Հարուածային գործիքներ
Հարուածային գործիքներ, առանձին կամ մի քանի երաժշտական գործիքներու հաւաքածու, որ կ՛օգտագործուին երաժշտական բոլոր ոճերուն մէջ՝ ժողովրդականէն մինչեւ դասական երաժշտութիւն։ Իւրաքանչիւր հարուածային գործիք ունի նուագելու իւրայատուկ ձեւ։
Բնութագրութիւն
ԽմբագրելԳոյութիւն ունին բազմաթիւ հարուածային գործիքներ։ Այս գործիքները կը նկատուին ամենահիներէն։ Սկզբնական շրջանին պատրաստուած են տարբեր տեսակի փայտերէ, զոր նուագելը դիւրին եւ հաճելի եղած է։ Հին ժողովուրդներու նկարներուն եւ պատկերներուն մէջ, կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ հնադարեան հարուածային գործիքներու։
Տեսակները
ԽմբագրելԱյս գործիքները կը բաժնուին երկու հիմնական մասի՝ «մեմպրանոֆոն» հարուածային գործիքներ եւ «իտիոֆոն» հարուածային գործիքներ։ «Իտիոֆոն» կը նկատուին այն գործիքները, որոնք բնականէն իսկ կը հանեն տարբեր ձայներ, օրինակ՝ քսիլոֆոնը կամ զանգակը։ Այս գործիքնեը կը նուագուին յատուկ փայտիկներու օգնութեամբ։ Փայտիկը, հարուածելով գործիքի ստեղներուն, կը ստեղծէ տուեալ գործիքին ձայնը։ Իսկ «մեմպրանոֆոն» կը նկատուին՝ հարուածային խուլ գործիքները, ինչպիսին են մեծ եւ փոքր թմբուկները։ Այս գործիքներուն շատ ուժեղ հարուածելով՝ կարելի է լսել անոնց հնչողութիւնը։ Մեմպրանոֆոնները՝ նոյնպէս, կը նուագուին փայտիկներու օգնութեամբ[1]։
Կիրառումը
ԽմբագրելԴասական երաժշտութեան մէջ միշտ կիրառած են տարբեր տեսակի հարուածային գործիքներ։ Վաղ դասականները կը կիրառէին չափաւոր քանակով կամ ընդամէնը մէկ գործիք։ Հարուածային գործիքներուն կարեւոր տեղ տուած է Պելա Պարթոկ՝ իր «Երաժշտութիւն Լարայինների, Հարուածայինների Եւ Չելեսթայի Համար» ստեղծագործութեան մէջ։
Հարուածային գործիքները՝ շատ հազուադէպ կը ներկայանան, որպէս մենակատար գործիք։ Դասական երաժշտութեան մէջ այս գործիքները, երբեմն, կը նուագեն դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։ Գործիքը կարելի է նուագել ե՛ւ նստած, եւ կանգնած։ Այս գործիքներուն փայտիկները տարբեր տեսակի կրնան ըլլալ։ Յաճախ երաժիշտը դադարի ժամանակ կը փոխէ իր փայտիկները՝ գործիքի ուժգնութիւնը կամ արագութիւնը փոխելու նպատակով։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Drums from around the World • Elephant Drums»։ Elephant Drums (en-GB)։ 2019-03-13։ արտագրուած է՝ 2021-02-11