Ճարպակալումը հիւանդութիւն մը, որ կրնայ զարգանալ կեանքի որեւէ հանգրուանին։ Ըստ բժիշկներուն, հիւանդութիւնը կրնայ հոգեբանական, բժշկական եւ առողջական լուրջ խնդիրներ յառաջացնել։ Ճարպակալումը կը զարգանայ, երբ մարմինին ընդունած սննդանիւթերուն քանակը կը գերազանգէ իր սպառած ջերմուժին ուժականութիւնը։

Ճարպակալում
ՀՄԴ-9 278.00
ՀՄԴ-10 E66.9
OMIM 601665
MedlinePlus 003101
eMedicine 123702
MeSHID D009765
Disease Ontology DOID:9970
NCI Thesaurus C3283

Բժշկութեան մէջ ընդունուած է գիրութեան հաշուարկման յատուկ բանաձեւ մը, որ կը կոչուի մարմինի զանգուածը չափանիշ (BMI), որ կը գնահատէ մարդու հասակին եւ կշիռքին յարաբերակցութիւնը։ Ճարպակալում կը համարուի այն երեւոյթը, երբ ստացուած արդիւնքը, այսինքն՝ մարմինի զանգուածի չափանիշը 30-35-էն վեր է։

1992-էն ի վեր սկսած է կիրարկուիլ ճարպակալման բուժման նոր ճիւղ մը, որ կը կոչուի վարեադրիկ փոխարկական վիրաբուժութիւն (βαριατρική μεταβολισμική χειρουργική)։ Վարոս (βάρος) յունարէն կը նշանակէ կշիռք, իսկ եադրիքի՝ բժշկական։ Այս նոր վիրաբուժութիւնը կը պարունակէ շարք մը տարբեր վիրաբուժութիւններ, ինչպէս՝ ստամոքսի շրջանցում, պոլոնաւորում, օղակաւորում եւ այլն։

Ճարպակալման իբրեւ հետեւանք յառաջացած հիւանդութիւններ Խմբագրել

Ճարպակալումը կը յառաջացնէ շաքարախտի որոշ տեսակ մը, սրտի հիւանդութիւն, զարկերակային գերճնշում, պնդերակութիւն, քոլեսթերոլի բարձրացում, յօդացաւ, ռոմաթիզմ, շարժելու եւ քալելու դժուարութիւն, մկանային ցաւ, շնչառութեան դժուարութիւն, քունի շնչադադար, ուղեղային կաթուած, յետվիրահատական բարդութիւններ եւ դաշտանային խանգարումներ։ Այն անհատները, որոնք արդէն կը տառապին վերոյիշեալ հիւանդութիւններէն, ճարպակալումի պատճառով իրենց հիւանդութիւնները առաւել կը զարգանան։ Ճարպակալումէ տառապողները աւելի կարելիութիւնը ունին զարգացնելու իրենց մէջ կրծքագեղձի, որկորի, ստամոքսի, արգանդի եւ լայն աղիքի խլիրդ, ինչպէս նաեւ ծննդաբերութեան եւ յղութեան դժուարութիւններ[1]։ Մարմնի ճարպը կը գտնուի մարմնի զանազան բաժիններուն մէջ։ Ճարպի քանակը միայն ինք չէ ցուցանիշը վտանգին, այլ ճարպի կուտակման վայրը, օրինակ՝ փորի կամ մարմնի միջին մասը կուտակուած ճարպը աւելի վտանգաւոր է, քան կոնքի մէջ կուտակուած ճարպը։

Ե՞րբ եւ որո՞նց կ'առաջարկուին այս գործողութիւնները Խմբագրել

Այս վիրաբուժութիւնները կ'առաջարկուին այն մարդոց, որոնց մարմինի զանգուածին չափանիշը 30-էն վեր է, եւ որոնք կը տառապին շարք մը հիւանդութիւններէ, ինչպէս՝ շաքարախտ, յօդացաւեր, եւ երբ մարմինի կշիռքին նուազումը առողջական լուրջ անհրաժեշտութիւն կը համարուի։

Այս վիրաբուժութիւնները կ'առաջարկուին նաեւ այն մարդոց, որոնց կշիռքին նուազեցման համար աւանդական միջոցները, ինչպէս՝ մարզանքը, սննդականոններու հետեւումը, դեղահատերը երբեք չեն յանգեցուցած որեւէ դրական արդիւնքի ։

Ճարպակալման վիրաբուժութեան մաս կազմող բաժինները.

Ստամոքսի օղակաւորում Խմբագրել

Այս վիրաբուժութեամբ սիլիքոնէ թաղանթով պատուած օղակ մը կը տեղադրուի ստամոքսին վերի բաժինը, որմով ստամոքսը կը բաժնուի երկուքի՝ մեծ եւ փոքր բաժիններու, ստանալով աւազէ ժամացոյցի տեսք։ Այս սիլիքոնէ օղակին տրամագիծին ճշդումը վիրաբուժին հայեցողութեան իբրեւ արդիւնք, հիւանդը քիչ կ'ուտէ եւ շուտ կը յագենայ, որովհետեւ սնունդը նախ կը հաւաքուի ստամոքսին փոքր մասին մէջ, որ անմիջապէս կը փոխանցէ կուշտ ըլլալու զգացողութիւնը։

Ստամոքսի շրջանցում Խմբագրել

Այս վիրաբուժութիւնը կը շրջանցէ ստամոքսը, այսինքն՝ շատ փոքր մաս մը ստամոքսէն առնուելով ուղղակի կը կցուի փոքր աղիքներուն, հետեւաբար հիւանդը ստիպուած կ'ըլլայ քիչ սնունդ ստանալ ու շուտ յագենալ նաեւ կը յագենայ անօթութեան հորմոնը։

Ներստամոքսային փուչիկի տեղադրում Խմբագրել

Վիրաբուժութեան այս եղանակով endoscopy-ի հսկողութեամբ սիլիքոնէ փուչիկը բերանէն կը տեղադրուի ստամոքս եւ հոն կը լեցուի հականեխուած ջուր կամ օդ՝ ստանալով այնպիսի ծաւալ մը, որ կարելի չըլլայ անցնիլ դէպի աղիքներ։

Այս փուչիկը կը տեղադրուի ստամոքսին մեջ 6 ամսուան ժամկէտով, որմէ ետք դիւրութեամբ դուրս կը բերուի ստամոքսէն։ Այս միջոցը կարելի է իրականացնել տարին 1-2 անգամ։ Փուչիկը որոշ տարածք գրաւելով ստամոքսին մէջ, տեւական յագեցած ըլլալու զգացողութիւնը կը յառաջացնէ հիւանդին մօտ եւ կը նուազեցնէ կրկնակի սնունդ ստանալու անհրաժեշտութիւնը։

Ստամոքսի կցում Խմբագրել

Այս վիրաբուժութեամբ ստամոքսը կը վերածուի բարակ խողովակի։ Նոր ստամոքսը ալ հնարաւորութիւն չ'ունենար ընդարձակուելու, հետեւաբար կ'ընդունի քիչ սնունդ, կու տայ շատ յագեցողութիւն եւ կ'արտադրէ քիչ քանակութեամբ անօթութեան հորմոն։

Վիրաբուժութեան այս տեսակը աւելի ապահով եւ արդիւնաւէտ է, քան նախորդը, որովհետեւ ոչ մէկ օտար նիւթ կը տեղադրուի ստամոքսին մէջ։ Այս վիրաբուժութիւնը առաջին անգամ կիրարկուած է 2006-ին։

Այս վիրաբուժութիւնը կը տարբերի միւսներէն անով, որ ստամոքսէն ոչ մէկ բաժին զանց կ'առնուի, այլ՝ զինք իր մէջ ծալելով ծաւալը կը փոքրանայ։

նշեալ վիրաբուժութիւնը ուշագրաւ է իր արդիւնաւէտութեամբ, մանաւանդ որ կողմնակի ազդեցութիւններ գրեթէ չունի, եւ կարելի է ստամոքսը վերականգնել իր նախկին ձեւին՝ առանց որեւէ բարդութեան։

Բնական միջոցներով ձերբազատիլ ճարպերէն Խմբագրել

Հետազօտութիւններէն պարզուած է, թէ Տ. կենսանիւթով հարուստ սնունդը մարմինը զերծ կը պահէ ճարպի կուտակումէ, քանի որ «Օմեկա 3»-ի ճարպաթթուները յատուկ էնզայմներու օգնութեամբ կը նպաստեն կշիռքի նուազումին: Երբեմն անձը կ'ունենայ գաղտնի ճարպակալում, այսինքն` գիրութիւնը բացայայտող ցուցանիշը բնական կ'ըլլայ, սակայն մարմինին մէջ կը գերակշռեն ճարպային հիւսուածքները: Այս պարագային կարգաւորելով սննդակարգը, հետեւելով ֆիզիքական վարժութիւններու կարելի է հասնիլ սպասուած արդիւնքին[2]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «Զգոյշ» Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ, Ա. Տարի, թիւ 2, Մայիս 2015: