Հարսանիթ (Կարմրուկ, անգլերէն՝ measles), ժահրային փոխանցիկ վարակ։

Հարսանիթ

Ախտանշաններ Խմբագրել

Հարսանիթի ախտանշաններն են՝ փռնգտուք, հազ, բարձր ջերմ, վիզի աւշագեղձերու ծաւալում, փորհարութիւն, աչքերու կարմրութիւն, բերանին մէջ եւ ապա՝ ընդհանուր մարմնին վրայ կարմիր բշտիկներ, որոնք կը մնան մօտաւորապէս 7-10 օր։

Հարսանիթը կը դարմանուի ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով, հակաջերմ դեղեր առնելով եւ առատ հեղուկ խմելով։

Ան կանխարգելի է յատուկ պատուաստով մը։ Շատ քիչ պարագաներուն հարսանիթը կ'ունենայ նաեւ ուղեկցող բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնն է թոքատապը[1]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Մանկական Յաճախակի Վարակներ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2010-03-20։ արտագրուած է՝ 2022-02-04