Հայրենի մտաւորական-մշակութային մթնոլորտը 1920-1945 տարիներուն

Հայրենի մտաւորական-մշակութային մթնոլորտը 1920-1945 տարիներուն, 1920 - 1970 տարիներուն, հայրենի մշակութային կեանքը կ՛արձանագրէ իրագործումներ։ Յատկապէս համահայկական սպասումներու իմաստով, ան կ'ունենայ թերացումներ, կը ճանչնայ արգելքներ։

Հասատանի նոր ղեկավարները, համոզումով կամ հարկադրաբար, կը պահեն գաղափարական բնորոշ ժխտական կեցուածք՝ հանդէպ համահայկական կենսական մտահոգութիւններու, տնտեսում՝ արեւմտահայութեան կրած ցեղասպանական Եղեռնի իրողութեան, հրաժարում լեզուա-մշակութային միութեան հիմնաքար՝ հայերէնի ուղղագրութենէն։ Բայց միւս կողմէ՝ անոնք կ՛օգտուին շինականներու մեղմացումներէն ՝ ազատ շունչ մը տալու համար գրականութեան եւ այլ արուեստներու, որոնք պիտի արտադրեն «ձեւով ազգային, խորքով միջազգայնական» գործեր։

1930Էն ետք, ու մանաւանդ 1935–37–ին՝ խորհրդային վարչակարգի մենատիրական ոճը, կը հասնի իր գագաթնակէտին։ Հայրենի մտաւորականութեան ամենափայլուն դէմքերը կ՛ենթարկուին հալածանքի։ Գրագէտներ ու մշակոյթի գործիչներ կը սպաննուին կամ կը մահանան բանտի ու աքսորավայրերու մէջ։ Ուրիշ դէմքեր տարիներ կը կրեն հեռաւոր հիւսիսի անմարդկային պայմանները։

Բ. աշխարհամարտը որոշ արտօնութիւններ կը բերէ խորհրդային ժողովուրդներուն... զանոնք աւելի մարտունակ դարձնելու համար։ Հայրենի գրականութիւնը այդ պատերազմին շնորհիւ է, ու դժբախտաբար անոր հարիւր հազարաւոր զոհերուն փոխարէն, որ պիտի ունենայ շարք մը դրական արդիւնքներ, ուղղագրութեան մասնակի վերականգնումը, «Սասունցի Դաւիթ»ի դիւցազնավէպի ուսումնասիրութեան լրացումը, «Վարդանանք» վէպին պէս գործերու ստեղծումը։

1945֊Էն ետք, այդ ազատութիւնները քայլ առ քայլ ետ պիտի խլուին, եւ սարսափի նոր հնգամեակ մը պիտի չորցնէ ներշնչումները։ Բայց արդէն կու գան 50֊ական տարիները, եւ Ստալինի մահէն ետք աստիճանաբար մտաւոր կեանքի մթնոլորտը կրկին կը դառնայ շնչելի։

Քառասնամեակի աւարտին 1960֊ին, արդէն քաղաքական եւ մշակութային «սառցահալը» կու գայ. կը սկսին իմաստատրուիլ մինչ այդ ստեղծուած ազգային մշակոյթի էատարրերը։ Յիշելու համար գլխաւորները՝ Մատենադարան, ազգային-պետական Գրադարան, Հիմնարկներ, Գիտութիւներու Ակադեմիա, պետական երաժշտանոց, Շարժարուեստի Հիմնարկ (Հայկինօ). Գրողներու Միութիւն, եւն․։ Տակաւին դպրոցական ցանց տարրական պարտադիր ուսումի կիրարկումով, երբեմն որակաւոր պարբերական մամուլ (ինչպէս «Գրական Թերթ», «Պատմա-բանասիրական Հանդէս»/ բարձր տպաքանակով հրատարակութիւններ...

Անշուշտ օրաթերթային եւ պարբերական մամուլը մեծ մասամբ կը մնայ քարոզչական ու տկար։ 1960֊Էն ետք ան հազիւ պիտի կենդանանայ նոր շեշտերով ու նոր անուններով։ Նոյնը սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապին համար, որ 60֊ական տարիներէն ետք միայն, այդ անունը կրող Կոմիտէի ստեղծումով, իրականութիւն պիտի դառնայ՝ մասամբ։ Դրական երեւոյթ է զանգուածի աւելի մեծ մասնակցութիւնը երկրի մշակութային-գեղարուեստական կեանքին։ Բայց գրական-գեղարուեստակ անգործերուն դեռ կը պարտադրուին պետական-կուսակցական չափանիշները, որոնք գրաքննութեան հետ միասին կը ճնշեն, ջանալով հարթել ամէն որակ ու անհատականութիւն։