Հենրիք Իպսեն
Հենրիք Իպսեն (20 Մարտ 1828[1], Շիեն, Էստլանն, Նորվեկիա[1] - 23 Մայիս 1906[1], Օսլո, Նորվեկիա[1]), XIX դարու նորվեկացի թատերագիր[4], եւրոպական «նոր տրամայի» հիմնադիր, բանաստեղծ եւ հրապարակագիր։
ԿենսագրութիւնԽմբագրել
Իպսեն ծնած է հարուստ ընտանիքի մը մէջ։ Շուտով անոր հայրը սնանկանայ ու ընտանիքին նիւթական վիճակը կը վատանայ: Տակաւին 15 տարին չբոլորած` Իբսեն կը ստիպուի աշխատիլ:
1844-1850 տարիներուն կը սկսի եւ բուռն թափով կը ծաւալէ գրական գործունէութիւնը:
Իպսենի առաջին շրջանի գրութիւնները եւ յատկապէս կանուխ տարիներու բանաստեղծութիւնները կ՛արտայայտեն հասարակական վերելքի այն տրամադրութիւնները, որոնք կը տիրէին ազգային զարթօնքի ընթացքի մէջ գտնուող Նորվեկիոյ մէջ, յատկապէս` այդ երկրի երիտասարդութեան:
Իպսենի պատանեկութեան տարիներուն Նորվեկիան արդէն կը դառնար դրամատիրական զարգացած երկիր, ուր քաղքենիական յարաբերութիւնները յաճախ սուր ընդհարումներու մէջ էին «ամէնէն հիւսիսային» այդ ժողովուրդի դարաւոր բարքերուն ու սովորութիւններուն հետ:
Այս բոլորը իրենց արտացոլացումը կը գտնեն նաեւ նորվեկեան գրականութեան մէջ:
Ստեղծագործական կեանքի առաջին շրջանի (1849-1863) թատերախաղերով Իբսեն կը յայտնուի իբրեւ ջերմ հայրենասէր։
ԳործերԽմբագրել
- «Պուպրիկի մը տունը»,
- «Ուրուականներ»,
- «Վայրի բադը»,
- «Կինը ծովէն»: