունքին կ՛ունենայ քաջալերանքն ու գործնական աջակցութիւնը ՀՅԴ-ի Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին: Հայկ Պալեան կը գնէ «Նոր Փիւնիկ»-ին տպագրական գործիքները եւ տառերը, որոնք հետագային տարիներ շարունակ կը ծառայեն «Ազդակ»-ին:
Աղբիւրներ
Խմբագրել«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԳՐԱՇԱՐԱԿԱՆ ԵՒ ՏՊԱԳՐԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ
5 մարտ 1927. Լոյս աշխարհ եկաւ սփիւռքահայ մամուլի դրօշակիրներէն «Ազդակ» օրաթերթը Archived 2019-11-11 at the Wayback Machine.