Ղրիմահայ Գաղութը
Ղրիմի հայկական գաղութը, Ռուսական պետութեան տարածքին ձեւաւորուած հայկական առաջին գաղութներէն մէկը Ղրիմն էր: Ներկայիս, Ղրիմի մէջ կ'ապրի 25000 հայ:
Պատմական Ակնարկ
ԽմբագրելՂրիմի մէջ հայերը բնակութիւն հաստատած են թերեւս 10-րդ դարէն սկսեալ: Հայերու կողմէ ստեղծուած գաղթավայրերը շուտով բազմացան, ընդարձակեցան. նշանակալի դեր կը կատարէին Սեւ Ծովի երկիրներու առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ: Պատահական չէր, որ Միջին դարերուն Ղրիմը անուանած են «Ծովային Հայաստան»: Արդէն 14րդ դարուն Ղրիմի մէջ հայ բնակչութիւնը կը կազմէր երկրորդ մեծամասնութիւնը թաթարներէն ետք:
1783 թուականին Ղրիմը Ռուսիոյ միանալէն ետք տեղի հայկական գաղթավայրերը հայ բնակչութեան նոր ներհոսքի շնորհիւ աստիճանաբար կը սկսին վերակենդանանալ եւ աշխուժ կեանք մը ապրիլ: Ղրիմահայ գաղութի կազմակերպումը կը սատարէ ռուսահայ թեմի առաջնորդ Յովսէփ Արղութեանը, որ այդ նպատակով 1787 թուականին կը ձեռնարկէ ուղեւորութիւն դէպի Ղրիմ: Ուղեւորութենէն ետք Արղութեանը ռուսական զանազան ատեաններուն կը ներկայացնէ Ղրիմի շարք մը վայրերը, մասնաւորապէս Թէօտոսիա եւ Հին Ղրիմի կիսաւեր քաղաքները հայերուն տրամադրելու եւ Թուրքիայէն դէպի Ղրիմ հայերու տեղափոխութիւնները առաջարկութիւններն ու ծրագիրները:
28 Հոկտեմբեր 1799 թուականին կը հրապարակուի կայսերական հրովարտակը, որ բացի առանձնաշնորհներ տալէն, հայերուն կ'արտօնէ բնակութիւն հաստատել թերակղզիին վրայ, ունենալ սեփական քաղաքապետարան:
Հին Ղրիմ քաղաքի բնակեցումը հայերով հիմնականին կը սկսի 1806-1808 թուականներուն, իսկ երկու տարի ետք արդէն, քաղաքը ունէր 1640 բնակիչ, որոնք կառուցած էին 165 նոր տուն, 4 քարւանսարա, 93 կրպակ, 6 սրճարան եւ այլն: Հետագային, այստեղ տեղափոխուեցան մեծ թիւով նոր Նախիջեւանցիներ եւ Գրիգորոպոլցիներ: Ղրիմահայութեան գերակշիռ մասը կը կազմէին արեւմտահայերը, որոնք Ղրիմ կը գաղթէին այնտեղ տեսնելով առեւտուրի, արհեստագործութեան ու այգեգործութեան զարգեցման լայն հեռանկարներ:
18րդ դարու վերջերէն սկսած ընդհուպ մինչեւ առաջին համաշխարհային պատերազմը հայերը պարբերաբար Թուրքիայէն կու գային եւ կը հաստատուէին Ղրիմի մէջ: 20-րդ դարու սկիզբը հայերուն թիւը Ղրիմի մէջ աւելցաւ: 1913-1914 թուականներուն անիկա կը հասնէր 14-15 հազարի, թեէպէտ իրականին մէջ աւելի էր: Առանձին հայ մեծահարուստներ դարձած էին Ղրիմի շարք մը քաղաքներու՝ Արմեանսկ, Մելիտոպոլ, Ղարասուպազար քաղաքներու քաղաքագլուխներ: Ղրիմահայ կեանքին մէջ եկեղեցին բացի կրօնական հարցերէն, կը միջամտէր համայնքի աշխարհիկ խնդիրներու: Մինչեւ 1803 թուական ղրիմահայութեան եկեղեցական գործերը կը վարէր Մոր Նախիջեւանի հոգեւոր վարչութիւնը: 1842 թուականին Ղրիմի մէջ կը նշանակուի Ղրիմի հայ եկեղեցիներու եւ Սուրբ Խաչ վանքի գլխաւոր հոգաբարձու:
Գաղթօճախի Տնտեսական Վիճակը
ԽմբագրելՂրիմահայերու տնտեսական կեանքին մէջ կը շարունակէր մեծ դեր խաղալ առեւտուրը, արհեստներն ու երկրագործութիւնը: 19-րդ դարու վերջը Ղրիմի մէջ հաստատուած առեւտրական արուեստակցութեան 10 տոկոսէն աւելին, որ կը կազմէր թիւով 523 վաճառականներ, հայեր էին: Ղրիմահայերու մէջ յատկապէս առանձնացած են խոշոր հողատէրերը. այդպիսիք էին օրինակ Սերեպրեակովները, որոնք ունեցած են շուրջ 7000 տեսեատին, Սփենտիարովները՝ աւելի քան 6000 տեսեատին, Ստեփանեանները՝ 2000 տեսեատին, անոնք քիչ մը կը զիջէին Օպերովները, Պենքլիեւները եւ ուրիշները: Ղրիմահայերու կեանքին մէջ կարեւոր դեր կը խաղար արհեստագործութիւնը:
Հայերը ճանչցուած արհեստաւորներ էին Հին Ղրիմի մէջ, Ղարասուպազարի, Թէօտոսիոյ, Սիմֆերոպոլի եւ Արմեանսկի մէջ: Տեղի հայերու ձեռնարկատիրական ոլորտները նոյնպէս աւանդական հայկական էին. ոսկերչութիւն, դերձակութիւն, կօշկակարութիւն, սնունդ, ներկարարութիւն, գինեգործութիւն եւ այլն: Այստեղ ալ հայկական ծագումով գործատէրերը քիչ չէին. Ղարապազարի եւ Սիմֆերոպոլի մէջ մեծահարուստներու շարքին կո հանդիպէինք Մոմճեաններուն եւ Ռաֆայէլեաններուն, Սեւաստապոլի յայտնի գործարանատէր էր Գէորգեանցը, ողջ Տաւրիայի մէջ հռչակուած էին Սրապիոնեան արհեստանոց-գործարանի արտադրած կովկասեան կօշիկները:
Ղրիմահայերուն Հասարակական եւ Կրթամշակութային Կեանքը
ԽմբագրելՂրիմահայերէն շատերը իրականացուցած են բարեգործական ծրագիրներ. մեծահամբաւ նկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքին իրեն պատկանող Սուպաշի լիճէն 1887 թուականին Թէօտոսիա քաղաքին կը նուիրաբերէ օրական 50 հազար դոյլ ջուր, որ հնարաւորութիւն կու տայ յաջորդ տարի անցընել 30 քմ. ջրմուղ, որ լիովին կը բաւարարէր քաղաքին պահանջները:
Հայազգի երկրագործ Շահուերտեանի նախագիծով 1901 թուականին Սիմֆերոպոլի մէջ կ'իրականացուի արտաքին լուսաւորութիւն: Ղրիմահայ առաջին դպրոցը հիմնուեցաւ Ղարապազարի մէջ, 1816 թուականին: 1820 թուականին դպրոցին մէջ կ'աշակերտէր 80 երեխայ:
Հայկական դպրոցներ կը բացուին նաեւ Հին Ղրիմի մէջ, Թէօտոսիոյ, Եւպատորիոյ, Կերչիի, Օրապազարի, Սուպաշի եւ այն վայրերուն մէջ, ուր նկատելի թիւով հայութիւն կար: Ղրիմահայ ծխական դպրոցները որակեալ դասատուներով ապահովելու համար նշուած դպրոցներէն Լազարեան Ճեմարան կ'ուղարկուէին ընդունակ ուսանողներ: Ուսումը աւարտելէն ետք անոնք կը վերադառնային Ղրիմ՝ մանկավարժական աշխատանքի անցնելու համար:
Ղրիմահայ ուսումնական հաստատութիւններու շարքին խիստ կ'առանձնանայ Խալիպեան ուսումնարանը: 4 Յունիս 1858 թուականին Գաբրիէլ Այվազովսկիի ներկայացուցած նախագիծը կը հաստատուի Ալեքսանտր Բ.ի կողմէ՝ Կանոններ Հայկազեան ուսումնարանի անուան տակ, որ հնարաւորութիւն կու տայ օգտագործելով Խալիպեաններու նիւթական աջակցութիւնը, 14 Հոկտեմբեր 1858 թուականին բացած է ուսումնարանը: Սկիզբը այստեղ կը սորվէին 89 աշակերտ, որոնց թիւը այնուհետեւ հասաւ 140-ի: Ուսումնարանը ունէր տպարան, ուր կը տպագրուէին հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով դասագիրքեր, թարգմանչական գրականութիւն, տարեգիրքեր եւ այլն: Այստեղ կը տպագրուէին երկու հայկական պարբերականներ՝ «Մասեաց Աղաւնին» եւ «Դաստիարակը»:
19-րդ եւ 20րդ դարուն սկիզբները ղրիմահայերը տուին համազգային եւ համաշխարհային հռչակ վայելող արուեստագէտներ, որոնց կը թուի՝ նկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքին, իր տաղանդաւոր աշակերտ Մահտեսեանը, հայ դասական եւ ազգային երաժշտութեան մեծ ներկայացուցիչներ Ալեքսանտր Սփենտիարեանն ու Քրիստափոր Քարամուրզան:
Ղրիմահայ մշակոյթի նկատելի դրսեւորումներէն մէկն ալ ճարտարապետութիւնն էր, հայերու շինարարական գործունէութիւնը թերակղզիին մէջ: Հայկական դասական ճարտարապետութեան հիանալի կոթողէ Եալթայի մէջ 1905-1909 թուականներուն կառուցուած հայկական եկեղեցին: Ճարտարապետական հոյակերտ յուշարձան է Յովհաննէս Այվազովսկիի պատկերասրահը, որ կառուցոած է իր իսկ նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով:
Հայկական եկեղեցիներ կառուցուած են Եւպատորիոյ, Հին Ղրիմի, Արմեանսկի, Սիմֆերոպոլի մէջ, որոնց մէկ մասը դժբախտաբար չեն պահպանուած: Ժամանակին Թէօտոսիոյ ամենամեծ եւ գեղեցիկ շինութիւններէն կը համարուի Խալիպեան ուսումնարանի եռայարկ շէնքը, որ Հայրենական պատերազմի ժամանակ ռմբակոծութեան հետեւանքով լրիւ աւերուած է: Քաղաքացիական բնոյթի շինութիւններ կառուցուած են Սփենտիարեաններու, Թոփալեաններու, Սեֆերովներու եւ այլ մեծահարուստ հայերու պատուէրներով:
Գրականութիւն
Խմբագրել1. Վ. Միքայելյան, «Ղրիմի հայկական գաղութի պատմություն» Երեւան, 1964 թ.
2. Վ. Միքայելյան, «Ղրիմի հայկական գաղութի պատմություն (1801-1917)», Երեւան, 1970
3. Վ. Միքայելյան, «Ղրիմահայոց պատմություն», Երեւան, 1974 թ.
4. Վ. Միքայելյան, «Ղրիմահայ գաղութը Արեւելք-Արեւմուտք հարաբերությունների ոլորտում (13–18-րդ դարեր)», Երեւան, 2000 թ.
5. В. Микаелян, “История крымских армян” (Симферополь), Ереван, 2004 թ.
6. В. Микаелян, “На крымской земле”, Ереван, 1989.