Ձայնարկութիւն (խօսքի մաս)

Ձայնարկութիւն, Զգացում արտայայտող բառերը կը կոչուին ձայնակութիւններ կամ միջարկութիւններ։

Ձայնարկութիւնները կ՛արտահայատեն ուրախութիւն, տհաճութիւն, վիշտ, հրճուանք, վախ, հիացում, տհաճութիւն, ափսոսանք եւ այլն․ ջա՜ն, օ՜հ, ո՜ւյ եւ այլն։

Որոշ ձայնարկութիւններն կ՛արտայայտեն խօսողին կամքը՝ հրաւիրելով խօսակիցին ուշադրութիւնը. ա՛յ, հէ՜յ, օ՜ն եւ այլն։

Ձայնարկութիւններ են նաեւ նմանաձայնութեամբ կազմուած բառերը՝ ճի՜ւ ճի՜ւ, ճը՜ռռ, բը՜զզ եւ այլն։

Ձայնարկութիւններու գործածութիւնը

Խմբագրել

Ձայնարկութիւններու վրայ կը տրուի երկարացման նշան կամ շեշտ՝ վա՜յ, ո՜հ, ուխա՜յ եւ այլն։

Ձայնարկաութիւնները նախադասաութեան անդամ չեն ըլլար։ Անոնք կրնան դրուիլ նախադասութեան սկիզբը, վերջը կամ մէջտեղը՝ բոլոր պարագաներուն ալ՝ ստորակէտով տրոհուելով։

Ձայնարկութիւնները կոչական անուններէն երբեմն ստորակէտով չեն բաժնուիր։ Որոշ ձայնարկութիւններն կը կապուին նախադասութեան անդամներուն հետ եւ ստորակէտով չեն բաժնուիր անոնցմէ։