Ղեւոնդ Քհնյ. Տէր Ներսէսեան
Ղեւոնդ Քհնյ. Տէր Ներսէսեան, աւազանի անունով՝ Սարգիս, որդի Տէր Ներսէս քահանայ Տէր Ներսէսեանի, ծնած է Կարմուճի մէջ 1880-ին, ըստ իր կենսագրութեան եւ թոռնիկին վկայութեան։
Ղեւոնդ Քհնյ. Տէր Ներսէսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1880 |
Ծննդավայր | Կարմուճ |
Մահացած է | 1946 |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Ջուլհակութիւն |
Ծնողներ | Տէր Ներսէս քահանայ Տէր Ներսէսեան |
Երեխաներ | 5 |
Իր նախնական ուսումը ստացած է Կարմուճի ծխական դպրոցին միայն մանկապարտէզը։ Գրել-կարդալ սորված է քահանայ հօրմէն եւ ինքնաշխատութեամբ։ Պայմաններու բերումով մտած է ազատ ասպարէզ ու հետեւած ջուլհակութեան։ Շուտով սորված է արհեստը եւ նիւթական միջոցներ ապահովելով ձեռնարկած անձնական աշխատանքի։
Երկար տարիներ եկեղեցւոյ ծառայելով արժանացած է դպրութեան աստիճաններուն եւ եղած է ուրարակիր։ Իր քաղցրահունչ ձայնով փնտռուած դպիր մը եղած է եկեղեցւոյ մէջ։
Ամուսնութեան տարիքը բոլորելէ ետք, ընտրած է իր կեանքի ընկերը՝ Պատուելի Յովհաննէսին աղջիկը՝ օրդ. Խանըմը, որուն հետ պսակուած է Կարմուճի մէջ, 1900-ին։ Ունեցած է 5 զաւակներ, որոնցմէ երեքը կը մահանան եւ ողջ կը մնան մանչ մը եւ աղջիկ մը։
Ղեւոնդ Քհնյ. Տէր Ներսէսեան ուղեղային կաթուածի հետեւանքով հիւանդացած է։ Բժշկական դարմանումները անցած են ապարդիւն։ Իրեն համար քահանայագործելը գրեթէ կ'ըլլայ անկարելի։ Հարկադրուած քաշուած է հրապարակէն։ Բերիոյ Թեմի Կրօնական ժողովի տնօրինութեամբ՝ Տէր Ղեւոնդ Տեղափոխուած է Հալէպ բւ պատսպարուած Հայ Ծերանոցին մէջ։
Իր հիւանդութենէն 14 տարի առաջ, 1930-ին, արդէն մահացած էր երէցկինը։
Տէր Ղեւոնդ երկու տարի բժշկական խնամքի տակ ապրած ու վախճանած է 1946-ին։
Իր թաղման կարգն ու վերթին օծումը կատարուելէ ետք, մարմինը ամփոփուած է Հայոզ Ազգ. Գերեզմանատունը[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 293։