Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշակը

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշակը միութեան պաշտօնական դրօշակը:

Դրօշակը քառանկիւն է։ Ան բաժնուած է եռանկիւնաձեւ երկու մասի։ Երկուքին միացման գիծը կ'երկարի վերի աջ կողմի անկիւնէն մինչեւ վարի ձախ կողմի անկիւնը։ Ձախ կողմի եռանկիւնը կարմիր է, իսկ աջ կողմի եռանկիւնը՝ կապոյտ։ Կեդրոնը ներկայացուած է միութեան վահանը՝ Հ.Մ.Ը.Մ. գրութեամբ։

Դրօշակին չափերն են՝ 150x100 սմ. սրահային դրօշակներու պարագային, իսկ 180 x120 սմ. տողանցքներու ընթացքին գործածուող դրօշակներու պարագային։

Դրօշակին վերի աջ կողմի անկիւնը տեղ գտած է շուշանածաղիկը՝ փոքր չափով, իսկ վարի ձախ կողմի անկիւնը՝ 1918-ը, միութեան հիմնադրութեան թուականը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը ունի նաեւ սկաուտական դրօշակ, որ իր չափերով եւ գոյներով կը նմանի միութեան դրօշակին, մէկ տարբերութեամբ որ կեդրոնը, փոխան վահանին, տեղ գտած է սկաուտական շուշանածաղիկը՝ մեծ չափով եւ «Բարձրացիր-բարձրացուր» գրութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնական եւ սկաուտական դրօշակները շրջաններուն կը տրամադրուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել