Հին Հայաստանի Քաղաքակրթութիւնն ու Մշակոյթը

Հայկական մշակոյթին արմատները շատ հին են, անոնք սկիզբ կ'առնեն նախահայկական ժամանակներէն եւ մեզի ծանօթ են հերոսներու մասին պատմուած առասպելներէն, կրօնական հաւատալիքներէն եւ հին բնակավայրերու պեղումներէն յայտնաբերուած արուեստի գործերու միջոցով: Յայտնի են Հայկի ու Բէլի, Արամ նահապետի, Արա Գեղեցիկի ու Շամիրամի, Վահագնի եւ Տորք Անգեղի մասին յօրինուած առասպելախառն պատմութիւնները, որոնք մեզի հասած են շնորհիւ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի:

Հնագոյն Ակունքներ

Խմբագրել

Հայաստան շատ հարուստ է պատմական արժէք ներկայացնող հնութիւններով, որոնք բաց թանգարանի մը երեւոյթը կու տան մեր երկրին: Նոր քարի եւ պրոնզի դարերէն մնացած են բազմաթիւ բնակավայրեր (Շէնգաւիթ, Շրէշ բլուր), դամբարաններ (Լճաշէն, Վանաձոր), ժայռապատկերներ (Արագածի, Գեղամայ եւ Զանգեզուրի լեռներ), ամրոցներ եւ այլն: Պեղումներէն հանուած են առատ նիւթեր՝ քարէ, փայտէ, կաւէ եւ մետաղէ զէնքեր, զարդեր, արձանիկներ, կուժեր, գործիքներ եւ կենցաղային ուրիշ իրեր: Մեծամօրի մետաղաձուլարանը եղած է հին Արեւելքի մետաղամշակման առաջնակարգ կեդրոններէն մէկը: Ժայռապատկերները՝ իրենց աշխատանքի, որսորդական կեանքի, կրօնական-ծիսական արարողութիւններու տեսարաններով՝ կը ցոլացնեն Հայաստանի հին բնակիչներուն կենցաղն ու հաւատալիքները:

Հայկական մշակոյթի զարգացման մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւէ Վանի թագաւորութեան ժամանակաշրջանը (Թ.-Է. դարեր): Շինարարական արուեստը, կաւէ ու մետաղեայ զէնքերու, զարդերու պատրաստութիւնը իրենց բարձր որակով հասան այն աստիճանին, որ անոնք կը մրցէին Ասորեստանի, Բաբելոնի եւ հին Արեւելքի միւս երկիրներու քաղաքակրթութեանց հետ:

Վանի ուրարտական թագաւորութեան քայքայումէն ետք արուեստներն ու մշակոյթը եւս որոշ ատեն մը անկում կրեց, բայց յաջորդ դարերուն Հայաստանի քաղաքակրթութիւնը հետզհետէ վերականգնեցաւ: Այդ մասին մենք ունինք Քսենոֆոնի վկայութիւնները հայկական գիւղական բնակավայրերու եւ սատրապական աշտարակաւոր պալատներու մասին: Արին բերդի եւ Արմաւիրի պեղումներէն ցարդ յայտնաբերուած կաւէ սափորները եւ արծաթէ զարդեղէնները որոշ փաստեր են, որ գէթ երկրի իշխող խաւի շրջաններուն մէջ վառ կը պահուէին հինէն ժառանգուած քաղաքակրթութիւնն ու աւանդութիւնները:

Աղեքսանդր Մակետոնացիի նուաճումներէն ետք (Դ. դար) Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ կը սկսի Հելլենիզմի դարաշրջանը: Աղեքսանդրի յաջորդներուն հիմնած պետութեանց մէջ գործածական կը դառնայ յունարէնը՝ մասնաւորաբար իշխող խաւի եւ քաղաքային բնակչութեանց շրջանակներուն մէջ։ Տարբեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցական լեզու դարձած յունարէնին հետ լայն չափերով մուտք կը գործէ նաեւ հելլենական բարձր մշակոյթը, որուն տարածման կը սատարեն Յունաստանէն եւ Մակեդոնիայէն եկող բազմաթիւ պաշտօնեաներ, զինուորականներ, վաճառականներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ: Տեղական-արեւելեան եւ յունական մշակոյթներու տարրերուն միաձուլումով հետզհետէ կը ստեղծուի նոր մշակոյթ մը, որուն կու տանք հելլենիստական անունը: Արեւելքի շատ մը երկիրներ հելլենիզմի եւ յունարէնի ազդեցութեան ենթարկուելով ժամանակի ընթացքին կորսնցուցին իրենց ինքնուրոյնութիւնը եւ հելլենացումը: Նման ճակատագիր ունեցան մասնաւորաբար Փոքր Ասիոյ հին երկիրները, որոնք Հելլենիզմի դարաշրջանին կը պահէին տակաւին իրենց պատմական անունները (Կապադովկիա, Պոնտոս, Կիիկիա, Գաղատիա, Բիւթանիա եւ այլն), բայց անոնց յունախօս բնակչութիւնը մեծ մասով հելլենացած էր:

Հայաստանի մէջ եւս ստեղծուեցաւ հելլենիստական մշակոյթ: Սելեւկեան պետութեան կեդրոններուն մերձակայ շրջաններուն՝ Ծոփքի, Քոմմակէնի եւ Փոքր Հայքի մէջ անոր ազդեցութիւնը աւելի զօրաւոր էր քան Մեծ Հայքի թագաւորութեան մէջ։ Հոս, հելլենիզմի ազդեցութիւնը զգալի էր գերազանցապէս արքունիքին, ազնուանականութեան եւ քաղաքներու բնակչութեան վերնախաւին մէջ, մինչ գաւառի ժողովուրդը կը շարունակէր ապրիլ իր նահապետական հինաւուրց կեանքով, պահելով հայ ժողովուրդին ազգային մշակոյթն ու աւանդութիւնները: Այս եղաւ պատճառը, որ հելլենիստական մշակոյթը իւրացնելով հանդերձ, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր սեփական դիմագիծը: Ընդհակառակն, նոր մշակոյթին տարրերը օգտագործուեցան հարստացնելու համար հայկական ինքնուրոյն մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Հայոց Պատմութիւն, Երուանդ Փամպուքեան եւ Վլադիմիր Բարխուդարեան, Է. Կարգերու, Պէյրութ, 1998