Հիւսիսային Թանգարան

Հիւսիսային թանգարան (շուէտ.՝ Nordiska museet), թանգարան կեդրոնական Սթոքհոլմի մէջ գտնուող Եուրկորտէն կղզիի տարածքին՝ նուիրուած Շուէտի մշակութային պատմութեան եւ ազգագրութեան վաղ ժամանակակից շրջանէն (Շուէտի պատմութեան մէջ կ՛ըսուի, որ սկսած է 1520-էն) մինչեւ ժամանակակից շրջան: 19-րդ դարուն վերջը թանգարանը հիմնած է Արթուր Հազելիուսը, որ նաեւ հիմնած է Սքանսէն բաց երկինքի տակ թանգարանը: Թանգարանի ուսումնարանները անկախ սկսած են գործել 1963-էն:

Հիւսիսային Թանգարան

Տեսակ մշակույթի թանգարան?, ազգագրական թանգարան? եւ թանգարանի շենք?
Երկիր  Շուէտ[1]
Տեղագրութիւն Սթոքհոլմ[1]
Հասցէ Djurgårdsvägen 6-16, SE-115 93
Հիմնադրուած է 1873[2]
Հիմնադիր Արթուր Հազելիուս?
Այցելուներ 237 964[3]
Տնօրէն Sanne Houby-Nielsen?[4], Christina Mattsson? եւ Agne Furingsten?[5]
59°19′45″N 18°05′36″E / 59.3292°N 18.0933°E / 59.3292; 18.0933
Կայքէջ Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-sv" does not exist։
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել

Թանգարանը ի սկզբանէ (1873) կոչուած է Սքանտինաւեան ազգագրական հաւաքածոյ (Skandinavisk-etnografiska samlingen), 1880-էն՝ Հիւսիսային թանգարան (Nordiska Museum, այժմ՝ Nordiska museet): Երբ 1891-ին Հազելիուսը հիմնեց Սքանսէն բացօթեայ թանգարանը, այն աշխարհի մէջ նմանատիպ երկրորդ թանգարանն էր:

 
Թանգարանի շէնքը

Թանգարանի համար Հազելիուսը գնեց կամ ստացաւ այնպիսի նուիրատուութիւններ, ինչպիսին են կահոյք, հագուստ եւ խաղալիքներ Շուէտէն եւ Հիւսիսային Եւրոպայի երկիրներէն: Ան կըշեշտադրէր գիւղացիական մշակոյթը, բայց անոր իրաւայաջորդները սկսան հաւաքել նաեւ պուրժուական եւ քաղաքային ապրելակերպը արտացոլող առարկաներ: Սքանսենի համար ան հաւաքեց ամբողջական շէնքեր ու տնտեսութիւններ:

Չնայած նախագիծը ի սկզբանէ պետութենէն չստացաւ ֆինանսաւորում, Հազելիուսը ստացաւ լայն աջակցութիւն եւ նուիրատուութիւններ, իսկ 1898-ին «Հիւսիսային թանգարանի առաջխաղացման միութիւն»ը (Samfundet för Nordiska Museets främjande) ունէր 4525 անդամ: Ռիքստակը 1891-ին թանգարաններուն համար որոշակի գումար յատկացուց եւ այն կրկնապատկեց 1900-ին՝ Հազելիուսի մահէն մէկ տարի առաջ:

Ներկայիս շէնքը նախագծած է Իսակ Կուսթաֆ Քլասոնը: Կառուցումը աւարտած է 1907-ին՝ 19 տարի շինարարութենէն ետք: Ի սկզբանէ այն կը նախատեսուէր իբրեւ ազգային յուշարձան, որ կը պահպանէր ազգի նիւթական ժառանգութիւնը: Այնուամէնայնիւ, Սթոքհոլմի 1897-ի ցուցահանդէսին համար այն միայն կիսով չափ աւարտեցաւ, եւ երբեք աւարտին չհասցուց իրակ երեք անգամ աւելի մեծ նախնական ծրագրաւորուած չափը: Ոճային առումով շէնքը աւելի շատ իր վրայ կը կրէ հոլանտական ազդեցութեան տակ գտնուող դանիական Վերածնունդի ճարտարապետութեան ոճը (Ֆրետերիկսպորկ պալատ), քան ոչ թէ շուէտական պատմական ձեւերու ոճը: Շէնքի տաճարանման առանցքը վեր կը խոյանայ հսկայական գլխաւոր դահլիճով (126 մեթր երկարութեամբ)՝ անցնելով բոլոր յարկերով մինչեւ տանիք եւ կը գերակշռէ Կուսթաւ Ա. Վազայի հսկայական քանդակը, որ շուէտացիները կ՛անուանեն հիմնադիր-թագաւոր: Շինութեան պատերուն համար օգտագործուած է աղիւս եւ հատաքար, իսկ տանիքի համար՝ կրաձոյլ[6]:

Հաւաքածոներ

Խմբագրել

Թանգարանը իր հաւաքածոներուն մէջ ունի աւելի քան 1,5 միլիոն առարկայ՝ ներառեալ այնպիսի շինութիւններ, ինչպիսին են Սոտերմանլանի մէջ գտնուող Ճուլիտա ֆերման, Նակայի մէջ գտնուող Սուինտերսուիքը, Թիրէսոյի մէջ գտնուող Թիրէսօ պալատը, Էնչէօփինկի մօտ գտնուող մատուռը: Թանգարանային արխիւին մէջ կայ փաստաթուղթերու ընդարձակ հաւաքածոյ եւ մօտաւորապէս 6 միլիոն լուսանկար, որոնք կը թուագրուին 1840-ականներէն մինչեւ այսօր[7][8]: Թանգարանի հետազօտութիւններու գրադարանին մէջ ներկայացուած է 16-րդ դարէն սկսած գրականութիւն[9]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Շէնքի արտաքին յարդարանքներ

Խմբագրել

Շէնքի ներքին յարդարանքներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել