Հայ Եկեղեցւոյ Վարդապետական Առանձնայատկութիւնները

Հայ Եկեղեցւոյ որոշ առանձնայատկութիւններ, որոնք ունին դաւանաբանական եւ ծիսական տեսակէտներ, որպէս հետեւանք անոր պատմական կեանքին:

Ա.- Դաւանական Սկզբունքները

Խմբագրել

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ դաւանանքին, այսինքն՝ հաւատքին հիմքը, Աստուածաշունչն է, իր հին ու նոր կտակարաններով (այսինքն՝ Աւետարան,Գործք Առաքելոց, Առաքելական նամակներ եւ յայտնութեան գիրք):

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ դաւանանքին հիմը նոյն Աւետարանն է, որ մէկ ճշմարտութիւն եւ մէկ հաւատամք կը բովանդակէ, տարբեր եկեղեցիներու գոյութիւնը կարելի է բացատրել , որոնք ճանչնալով հանդերձ հաւատքին միեւնոյն աղբիւրը, իրարմէ կը տարբերին դաւանական սկզբունքներով:

Պատճառը կը կայանայ Աւետարանի ըմբռնումին եւ մեկնութեան մէջ: Եկեղեցիներ եւ համայնքներ իրարմէ կը տարբերին, որովհետեւ անոնք տարբեր ձեւով կը հասկնան, կը մեկնեն ու կ'ապրին Աւետարանին ճշմարտութիւններն ու պատգամները:

Աւետարանը Քրիստոնէական եկեղեցիները միացնող գետինը, իսկ Աւետարանի մեկնութիւնն է զանոնք իրարմէ բաժնող, նոյնիսկ հակադրող ազդակը կամ պատճառը:

Հայ Եկեղեցւոյ Սկզբունքը՝ Աւետարանի Մեկնութեան համար

Խմբագրել

Աւետարանի մեկնութեան գծով կան գլխաւոր երկու տեսակէտներ.-

ա.- Հին, ծիսական կամ աւանդապաշտ կոչուած եկեղեցիներուն տեսակէտը, որ Աւետարանի մեկնութիւնը կը դաւանի մասնաւոր հեղինակութեան մը կամ իշխանութեան մը առանձնաշնորհումը:

բ.- Նոր կամ Բարեկարգչական, այլ խօսքով բողոքական շարժումին տեսակէտը, որ Աւետարանին մեկնութիւնը բոլորովին ազատ կը ճանչնայ, զայն համարելով իւրաքանչիւր հաւատացեալ Քրիստոնեայի արդար իրաւունքը:

Իբրեւ Հին կամ Ծիսական եկեղեցի, Հայ եկեղեցին կ'ընդունի առաջին տեսակէտը, ըստ որուն Աւետարանի սկզբունքային մեկնութիւնը եւ հաւատամքը կամ դաւանանքի բանաձեւումը իրաւասութիւնն է Տիեզերական ժողովին: Ամէն Քրիստոնեայ ոչ միայն իրաւունք, այլեւ՝ պարտականութիւն ունի Ս. Գիրքը կարդալու, բայց ամէն մարդ անպայման չունի անհրաժեշտ իմացական, բարոյական եւ հոգեւոր հասողութիւնը զայն ուղղափառ կերպով ըմբռնելու եւ վերլուծելու: Ուստի, Հայ եկեղեցին կը հաւատայ, որ եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերն են, որոնք Ս. Հոգիի առաջնորդութեամբ եւ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, համախորհուրդ՝ կը բանաձեւեն Աւետարանին մէջ ամփոփուած ճշմարտութիւններուն բացատրութիւնն ու մեկնաբանութիւնը:

Ինչպէս կ'ըսէ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարք, «Միայն Տիեզերական ժողովներն են, որոնք իշխանութիւն եւ իրաւունք ունին Աւետարանին կամ Աստուածաշոունչին սկզբնական աղբիւրէն քաղելու, կամ նոյն նախնական նիւթէն կազմելու վարդապետութեան հիմնական կէտերը եւ զանոնք դաւանական որոշ եւ ճիշդ բանաձեւերու վերածելու»:Հաւատացեալը պարտաւոր է այդ բանաձեւումներուն եւ սահմանումներուն լոյսին տակ հասկնալ Աւետարանին պատգամները եւ ոչ թէ կամայական ու քմահաճ կերպով մեկնաբանել կամ գործադրել զանոնք:

Ուրեմն Հայ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ ուղղափառ այլ եկեղեցիներու(Ղպտի, Ասորի, Յոյն Ուղղափառ , ռուս...) եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ համար, Աւետարանն է աղբիւրը դաւանանքին, որ հաւատացեալին կը հասնի Տիեզերական ժողովներու ընթացքին խմբագրուած Հաւատոյ Հանգանակներու եւ Սրբազան Հայրերու մեկնութեանց ճամբով:

Հաւատոյ Հանգանակ

Խմբագրել

Հաւատոյ հանգանակ կը կոչուին այն գրութիւնները, որոնք եկեղեցւոյ վերին իշխանութեան կողմէ կը ճանչցուին իբրեւ իրենց դաւանանքին ամփոփումները եւ որոնց բովանդակութեան ստիպողաբար պէտք է հաւատան այդ եկեղեցւոյ մաս կազմող հաւատացեալները:

Հայոց եկեղեցին ունի հետեւեալ Հաւատոյ Հանգանակները .-

Ա.- Առաքելական Հանգանակ, որ շատ ամփոփ խտացումն է Քրիստոնէական կրօնքի հիմնական սկզբունքներուն եւ որ կ'արտասանուի Մկրտութեան խորհուրդի ժամանակ իբրեւ երեխային, այսինքն Քրիստոնէական եկեղեցւոյ անդամագրութեան եկող թեկնածուին՝ կրօնական դաւանանքին արտայայտութիւնը:

Բ.- Նիկիական Հանգանակ, խմբագրուած Նիկիոյ Տիեզերական ժողովին կողմէ(325-ին) եւ ճոխացուած կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական ժողովին (381-ին), որ կ'երգուի Ս. Պատարագի մատուցման ժամանակ, իբրեւ արտայայտութիւն բոլոր հաւատացեալներու դաւանական ճշգրտութեան:

Գ.- Աթանասեան Հանգանակ, որ բաղդատաբար նախորդներուն, աւելի լայն եւ բացատրուած ձեւով կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ դաւանանքը եւ կը կարդացուի Ձեռնադրութիւններու ժամանակ, իբրեւ եկեղեցական կեանքի մէջ մտնող անհատին դաւանանքին արտայայտութիւնը:

Տիեզերական ժողովներ

Խմբագրել

Տիեզերական կը կոչուին այն ժողովները, որոնք կը գումարուին մասնակցութեամբ Քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներուն, լուծելու համար ամբողջ Քրիստոնէութեան համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցեր եւ հաստատելու համար ուղղափառ վարդապետութիւնը: Տիեզերական ժողովին արժէք տուողը ո՛չ թէ ժողովականներուն գումարն է, այլ մասնակցող եկեղեցիներուն թիւը:

Հայ եկեղեցւոյ համար Տիեզերական բնոյթ ունին երեք ժողովներ միայն, որոնք կ'ամբողջացնեն վերոյիշեալ պայմանները՝ Նիկիոյ, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Եփեսոսի ժողովները: Միայն այս ժողովները տիեզերական կ'ընդունին նաեւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները՝ Ասորի, Ղպտի, Եթովպական, Հնդիկ Մալապար (Հնդկաստան) եւ էրիթրիոյ եկեղեցիները:

Յոյն ուղղափառ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ՝ ուղղափառ միւս եկեղեցիները (Ռուսիոյ, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Սերպիոյ, Ֆինլանտայի...) Տիեզերական ժողովներուն թիւը կը հասցնեն 7-ի:Մինչ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին այս 7 ժողովներուն վրայ կ'աւելցնէ հետագային իր գումարած բոլոր կարեւոր ժողովները, ընդհանուր թիւը հասցնելով 20-ի:

 
Եօթը տիեզերական ժողովները, աշխարհի ստեղծումը եւ առաքեալներու ժողովները

Ա.- Նիկիոյ ժողովը կը գումարուի 325-ին, Կոստանդնուպոլսոյ արուարձաններէն Նիկիոյ մէջ: Ժողովը կը գումարուի քննելու համար Աստուծոյ որդւոյն մասին Արիոսի հերետիկոսական վարդապետութիւնը, որ Քրիստոսը կը ճանչնար ո՛չ թէ իբրեւ Աստուծոյ Որդի, այլեւ իբրեւ բացառիկ յատկութիւններով օժտուած եւ Աստուծոյ յատուկ շնորհին արժանացած արարած: Ժողովը կը դատապարտէ Արիոսի մոլորութիւնը եւ կը հաստատէ ուղղափառ վարդապետութիւնը Քրիստոսի աստուածութեան մասին եւ որդին, բնութեամբ՝ Հօր Աստուծոյ հաւասար կը ճանչցուի:

 
Նիկիան Հանգանակ

Բ.- Կոստանդնուպոլսոյ ժողովը կը գումարուի 381-ին, 150 հայրապետներու մասնակցութեամբ, քննելու համար Մակեդոնի վարդապետութիւնը Ս. Հոգիի մասին, որմով ան կ'ուրանար Ս. Հոգիի աստուածութիւնը եւ հաւասարութիւնը Հօր Աստուծոյ հետ: Կը դատապարտուի այս վարդապետութիւնը եւ կը հաստատուի ուղղափառ վարդապետութիւնը Ս. Հոգիի աստուածութեան եւ Հօր Աստուծոյ հետ հաւասարութեան մասին:

Գ.- Եփեսոսի ժողովը կը գումարուի 431-ին, քննելու համար Նեստորի վարդապետութիւնը Քրիստոսի աստուածութեան եւ մարդկութեան մասին.ան Քրիստոսի մէջ երկու անջատ բնութիւններ կ'ըմբռնէր, նախ՝ մարդկային, ապա աստուածային, այսինքն՝ Քրիստոս եղած է պարզ մարդ մը, որ աստուածութիւն ստացած է:Այս վարդապետութիւնը եւս կը դատապարտուի իբրեւ հերետիկոսութիւն եւ կը հաստատուի Քրիստոսի Երկու Բնութիւններու Միաւորութիւնը իբրեւ ուղղափառ վարդապետութիւն:

 
Եփեսոսի ժողով՝ 431

Տիեզերական այս երեք ժողովներով լուծուած եւ բացատրուած կը համարուին Քրիստոնէական կրօնի հիմնական հաւատալիքները՝ երրորդութիւնը, Մարդեղութիւնը եւ փրկագործութիւնը:Ամբողջ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ դաւանութեան հասարակաց գետինը, այսինքն՝ բոլորին կողմէ ընդունուած դաւանական սկզբունքները կը ներկայացնեն այս երեք ժողովները:

Հայ Եկեղեցւոյ Վարդապետական Ըմբռնումները

Խմբագրել

Հայ Եկեղեցւոյ Ըմբռնումը Քրիստոսի անձնաւորութեան Մասին

Խմբագրել

Քրիստոնէական կրօնին կեդրոնը Քրիստոսի անձնաւորութիւնը ըլլալով, անոր մասին բանաձեւուած վարդապետութիւնը գլխաւոր հարցերէն մէկն է Քրիստոնէական աստուածաբանութեան:

Բոլոր եկեղեցիները կը համաձայնին յայտարարելու թէ՝ Քրիստոս Աստուծոյ որդին է, մարմնացեալ կամ մարդացեալ «ԲԱՆ»ը՝ Աստուծոյ խօսքը: Անոնք սակայն իրարմէ կը տարբերին անոր աստուածային եւ մարդկային բնութիւններուն ըմբռնումի կերպին մէջ:

Քրիստոս Աստուա՞ծ է միայն, թէ նաեւ՝ մարդ. նախ Աստուա՞ծ էր, յետոյ մա՞րդ եղաւ, թէ՝ մարդ էր նախ յետոյ աստուածացաւ: Աստուած ինչպէ՞ս կրնայ մարդ ըլլալ:Այս եւ նմանօրինակ հարցեր ծանօթ են Քրիստոսաբանական խնդիրներ անունին տակ եւ դարերով յուզած են Քրիստոնեայ եկեղեցին:

Հայ եկեղեցին կ'ընդունի, որ Քրիստոս թէ՛ Աստուած է եւ թէ մարդ, կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ է միանգամայն:Ան մարդեղութեամբ իրական մարմին առաւ, եղաւ իսկական մարդ «ճշմարտապէս եւ ո՛չ կարծեօք»:

Ան մարդացաւ մարդիկը սիրելու համար, զանոնք փրկելու նպատակով:Խոնարհեցաւ որպէսզի մարդիկը բարձրացնէ, մօտեցնէ Աստուծոյ:Մարմնանալով, Ան իրարու մօտեցուց մարդկային եւ աստուածային բնութիւնները, ըլլալով Աստուածամարդ՝ մէկ բնութեամբ եւ անձնաւորութեամբ, առանց կորսնցնելու աստուածային կամ մարդկային բնութիւններուն յատկութիւնները, որոնք իր անձին մէջ միաձուլուեցան անշփոթ կերպով:

Այս գծով, հայ եկեղեցին կը մերժէ Քաղկեդոնի ժողովը, գումարուած 451-ին, որովհետեւ անոր ընդունած Լեւոնի Տոմարը (Լեւոն Պապին Թուղթը) Քրիստոսի մէջ կը ճանչնար երկու իրարմէ անջատ բնութիւններ:Միւս կողմէ ան կը նզովէ Քաղկեդոնի ժողովին ընթացքին նզովուած Եւտիքէս վանահայրը եւ կը դատապարտէ անոր վարդապետութիւնը, որ քրիստոսի մէջ կ'ընդունէր միայն աստուածային բնութիւնը:

Ս.Հոգիի Բխման Վարդապետութիւնը

Խմբագրել

Հայ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Յոյն եւ Արեւելեան այլ եկեղեցիներու վարդապետութեան համաձայն, Ս. հոգին կը բխի Հօր Աստուծմէ, ըստ Աւետարանի այն բացատրութեան, թէ՝ «Սուրբ Հոգին ելանէ ի Հօրէ»:

Լատին կաթոլիկ եկեղեցին է միայն, որ կը դաւանի, թէ Ս. Հոգին կը բխի Հօրմէն եւ Որդիէն:

Քաւարանի Վարդապետութիւնը

Խմբագրել

Դարձեալ միայն կաթոլիկ եկեղեցին է, որ կը հաւատայ քաւարանի մը գոյութեան, ուր կը հաւաքուին աշխարհէն բաժնուող մեղաւոր հոգիները, որոնց յանցանքները այնքան ծանրակշիռ չեն, որ զանոնք արժանացնեն դժոխքի պատիժին:Առանձնական, մասնաւոր դատաստանէ մը ետք, անոնք կ'ուղղուին դէպի քաւարան՝ իրենց ներելի մեղքերը քաւելու եւ ապաշխարելու համար, որպէսզի անոնք կարենան մաքուր եւ սրբուած վիճակով ներկայանալ ընդհանուր կամ վերջին դատաստանին:

Քաւարանի մը գոյութեան փաստը կը պակսի Աւետարանին մէջ, ուստի հայ եւ ուղղափառ միւս եկեղեցիները կը մերժեն զայն:Անոնք նաեւ կը հաւատան մէկ դատաստանի՝ Վերջին կամ Յաւիտենական դատաստանին, որ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի վերջաւորութենէն եւ մարդոց ընդհանուր յարութենէն ետք:

Պապական Անսխալականութեան Հարցը

Խմբագրել

Կաթոլիկ եւ միւս եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ամէնէն հիմնական տարբերութիւնը յառաջ կու գայ պապական անսխալականութեան վարդապետութենէն: Համաձայն լատին եկեղեցւոյ ըմբռնումին, հռոմի եպիսկոպոսը, այսինքն՝ Պապը, կը նկատուի Քրիստոնէական ընդհանուր գերագոյն պետը եւ իբրեւ յաջորդը Պետրոս Առաքեալին՝ Քրիստոսի փոխանորդը աշխարհի վրայ:Ան ունի բացարձակ, անժխտելի հեղինակութիւն, երբ պաշտօնապէս կը խօսի եկեղեցական հարցերու շուրջ.ան կը նկատուի անսխալական:

Հայ եւ միւս եկեղեցիները կը մերժեն այս վարդապետութիւնը: Ուղղափառ եկեղեցիները, որոնց կարգին նաեւ հայ եկեղեցին, Քրիստոնէական եկեղեցւոյ միակ գլուխը կը ճանչնան Քրիստոսը՝ աստուածային բացարձակ հեղինակութեամբ եւ անոնք կը հաւատան, թէ՝ ընդհանուր եկեղեցւոյ համար հեղինակութիւնը կը կայանայ Տիեզերական նկատուած ժողովներու որոնումներուն մէջ եւ ո՛չ թէ Պապի անձին մէջ: Անոնք կը հաւատան, որ առանձին եկեղեցիներու պատերը, որոնք յաջորդներն են Քրիստոսի 12 Առաքեալներուն, դիրքով եւ հեղինակութեամբ հաւասար են իրարու:

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Խորհուրդները

Խմբագրել

Հայաստանեայց եկեղեցին ունի եօթը խորհուրդներ.-

Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն, Հաղորդութիւն, Պսակ կամ Ամուսնութիւն, Ձեռնադրութիւն, Կարգ հիւանդանաց եւ վերջին օծում:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Եկեղեցագիտութիւն, Մանուշակ Պոյաճեան, Անթիլիաս 2006,էջ(25-էն 33):

Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից