Մամոնա
Մամօնան (Մամոնա), Նոր Կտակարանի մէջ նկարագրուած հարստութեան և ագահութեան դևն է որ կը յիշուի Մատթէոսի Աւետարանի 6-րդ գլխու 19-21 և 24 համարներուն մէջ, իսկ Ղուկասու Աւետարանի 16-րդ գլխու 3 համարին մէջ։
Հայ գրականութեան մէջ Մամօնայի գաղափարին կը հանդիպինք Պաղդասար Դպրի «Առ Մամօնայն»[1] բանաստեղծութեան մէջ, ուր Պաղդասար Դպիր կը նպատակադրէ բացայայտել փողի և հարստութեան կործանարար իշխանութիւնը մարդուն վրայ։ Ան Մամօնայի մասին կը գրէ ժողովրդական բարոյականութեան տեսակէտէն՝ որ կը մերժէ անոր սարսափելի աստուածութիւնը։
Սլաւ դիցաբանութեան մէջ Մամօնան կը ներկայացուի վայրի կնոջ կերպարաքով, որ մարդկանց կը մոլորեցնէ թէ բառացիօրէն և թէ փոխաբերաբար։ Ան օգնական է Ծիեվոնա աստուածուհիին։
Ներկայիս, մամօնա բառը կը գործածուի տարբեր լեզուներու մէջ, ինչպէս Լեհերէնի մէջ՝ ուր կը գործածուի բացասական կերպով նկարագրելու դրամը։
Օգտագործուած Աղբիւր
Խմբագրել- Հայ Դասական Քնարերգութիւն