Ճալէթ
Ճալէթ, Հիւսիսային Աղուանքի մէջ, հայ եւ ուտիական պատմական բնակավայր:
Բնակավայր | |
---|---|
Ճալէթ | |
Երկիր | Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն |
ԲԾՄ | 628 մեթր |
Ժամային գօտի | UTC+4։00 |
Անոր շուրջ հայաբնակ շարք մը գիւղեր կային, որոնք հարուստ էին պատմական ճարտարապետական յուշարձաններով եւ եկեղեցիներով, իսկ Ճալէթի Սուրբ Աստուածածին վանքը Աղուանից կաթողիկոսներու աթոռանիստ եղած է:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՃալէթ կը գտնուի Շաքիէն արեւելք եւ Վարդաշէնէն արեւմուտք, Կովկասեան լեռներու հարաւահայեաց լանջին, եւ երեք ձորերով չորս թաղամասերու բաժնուած է[1]:
Ճալէթ հին դարերէն հայաբնակ շէն եւ մեծ բնակավայր եղած է: Բնակչութեան թիւը ստուարացած է գլխաւորաբար Խաչէնէն հոն տեղափոխուած հայերով, մասամբ նաեւ Նիժէն տեղափոխուած ուտիներով:
Ճալէթի բնակարանները քարաշէն էին, ամրակուռ, իւրայատուկ ճարտարապետութեամբ եւ փորագրուած արձանագրութիւններով:
Եկեղեցիները
ԽմբագրելՃալէթի մէջ կը գործէին երկու եկեղեցիներ, երկուքն ալ` Սուրբ Աստուածածին անունով:
Ճալէթի բարձունքին Սուրբ Աստուածածին վանքն է: Աւանդութեան համաձայն անիկա հիմնուած է Եղիշէ առաքեալին կողմէ: Վանքը հայ ճարտարապետութեան իւրայատուկ յուշարձան է: Վանքին վերակառուցումը կապուած է Աղուանից Տէր Կարապետ կաթողիկոսին (1406-1423) անուան հետ, որ զայն իր աթոռանիստը ըրած էր:
Վանքին հին եկեղեցւոյ աւագ խորանէն դէպի արեւելք բացուող լուսամուտի ագուցուած քարին վրայ արձանագրուած է. «Յանուն Աստուծոյ ես Տէր Կարա(պետ) կաթողիկոս շինեց (ի) զեկեղեցիս ի Թվ (ի)ս Պկ (1411), յիշատակ հոգւոյ իմոյ (որք) կարդայք (յաղաւթս) յիշեցէք»:
Վիմագրութեան մէջ շինել բառը յաճախ կը նշանակէ ոչ միայն կառուցել, այլ նաեւ վերակառուցել, նորոգել:
Վանքին եկեղեցին միանաւ թաղածածկ պազիլիք է, անտաշ քարերով ու կրաշաղախով: Սրբատաշ են միայն անկիւնաքարերը:
Եկեղեցւոյ դրան առջեւ ամփոփուած են երեք կաթողիկոսներու մարմինները:
Կարապետ կաթողիկոսին տապանաքարին վրայ արձանագրուած է. «Այս է տապան երիցս վեհից, որք օծեցեալք ի տունն Աղուանից, աստ թափառեցեալք յայնմ միջոցին, կան ամփոփեալք ի ներ տապանիս, յար սպասեն հաստչին բնաւից, ակնկալեն յուսով պտղայից»:
Իսկ Թովմա կաթողիկոսին տապանաքարին վրայ արձանագրուած է. «Ի թվ. ՋԻԴ (1475) հանգիստ Թովմայ կաթուղիկոսին: Ի թվ. ՋԿ (1551) ես տէր Առաքեալ կաթուղիկոս, գնեցի վերստին պարոն Հասանբէկին եկեղեցւոյս դրան Ճալէթ գիւղս: ԳՌ թանկայ խարճ արի, եւ տուի վասն մեր հոգւոյս Սուրբ Աստուածածնին. եւ ով հակառակի այս գիւղ Ճալէթիս, կամ խլէ…»:
Ճալէթի վանքը կոչուած է նաեւ Աւետարան եւ Սուրբ Երեք Մանկունք անուններով, որովհետեւ հոն կը պահուէին Կոստխած կոչուած Աւետարանը եւ Երեք Մանկունքէն մասունքներ:
Վանքը պարսպապատ էր. եկեղեցւոյ շուրջ միաբաններու եւ ուխտաւորներու կացարաններն էին եւ գերեզմանոց: Բակին մէջ վճիտ ջուրով երկու աղբիւրներ կային: Աղբիւրներուն միջեւ հրաշալի ջուրը աղեղնաձեւ կը թափէր գեղակերտ աւազանին մէջ: Ջրօրհնէքը այդ աւազանին մօտ կը կատարուէր:
Վանքը իրեն սեփականութիւն ունէր գիւղեր, ագարակներ, դաշտեր, արտեր, արօտավայրեր, այգիներ, անտառներ եւ կովերու ու ոչխարներու հօտեր: Անոնք մեծ եկամուտ կ՛ապահովէին վանքին: Շրջանի կարգ մը գիւղեր ալ տասանորդ կը վճարէին վանքին:
Աղուանից Տէր Պետրոս Բ. կաթողիկոս յաջորդ Տէր Կարապետ կաթողիկոսի 1406-ին հայրապետական աթոռը Գանձասարէն Ճալէթ տեղափոխեց:
Կաթողիկոսական աթոռին տեղափոխումը
ԽմբագրելԿաթողիկոսական աթոռին Գանձասարէն Ճալէթ տեղափոխումը պայմանաւորուած էր իսլամական թաթարական հոծ զանգուածով շրջապատուած հայ եւ ուտի քրիստոնեաներուն ինքնութիւնը ամրապնդելու եւ կաթողիկոսութեան ազդեցութիւնը պահպանելու նպատակով:
Տէր Կարապետի Ճալէթ տեղափոխուելէն որոշ ժամանակ անց Գանձասարի մէջ եւս շարունակեցին գահակալել կաթողիկոսներ:
Ճալէթի մէջ հաստատուած կաթողիկոսական աթոռը սակայն հաստատուն չեղաւ եւ չկրցաւ հոգեւոր էական դերակատարութիւն ունենալ: Գանձասարի Աղուանից աթոռը միշտ կրցաւ պահպանել իր գերագահութիւնը:
Ճալէթի կաթողիկոսներու մասին բոլոր յիշատակարաններուն մէջ, Աղուանից անունին հետ գործածուած է «ի յաթոռն Ճալէթոյ» արտայայտութիւնը, Աղուանից երկու աթոռները տարբերակելու նպատակով:
Հետագային Ճալէթի կաթողիկոսութիւնը կը գոյատեւէ իբրեւ Գանձասարի կաթողիկոսութեան աթոռակիցի կարգավիճակով գործող հայրապետական կեդրոն, բայց ոչ հակաթոռ:
Ճալէթի մէջ գահակալած են Տէր Կարապետ (1406-1423), Տէր Մատթէոս Գ. (1423-1436), Տէր Թովմա Սոկութլվեցի (1471-1475), Տէր Ստեփանոս (1476), Տէր Ներսէս Դ. (1478), Տէր Առաքել Սոկութլվեցի (1479-1511) եւ Տէր Արիստակէս (1511-1516) կաթողիկոսները:
Ճալէթի կաթողիկոսական աթոռին վերաբերեալ տեղեկութիւնները կցկտուր են եւ հնարաւոր չէ սահմանել Տէր Մատթէոս Գ.-էն մինչեւ Տէր Թովմա Սոկութլվեցի` շուրջ 35-ամեայ ժամանակաշրջանին աթոռակալած հայրապետներու ճշգրիտ թուականները[2]:
Յարակից հայաբնակ գիւղեր
ԽմբագրելՃալէթի յարակից երբեմնի հայաբնակ գիւղերն են` Նորշէն, որ կը գտնուի Ճալէթի հարաւային կողմը. դիրքը դաշտային է: Հոն կը գործէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Կողքին` Օթմանլու եւ Ջովլան փոքր գիւղեր են` իրենց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներով:
Օրաբան կը գտնուի Կովկասեան լեռներուն ստորոտը, Օրաբան կամ Պտէզի գետի ձախ ափին: Օդն ու ջուրը` սքանչելի: Բնակիչները Խաչենէն եւ Ջրաբերդէն եւ մէկ ընտանիք ալ Ագուլիսէն տեղափոխուած են հոն: Պահած էին Արցախի բարբառը: Կը գործէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին[3]: