Հին Հռոմի Երաժշտութիւնը

Հին Հռոմի երաժշտական մշակոյթը ինքնատիպ էր եւ բազմազան: Գոյութիւն ունէին երաժշտական-բանաստեղծական սեռեր՝ հարսանիքի, յաղթանակի եւ յիշատակի երգեր, որոնք յաճախ կը կատարուէին Tibia փչողական նուագարանի նուագակցութեամբ: Յաճախ մայրաքաղաքին մէջ կը հաւաքուէին տարբեր երկիրներէ եկած կատարողներ, որոնց մեծամասնութիւնը ըլլալով ստրուկներ՝ հրապարակային ելոյթներով կը զուարճացնէին տէրերը: Հին Հռոմի մէջ երաժիշտներն ու պարուսոյցները մեծ յարգանք կը վայելէին. ազնուական ընտանիքներու մէջ ընդունուած էր երեխաներուն ուսուցանել երգեցողութիւն, նուագ, պար, սակայն անոնց ելոյթները կը սահմանափակուէին ընտանեկան շրջանակով:


Աղբիւրներ

Խմբագրել

«Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն»,Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, 2017, Պէյրութ