Ճափոնի փողոցներուն հասցէները

Ճափոնի փողոցներուն [1]մեծ մասը անուն չունի:

Ճափոնցիները ուրիշ երկիրներու մէջ գործածուած հասցէներու դրութենէն շատ աւելի տարբեր ձեւ մը կը գործածեն: Այս դրութիւնը բաւական խրթին է: Բացի գլխաւոր քանի մը խաչմերուկներէն, Ճափոնի մէջ ճամբաները անուն չունին: Քաղաքները բաժնուած են թաղամասերու, որոնք  իրենց կարգին բաժնուած են թաղերու. այս թաղերը  բաժնուած են շէնքերու խումբերու, իւրաքանչիւր շէնք, որ մաս կը կազմէ այդ խումբին, ունի թիւ մը:

Այս շէնքերու խումբերուն թիւերը հասցէներն են: Այս խումբերուն թիւերը տրուած են ըստ անոնց շինութեան թուականին: Ասիկա շատ դժուար կը դարձնէ Ճափոնի մէջ հասցէ մը գտնելը,  նոյնիսկ ճափոնցիները երբեմն կը կորսուին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել