«Հարպորտ Առաքելութիւն», ամերիկեան զինուորական առաքելութիւն մը, որուն նպատակն էր ուղղուիլ Անատոլիոյ կեդրոնը, ապա Հայաստան` հետազօտելու եւ տեղեկագիր պատրաստելու քաղաքական, զինուորական, աշխարհագրական, վարչական, տնտեսական եւ այլ նկատառումներու, որոնք կը ներառեն ապագայի ամերիկեան հաւանական շահերը եւ պատասխանատուութիւնները տարածաշրջանին մէջ[1]։

Սեւրի դաշնագիրին Ամերիկայի նախապատրաստական աշխատանքները

Խմբագրել

1919-ին նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն Մերձաւոր Արեւելք ղրկեց երկու հետախուզական առաքելութիւններ` տեղեկութիւններ հաւաքելու, յետհամաշխարհային Ա. պատերազմի` տարածաշրջանին ապագային մասին դիրքորոշուելու համար,

«Թուրքիոյ հոգատարութեան (mandate) 1919-ի միջդաշնակցային առաքելութիւն»

Խմբագրել

Առաջինը` 1919 Յունիսին, դիւանագիտական` «Թուրքիոյ հոգատարութեան (mandate) 1919-ի միջդաշնակցային առաքելութիւն»ը, որ յետագային ճանչցուեցաւ պատուիրակութեան ամերիկացի համանախագահներուն անունով` «Քինկ-Քրէյն (Հենրի Չըրչիլ Քինկ եւ Չարլըս Քրէյն) առաքելութիւն», նպատակ ունենալով քննել նախկին Օսմանեան կայսրութեան ոչ թրքական տարածաշրջաններու ժողովուրդներուն, արաբական աշխարհի եւ Անատոլիայի ինքնորոշման ապագայի տրամադրութիւնները:

Առաքելութեան նստավայրը Կոստանդնուպոլիսն էր եւ անոնք տեսակցութիւններ ունեցան համայնքներու (ոչ թրքական) պատասխանատուներուն եւ օսմանեան կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Դաշնակից երկիրներու պատուիրակները հրաժարեցան առաքելութեան մասնակցելէ, որպէսզի պարտաւորուած չըլլան գործադրելու առաքելութեան եզրակացութիւնը, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունենալով ապագայի իր յատուկ ծրագիրը: Առաքելութիւնը իր տեղեկագիրը ներկայացուց Փարիզի մէջ, 28 Օգոստոս 1919-ին, որ զանազան պատճառներով չհրապարակուեցաւ մինչեւ 2 Դեկտեմբեր 1922: Հիմնական պատճառը Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի գաղութատիրական ծրագիրներն էին, որոնք արդէն դրսեւորուած էին 28 Յունիս 1919-ի Փարիզի (Վերսայ) վեհաժողովին: Այս երկիրները նպատակ չունէին ճանչնալու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, որուն բացասական հետեւանքներուն ցարդ ականատես ենք տարածաշրջանին մէջ:

Տեղեկագիրին հայկական բաժինով «առաքելութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց ստեղծելու հայկական պետութիւն, մերժելով այն տեսակէտը, որ Թուրքիան պիտի յարգէր հայ բնակչութեան իրաւունքները, նկատի առնելով պատերազմի ընթացքին հայոց ցեղասպանութեան նախադէպին փաստը` պատճառը» (1):

1919 Օգոստոսին նախագահ Ուիլսըն ղրկեց 50 անդամ հաշուող պատուիրակութիւն մը, որոնց մէջ` առ նուազն երկու ամերիկահայ բարձրաստիճան զինուորականներ, երկրորդ առաքելութիւն մը` «Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւն դէպի Հայաստան», գլխաւորութեամբ հազարապետ-զօրավար Ճէյմս Ճ. Հարպորտի (1866-1947): Յետագային ճանչցուեցաւ իբրեւ «Հարպորտ առաքելութիւն»: Անոր նպատակն էր ուղղուիլ Անատոլիոյ կեդրոնը, ապա Հայաստան` հետազօտելու եւ տեղեկագիր պատրաստելու քաղաքական, զինուորական, աշխարհագրական, վարչական, տնտեսական եւ այլ նկատառումներու, որոնք կը ներառեն ապագայի ամերիկեան հաւանական շահերը եւ պատասխանատուութիւնները՝ տարածաշրջանին մէջ (2), (3), 4), (5):

Հարպորտ Առաքելութեան տեղեկագիրին Եզրակացութիւն բաժինը (6)

Խմբագրել

(Թարգմանաբար կը ներկայացուի «Հարպորտ առաքելութեան» պատրաստած հաստափոր տեղեկագիրին 43 էջ յաւելուածին եզրակացութիւն գլուխը):

«Մնայուն կերպով առաքելութիւնը ի մտի ունէր կատարելիք հետազօտութեան բարոյական ազդեցութիւնը` իր այցելած շրջանին մէջ։ Ամիսներէ ի վեր, Ֆրանսայէն մեկնելէ առաջ, խիստ ահազանգային տեղեկագիրներ ստացած էինք Անդրկովկասէն, մասնաւորապէս` թրքական բանակին կողմէ կազմակերպուած մօտալուտ յարձակումներու մասին, թուրք-ռուսական նախկին միջազգային սահմանին երկայնքին: Թուրքիոյ մէջ առաքելութեան ուղեւորութիւնը այս տեղեկագիրներուն հիման վրայ ծրագրուած էր` նպատակ ունենալով ստուգել իրականութիւնը եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ զսպիչ ազդեցութիւն կիրարկել:

Գրեթէ Սեւ ծովէն մինչեւ Պարսկաստանի սահմանը կատարուած ստուգումները չարդարացուցին այդ տեղեկագիրները: Թրքական բանակը զանգուածային կերպով չէ կուտակուած սահմանի երկայնքին. անոնց կառոյցը քայքայուած է եւ երկիրը զարհուրելի կերպով դատարկուած է քաղաքային թէ զինուորական բնակչութենէն: Իւրաքանչիւր գլխաւոր աւանէ որ անցանք, առաքելութեան պատասխանատուն հանդիպում ունեցաւ թուրք պաշտօնատարներուն հետ: Հարցուփորձ կատարուեցաւ քրիստոնեայ համայնքին մասին եւ միշտ անոնց հետ հանդիպում տեղի ունեցաւ»:

Այստեղ պէտք է մատնանշել, որ առօրեայ տեղեկագիրներուն մէջ նշուած են թրքական բանակին եւ քրտական միաւորներու կողմէ առաքելութեան վրայ կատարուած յարձակումներ եւ առեւանգումներ, որոնք բարւոք լուծում ստացած են, սակայն առաքելութեան շարքին մէջ վիրաւորեալներ ունենալով:

«Ամերիկայի շահագրգռութիւնը իր միսիոնարներուն եւ բնիկ քրիստոնեաներուն մասին յստակօրէն շեշտուեցաւ: Հայերուն տեղահանութիւնը եւ ջարդերն ու վերապրողներուն վերադարձը արծարծուեցաւ իւրաքանչիւր հանդիպումին, ինչպէս նաեւ` այլ հարցեր, համոզելով թուրք պաշտօնատարները, որ իրենց երկիրը աշխարհի դատավարութեան ենթարկուած է: Առաքելութեան այցելութիւնը նկատելի բարոյական ազդեցութիւն ունեցաւ, երաշխաւորելու քրիստոնեաներուն կեանքի ու կալուածի ապահովութիւնը, մինչեւ խաղաղութեան խորհրդաժողովին տալիք գործադիր որոշումը:

Կրկին կը մատնանշենք, որ եթէ Ամերիկան ընդունի հոգատարութիւնը այն տարածաշրջաններուն, զորս այցելեցինք, անկասկած ան պիտի մղուի միջազգային պարտականութեան ուժեղ գիտակցութեամբ եւ միաձայն փափաքովը, գոնէ այդպէս արտայայտած` իրեն գործակից ազգերու դաշնակցութեան:

Առանց նախապէս ապահովելու նախապայմաններուն հաւաստիքը` ընդունիլ այս դժուարին պարտականութիւնը, ստոյգ ձախողութեան պիտի առաջնորդէ: Միացեալ Նահանգները պէտք է ճշդէ իր նախապայմանները` նախքան հարցին նախնական քննարկումը, անշո՛ւշտ նախապէս եւ ոչ թէ ընդունելէ ետք, քանի որ կան բազմաթիւ զիրար հակասող շահագրգռութիւններ, որ որեւէ ամերիկացի կրնայ պատկերացնել երկրին պատշաճ կառավարման համար: Միջազգային բարդութիւններու դէմ բոլոր հնարաւոր նախազգուշացումները պէտք է նախօրօք ընդունուին: Մեր կարծիքով, պէտք է յատուկ երաշխիքներ ապահովել Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ հետ պաշտօնական համաձայնութիւններով եւ յստակ վաւերացում՝ Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ, Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասի նկատմամբ անոնց դիրքորոշումները յարգելու երաշխաւորագիրներով:

Մասնայատուկ կերպով կարեւոր է հետեւեալը.

– Թրքական կայսրութեան արտաքին յարաբերութիւններու բացարձակ վերահսկողութիւն. ոչ մէկ դեսպան, պատուիրակ, նախարար կամ դիւանագիտական գործակալ պէտք չէ Թուրքիոյ մէջ հաւատարմագրուի, իսկ Թուրքիան, նոյնպէս, արտասահմանի մէջ ո՛չ մէկ ներկայացուցիչ ունենայ:

– Զիջումներ, որոնք կը վերաբերին բացառիկ առանձնաշնորհումներու, ենթակայ են վերանայման, եթէ յայտնուի, որ կը հակասեն պետութեան (Ամերիկայի) գերագոյն շահերուն:

– Զիջումներ, որոնք անբաղձալի են հոգատար կողմին համար եւ որոնց վրայ աշխատանք չէ կատարուած` ջնջել: Հարկ եղած պարագային` տէրերուն հատուցում կատարել:

– Վերացնել դրութիւնը, որով յատուկ եկամուտներ յատուկ նպատակի կը ծառայեն: Բոլոր եկամուտները պէտք է վերահսկուին պետական գանձատան (կեդրոնական դրամատուն) կողմէ եւ բոլոր պարտատէրերը միայն գանձատունը նկատեն իբրեւ վճարման աղբիւր:

– Պէտք է դադրի Թուրքիոյ ելեւմտական մեքենային վրայ օտարերկրեայ հակակշիռը, իմա` կազմալուծել Օսմանեան պետական պարտքի խնամակալական խորհուրդը, վերապահելով իրաւունքը, կարգ մը անհատ անդամներ իբրեւ խորհրդատու պահելու, նկատի առնելով անոնց ունակութիւնը օսմանեան տնտեսութեան:

– Կայսրութեան բոլոր արտաքին պարտաւորութիւնները պէտք է մէկտեղուին եւ հատուցուին:

– Կայսրութենէն անկախացած երկիրները, օրինակ` Սուրիա, Իրաք, պէտք է դրամական տրամաբանական բաժին ստանան` արտաքին պարտաւորութեան, ինչպէս նաեւ հնարաւոր փոխհատուցում վճարելու պարտականութեան համար:

– Պատշաճ ծանուցումով Թուրքիոյ հետ գոյութիւն ունեցող առեւտրական պայմանագիրները չեղեալ յայտարարել:

– Բոլոր օտար կառավարութիւնները եւ զօրքերը հոգատարութեան տարածքներէն դուրս պէտք է գան հոգատարութեան ճշդած ժամանակացոյցով:

– Այս պայմաններուն հաւանութիւնը կրնայ դիւրաւ չիրականանալ: Շատ մը ազգեր ներկայիս ունին որոշ ելեւմտական հակակշիռ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ անոնք դիւրութեամբ պիտի չհրաժարին այդ մենաշնորհներէն:

– Առարկութեան կարիք չկայ, թէ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական քաղաքականութիւնը չի կրնար կառավարուիլ օտար մայրաքաղաքներէ: Պարտքերու վերատնտեսումը` դրամագլուխի հաւանական նուազեցումով, բողոքի ալիք պիտի բարձրացնէ, սակայն պէտք է պարտադրել, թէ ոչ ամերիկեան խնամակալութիւն մը կրնայ խայտառակուիլ եւ վարկաբեկուիլ:

– Առաքելութիւնը չէ զգացած, թէ իրմէ կ'ակնկալուի առաջարկ ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հոգատարութիւն ընդունելու վերաբերեալ: Ուրեմն պարզապէս կը ներկայացնէ ամփոփում մը` թեր ու դէմ տեսակէտներու արդիւնք տեղեկութիւններու` վեց շաբաթ մնայուն կապ հաստատելով շրջանի ժողովուրդներուն հետ»[2]:

հոգատարութիւնը ընդունելու ի նպաստ 13 պատճառներ

Խմբագրել

Ստորեւ կը ներկայացուի հոգատարութիւնը ընդունելու ի նպաստ 13 պատճառներ եւ իւրաքանչիւրին համապատասխանող 13 դէմ պատճառներ, այլ խօսքով` թիւ «Մէկ» «Թեր» կարծիքին հակակարծիքը տեսնել աւելի վարը` թիւ «Մէկ» «Դէմ» պատճառին մէջ եւ այսպէս` բոլոր 13-ը:

Թեր պատճառներ

1.- Ազգերու դաշնակցութեան կազմաւորման գլխաւոր սատարողներէն Միացեալ Նահանգները բարոյապէս պարտաւորուած են ընդունիլ պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները` իբրեւ հոգատար ուժ:

2.- Պատմութեան սկիզբէն ի վեր պատերազմի վարակի կեդրոնը գտնուող աշխարհի այս քառուղիին խաղաղութեան ապահովումը:

3.- Մերձաւոր Արեւելքը կը ներկայացնէ դարուս ամէնամեծ մարդասիրական պատեհութիւնը, պարտականութիւն մը, որուն ամէնէն ատակը եւ յարմարագոյնն են Միացեալ Նահանգները, վկայ` Քուպան, Փորթօ Ռիքոն, Ֆիլիփինները, Հաուայեան կղզիները եւ մեր մարդասիրութեան քաղաքականութիւնը` զարգացնելու ժողովուրդները, քան թէ` միայն նիւթական միջոցները:

4.- Ամերիկան գործնապէս բոլորին միասնական թեկնածուն է եւ ջերմեռանդ յոյսը` խնդրոյ առարկայ ժողովուրդներուն:

5.- Ամերիկան արդէն միլիոններ կը ծախսէ փրկելու համար Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասի սովահար ժողովուրդները եւ այս մէկը կրնայ աւելի արդիւնաւէտ կերպով կատարել` իբրեւ պաշտօնական հոգատար: Ո՛վ ալ ըլլայ հոգատարը, մեզմէ կ՛ակնկալուի շարունակել տնտեսել անոնց նպաստը եւ հաւանաբար հայթայթել նիւթական բարգաւաճումին դրամագլուխը:

6.- Ամերիկան հայութեան միակ յոյսն է: Անոնց երկրորդ յոյսը Մեծն Բրիտանիան է, որ սակայն անոնք (հայերը) մտահոգ են, թէ ան կրնայ զոհել զիրենք` մահմետականներու հանրային կարծիքին տեղի տալով, որոնց միլիոններուն վրայ կ'իշխէ: Ուրիշներ մտավախութիւն ունին Բրիտանիոյ կայսերապաշտական վարքագիծէն, թէ ո՛ւր որ անոնց դրօշը կը ծածանի, տեւաբար հոն կը մնան: Ամերիկեան հոգատարութիւնը ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն նախընտրութիւնն է, այլ նաեւ` մեծ ուժերուն: Ամերիկան բաւարար հզօր է, ունի մաքուր անցեալ եւ իր շահագրգռութիւնը կասկածէ վեր է:

7.- Հոգատարութիւնը ինքնաբաւ կրնայ դառնալ առաւելագոյնը հինգ տարիէն: Երկաթուղիներու կառուցումը պատեհութիւն կրնայ ընծայել մեր դրամագլուխին: Կրնայ առեւտուրի մեծ առաւելութիւն ընծայել ո՛չ միայն հոգատարութեան տարածաշրջանին, այլ մերձակայ շրջապատին` Ռուսիա, Ռումանիա եւ այլն: Ամերիկան կրնայ մաքրագործել այս ախտավարակ ու կեղտոտ շրջանը, նման` Քուպայի եւ Փանամայի:

8.- Միջամտութիւնը մեր ժողովուրդին վեհանձնութեան դաստիարակութեան կրնայ ծառայել աշխարհաքաղաքականութեան մէջ, ճամբայ բանալով կորովի ու հոգեկան նուիրումի փայլուն օրինակի:

9.- Որոշապէս պիտի կասեցնէ հայերուն եւ այլ քրիստոնեաներուն յաւելեալ սպանդը, արդարութիւն սփռելով թուրքերուն, քիւրտերուն, յոյներուն եւ այլ ժողովուրդներու վրայ:

10.- Արտասահմանի մէջ Միացեալ Նահանգներուն ուժը եւ վարկը պիտի բարձրացնէ եւ ներքնապէս հետաքրքրութիւն արթնցնէ Մերձաւոր Արեւելքի վերածնունդին:

11.- Ամերիկան զօրաւոր զգացական շահագրգռութիւններ ունի տարածաշրջանին մէջ` առաքելութիւններ (միսիոնար) եւ գոլէճներ:

12.- Եթէ Միացեալ Նահանգները չստանձնեն այս տարածաշրջանին պատասխանատուութիւնը, հաւանական է, որ ազգամիջեան նախանձը եւ մրցակցութիւնը առիթ պիտի ստեղծեն, թուրքերուն անպատմելի վատ կառավարման շարունակութեան:

13.- «Եւ Տէրը ըսաւ Կայէնին` «Ո՞ւր է քու եղբայրդ` Աբէլը»: «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ»…

Նախընտրելի է միլիոններ ծախսել հոգատարութեան, քան թէ միլիառներ` ապագայ պատերազմներուն:

Ահաւասիկ մարդկային աշխատանք մը, որ աշխարհը կ'ըսէ, թէ Ամերիկան աւելի լաւ պիտի իրագործէ, քան ուրիշը: Ամերիկան դրամական կարողութիւնը ունի, մարդուժը ունի, իր ժողովուրդին հանդէպ պարտաւորութիւնները պիտի չազդուին, իր մեկուսացման քաղաքականութիւնը արգելք չեղաւ, որ յաջողութեամբ մասնակցի Մեծ պատերազմին (Ա. Աշխարհամարտ): Արդեօք թող ըսուի՞, որ մեր երկիրը քաջութիւնը չունի ստանձնելու նոր եւ դժուարին պարտականութիւններ:

Դէմ պատճառներ

Խմբագրել

1.- Միացեալ Նահանգները արդէն ունին նախորդ եւ աւելի մերձակայ արտաքին պարտականութիւններ եւ բաւարար պատասխանատուութիւն, նաեւ` պատերազմի պատճառով աճող ներքին խնդիրներ:

2.- Այս շրջանը դարեր շարունակ եղած է ռազմադաշտ` ազատատենչ եւ կայսերապաշտութեան ճակատամարտերուն: Հաւանական է, որ յաւակնոտ ազգեր պիտի շարունակեն այս դաւադիր վարքագիծը` տիրանալու համար շրջանին: Մեր դիրքը կրնայ տկարանալ «Մոնրօ վարդապետութեան» պատճառով եւ ի վերջոյ ներգրաւէ մեզ վերակազմուած Ռուսիոյ դէմ: Այս շրջանին մէջ հոգատարութիւն ընդունիլը, Միացեալ Նահանգները պիտի մխրճէ հին աշխարհի քաղաքականութեան մէջ, հակառակ մեր քաղաքականութեան` հեռու մնալու արեւելեան կիսագունդէն:

3.- Մարդկայնականութիւնը պէտք է սկսի տան մէջ։ Կան բաւարար թիւով դժուար իրավիճակներ, որոնք կը կարօտին մեր ներդրումին` բոլորին ծանօթ ամերիկեան ազդեցութեան գօտիներուն մէջ:

4.- Միացեալ Նահանգները որեւէ կերպով մասնակից չեն եղած եւ պատասխանատուութեան բաժին չեն ունեցած այս տարածաշրջանի քաղաքական, ընկերային կամ տնտեսական տիրող կացութեան: Հրաւէրը մերժելը բոլորովին հետեւումն է վերոնշեալին:

5.- Ամերիկեան մարդասիրութիւնը եւ բարեգործութիւնը աշխարհի վրայ տարածուած է արդէն: Այսպիսի քաղաքականութիւն մեզ պիտի մղէ միջամտութիւններու եւ կրնայ մեզ ուժասպառ ընել:

6.- Այլ ուժեր, մասնաւորապէս` Մեծն Բրիտանիան եւ Ռուսիան, շարունակ հետաքրքրուած են Հայաստանի բարօրութեամբ: Մեծն Բրիտանիան փորձառութիւն ունի եւ կը կառավարէ, ունի նիւթական հսկայական աղբիւրներ եւ մասնագիտացած պաշտօնէութիւն: Թէեւ կրնայ ըլլալ, որ ան չի համակրիր հայութեան իղձերուն, սակայն անոր իշխանութիւնը կրնայ երաշխաւորել ապահովութիւն եւ արդարութիւն: Միացեալ Նահանգները անկարող են կանգուն պահել արտաքին քաղաքականութեան շարունակականութիւնը: Ծերակոյտ մը կրնայ չյարգել նախորդին որոշումը: Նոյնիսկ դաշնագիրներ կրնայ չեղեալ համարել` կասեցնելով յատկացումները: Կուսակցական համախոհութիւնը դժուար է նուաճել մեր կառավարութեան մէջ:

7.- Մեր երկրին համար հսկայական ծախսի դուռ մը պիտի բացուի բանակին եւ ծովուժին հաւանական մեծացումով: Մեծ թիւով ամերիկացիներ պիտի ծառայեն զզուելի, կեղտոտ ու ախտերով վարակուած երկրի մը մէջ։ Հարցական է, թէ երկաթուղիները երկար տարիներ պիտի կարենա՞ն հատուցել դրամագլուխը եւ տոկոսները այս շատ դժուարին շինարարութեան: Դրամագլուխի ներդրումը կրնայ իրականանալ միայն պետութեան երաշխաւորութեամբ:

Ծախսուած գումարը եւ ճիգը կրնան առեւտուրը աւելցնել աւելի մերձակայ երկիրներու հետ, քան կը յուսանք` Ռուսիոյ եւ Ռումանիոյ հետ: Մօտիկութիւնը եւ մրցակցութիւնը կրնան աւելցնել բախումի հաւանականութիւնը մեր քաղաքականութեան եւ մեր այժմու բարեկամ երկիրներուն միջեւ, վերածուելով մրցակիցներու:

8.- Մեր կորովը եւ հոգեկան ներուժը կարելի է օգտագործել ներքին ձեռնարկութիւններու, կամ մեր հարաւի եւ արեւմուտքի երկիրներուն մէջ։ Մերձաւոր Արեւելք մեր միջամտութիւնը եւ ուժի վատնումը կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ մեր վայելած ռազմավարական առաւելութեան վրայ, դէպի հարաւ եւ Ատլանտեանի հաւանական հակառակորդներուն վրայ:

Մեր արդարամիտի համբաւը կրնայ վնասուիլ: Հոգատարութեան արդիւնաւէտ հսկողութիւնը այսպիսի հեռաւորութենէ դժուար է, կամ` անկարելի: Մենք աշխարհի քաղաքականութեան յաւելեալ զարգացումին պէտք չունինք:

9.- Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հաւասարապէս կրնան ապահովուիլ որեւէ այլ մեծ պետութեան կողմէ:

10.- Ան կրնայ վատնել եւ շեղել մեր ուժը, որ պէտք է վերապահուի ամերիկեան ցամաքամասին եւ Ծայրագոյն Արեւելքի յետագայ պարտականութիւններուն համար: Կոստանդնուպոլսոյ հետ մեր հաղորդակցութեան շղթան կախեալ պիտի ըլլայ այլ նաւատորմերու, յատկապէս Մեծն Բրիտանիոյ, Ճիպրալթարի եւ Մալթայի ողորմութենէն եւ այլն:

11.- Այս հաստատութիւնները (միսիոնարներ եւ գոլէճներ) յարգուած են նոյնիսկ թուրքերուն կողմէ պատերազմին եւ ջարդերուն ընթացքին. նոյն համակրանքը կրնայ շարունակուիլ որեւէ այլ մեծ պետութեան հոգատարութեան պարագային:

12.- Խաղաղութեան խորհրդաժողովը որոշապէս տեղեակ պահեց թրքական կառավարութիւնը, թէ ան հոգատարութեան պիտի ենթարկուի: Անհնար է, որ Ազգերու դաշնակցութիւնը թոյլատրէ յաւելեալ կառավարում` անվստահելի ու վարկաբեկուած այս (թրքական) կառավարութեան կողմէ:

13.- Ամերիկայի առաջին պարտականութիւնը իր սեփական ժողովուրդին է եւ մօտակայ դրացիներուն:

Մեր երկիրը կրնայ ներգրաւուիլ այս արկածախնդրութեան մէջ առ նուազն մէկ սերունդ եւ Քոնկրեսը պէտք է պատրաստ ըլլայ այդպիսի գումարներու յատկացումին, նուազ` այն գումարը, որ կրնայ յառաջանալ թրքական եւ անդրկովկասեան եկամուտներէն[3]:

Ստորեւ` առաջին հինգ տարիներուն նախահաշիւը.

Խմբագրել
Առաջին տարին Ամերիկեան տոլար
Ընդհանուր կառավարութիւն $100.000.000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ եւ այլն 20. 000.000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն եւ այլն 50.000.000
Բանակ եւ ծովուժ 88.500.000
Առողջապահութիւն 17.000.000
Ընդհանուր գումար  275.000.000
Երկրորդ տարին      
Ընդհանուր կառավարութիւն $75.000.000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ եւ այլն 20.000.000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն եւ այլն 13.000.000
Բանակ եւ ծովուժ 59.000.000
Առողջապահութիւն 7.264.000
Ընդհանուր գումար 172.264.000
Երրորդ տարին             
Ընդհանուր կառավարութիւն $50.000.000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ եւ այլն 20. 000.000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն եւ այլն 100.000.000
Բանակ եւ ծովուժ 20.000.000
Առողջապահութիւն 50.000.000
Ընդհանուր գումար 123.750.000
Չորրորդ տարին      
Ընդհանուր կառավարութիւն $25.000.000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ եւ այլն 20. 000.000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն եւ այլն 4.500.000
Բանակ եւ ծովուժ 44.250.000
Առողջապահութիւն 3.000.000
Ընդհանուր գումար 96.750.000
Հինգերորդ տարին      
Ընդհանուր կառավարութիւն $15, 000,000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ եւ այլն 20. 000.000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն եւ այլն 4.500.000
Բանակ եւ ծովուժ 44.250.000
Առողջապահութիւն 3.000.000
Ընդհանուր գումար 85.750.000
Ամփոփում
Առաջին տարին 275.500.000
Երկրորդ տարին 174.264.000
Երրորդ տարին 123.750.000
Չորրորդ տարին 96.750.000
Հինգերորդ տարին 85.750.000
Հինգ տարուան ընդհանուր 756.014.000

Առանց այցելելու Մերձաւոր Արեւելք, ամերիկացիի մը համար կարելի չէ նոյնիսկ երեւակայել այն յարգանքը, հաւատքը եւ սէրը, որ մեր երկիրը կը վայելէ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։ Արդեօք համաշխարհային համբա՞ւն է, որ մենք կը վայելենք մեր արդար գործունէութեան համար: Թերեւս, յարգանքի տուրք` այն խաչակրական ոգիին համար, որ մեզ մղեց մեծ պատերազմին, այն յոյսով, որ նոյն ոգին կը մղէ մեզ լուծումներ գտնելու այդ հակամարտութենէն բխած մեծ խնդիրներուն, կամ` մէկ դարու անձնազոհ ու անկողմնակալ աւետարանչական եւ կրթական ազդեցութեան: Նոյն հաւատքն է, որ կը համախմբէ քրիստոնեան եւ մահմետականը, հրեան ու հեթանոսը, իշխանը եւ գիւղացին` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Շատ գոհացուցիչ է տունէն հեռու ամերիկացիներուն համար եւ պարծանք պատճառող:

Սակայն ան կը բերէ որոշում տալու այնպիսի մեծ պատասխանատուութիւն, որ պէտք է համապատասխանէ նման հաւատքի արժանի լրջութեան: Այն բեռը, որ կրնանք ստանձնել` մղուելով այսպիսի զգացումներէ, պիտի շարունակուի առ նուազն մէկ սերունդ, այնպիսի յոգնեցուցիչ պարագաներով, որ կրնանք կորսնցնել մեզի հանդէպ աշխարհի հաւատքը: Եթէ մերժենք ստանձնել, հոգ չէ թէ մեզի համար հասկնալի պատճառներով, միլիոնաւոր մարդիկ պիտի տպաւորուին, թէ այն նպատակին համար, որ պատերազմին մասնակցեցանք, կիսատ թողեցինք եւ անոնց յոյսերուն դաւաճանեցինք:

Յարգանքով ներկայացուց

Ճէյմս Հարպորտ,

Հազարապետ-զօրավար, Միացեալ Նահանգներու բանակ, առաքելութեան պատասխանատու»:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ Առաքելութիւն»-ները – Ա.»։ Յարութ Չէքիճեան (անգլերեն)։ 2017-08-10։ արտագրուած է՝ 2024-04-25 
  2. «Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ Առաքելութիւն»-ները – Ա. – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2024-04-25 
  3. «Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Բ. – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2024-04-25