Հովիւի Եկեղեցի (Անի)

Հովիւի եկեղեցի կամ Նախրչու ժամ եկեղեցի, որ կը գտնուի Անիի հիւսիսային արուարձանին մէջ, Սմբատաշէն պարիսպներէն դուրս, գլխաւոր դռնէն 1,5 քմ. հեռու։

Անիի Հովիւի Եկեղեցին

Աւանդութիւն

Խմբագրել

Ըստ աւանդութեան՝ Գագկաշէնի նմանութեամբ զայն կառուցած է հովիւ-նախրապան մը (ատկէ ալ՝ Նախրչու ժամ անուանումը), որու կինը, արքայական փառաշուք տաճարին մէջ աղօթելու անարժան համարուելով վռնտուած է հոնկէ։

Ուսումնասիրութիւններ

Խմբագրել

Թորոս Թորամանեան այս եկեղեցին (իր ենթադրութեամբ՝ դամբարանը) ուսումնասիրած, չափագրած եւ մշակած է վերակազմութեան նախագիծը: Յուշարձանը թուագրած է Ժ.-ԺԱ. դարերուն եւ զայն որակած որպէս հայ ճարտարապետութեան պսակը, «որ իր նախորդը չունենալէն բացի իր յետնորդը հազիւ ունեցած է ԺԵ. եւ ԺԶ. դարերու կոթական արուեստին մէջ, այն ալ փայտի եւ երկաթի աջակցութեան շնորհիւ»[1]։

Հովիւի եկեղեցին ջլակամարներով ծածկուած ամենահին հայկական կառոյցն է։

Անիի Հովիւի Եկեղեցին Եւ Հայկական Ջղաւորումները

Խմբագրել
 
Անիի Հովիւի Եկեղեցւոյ յատակագիծը

Հայկական յատակագիծերը կը բաղկանան երկրաչափական պատկերներէ՝ շրջանակներ, քառակուսիներ, ուղղանկիւն-քառանկիւններ, բազմանկիւններ կը շարախառնուին, մէկը միւսին մէջ կը մտնեն:

Առաջին ակնարկով յատկագիծը բոլորովին վերացական է: Երկու աստղեր իրարու մէջ կը մտնեն, սակայն յուշարձանը եթէ մօտէն քննենք առաջին յարկը: ծածկուած է սալաքարով մը, որ վեց կամարներու ինքնատիպ յանդուգն դրութեան մը վրայ կը յենի: Իւրաքանչիւր կամարի մէկ ոտքը կը յենի պատին, մինչ միւսը առկախ կը մնայ կառոյցին կեդրոնը եւ ամրացած է միւս կամարներուն ծայրերուն: Քարէ ծածկոյթին ծանրութիւնը պատի վեց կէտերուն փոխանցուած է վեց կամարներու միջոցաւ: Այդ վեց կէտերուն մէջ, պատը պէտք է ամուր մնայ՝ ճնշումներուն դիմադրելու համար: Սակայն անոնց միջեւ կարելի է թեթեւցնել զանգուածը:

Ճարտարապետը ներսը խորշեր կը փորէ, բայց հոն եւս կանգ չ'առներ: Կրնայ նաեւ պատը թեթեւցնել դուրսէն: Դուրսը խորշեր կը փորէ, սակայն չի դպչիր պատի այն մատերուն, որոնք կը կրեն կամարներուն ճնշումը: Կ'առաջանան մէկը միւսին մէջ մտած երկու աստղեր: Բոլոր խորշերը ունին նաեւ զարդարանքի դեր. անոնք կառոյցը կը տաշեն թանկագին քարի մը նման: Սակայն յատկապէս եւ գլխաւորաբար անոնք շինարարական դրութեան հետեւանք են: Քանի որ գմբէթին ծանրութիւնը վեց ուղղութեամբ կը բաժնուի, բնական ,է որ այդ ուղղութիւնները երկարին նոյնինքն պատին մէջ։ Այս լուծումը կը պատրաստէ կոթական ոճը: Ճարտարապետութիւնը անընդմէջ զանգուածի սկզբունքէն կ'անցնի ջղաւորումներու տարբաղադրական սկզբունքին: Սակայն այս փոփոխութիւնը հազիւ որուագծուած է: Հոս եւս ճարտարապետերը զանգուածայինէն բոլորովին չեն հրաժարած: Ջղաւորումները, կամարները իրենք իսկ զանգուածային են: Մղումներու ուղղութիւնները յայտնաբերուած են պատին մէջ, սակայն խորշերը բոլորովին չեն ջնջեր պատը, այլ զայն որոշ տեղեր կը կտրատեն միայն: Յարկերէն առաջինը կլոր է ներսէն եւ վեցանիստ՝ դուրսէն: Աւելին, վեցանիստ անկիւնները խորշերու վերածուած են: Այստեղ խորշերը շինարարական արժէք չունին սակայն: Անոնք զարդարային բնոյթ ունին եւ բաղկացական կապ կը ծառայեն գետնայարկի խորապէս տաշուած պատին եւ վերի յարկի ողորկ պատին միջեւ, թմբուկին եւ խիստ ու պարզ գմբէթին հետ: Կառոյցը կը ներկայանայ իբրեւ եռայարկ ներդաշնակ ամբողջութիւն մը՝ որ դէպի վեր կը զարգանայ եւ բարձրանալով կը պարզանայ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Թորոս Թորամանեան, «Նիւթեր հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան», հատոր 1, էջ 319

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայկական Ճարտարապետութեան Յուշարձաններ, Համազգային, Պէյրութ,
  • Հրատարակութիւն Համազգայինի Կարմիրեան Ֆոնտի, Թիւ 1, 1972