Մանկական վարակիչ հիւանդութիւններ
Ա.-Խոզուկ կամ ունկնախտ (mumps)
ԽմբագրելԱյս մէկը ունկնագեղձի (parotid gland) ժահրային փոխանցիկ վարակ մը է։ Ան կը փոխանցուի հազալով, փռնգտալով եւ կամ հիւանդին պնակն ու դգալ-պատառաքաղը գործածելով։ Խոզուկի ախտանշաններն են՝ հարբուխանման վիճակ, փորի ցաւ, երեսի ուռեցք, ջերմութիւն, ուտելու եւ կլլելու դժուարութիւն. յաճախ տղաք կ՛ունենան նաեւ ամորձիքներու ուռեցք, ցաւ եւ բորբոքում։ Անոր դարմանումը կ՛ըլլայ՝ ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով, առատ հեղուկ խմելով եւ հակաջերմ դեղեր առնելով։ Ունկնախտը կանխարգելի է յատուկ պատուաստով մը։
Բ. Ձեռքի, ոտքի եւ բերանի հիւանդութիւն (hand, foot and mouth disease)
ԽմբագրելԱսիկա փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է. անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 3-4 օր է։ Այս հիւանդութեան ախտանշաններն են՝ մեծ թիւով շատ պզտիկ բշտիկներ՝ մասնաւորապէս բերնին, ոտքին եւ ձեռքերուն վրայ եւ մեղմ ջերմ, որ կը տեւէ քանի մը օր միայն։ Ան փոխանցիկ է, մինչեւ այն ատեն որ բշտիկները դեռ կան։ Կը դարմանուի հակաջերմ դեղ առնելով եւ առատ հեղուկ խմելով։
Գ.Մանկական կարմրախտ (roseola infantum)
ԽմբագրելԱսիկա ժահրային փոխանցիկ մեղմ վարակ մըն է, որ կը հարուածէ ընդհանրապէս 6-24 ամսու մանուկները. հազուադէպօրէն կը տեսնուի 4 տարեկանէն ետք։ Անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 10-15 օր է. իսկ փոխանցումը կը պատահի ուղղակի դպչելով եւ լորձունքի միջոցով։ Ախտանշաններն են՝ անակնկալ բարձր ջերմ, կարմիր-վարդագոյն ՝ վիզի եւ թեւերու վրայ եւ ապա՝ ամբողջ մարմնին վրայ. ան կը մնայ միայն 3-5 օր, եւ այս պատճառով ան կը կոչուի նաեւ երեք օրուան վարակ։ Անոր դարմանումը կ՛ըլլայ հակաջերմ դեղեր գործածելով եւ առատ հեղուկ խմելով։
Դ. Արեւածաղիկ (chicken pox)
ԽմբագրելԱսիկա ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է. անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 10-20 օր է. կը փոխանցուի օդի միջոցով եւ ուղղակի դպչելով։ æրծաղիկի ախտանշաններն են՝ ջերմութիւն, գլխացաւ, կոկորդի ցաւ, քերուըտուք, հիւանդագին վիճակ, յոգնածութիւն, կարմիր կէտեր եւ բշտիկներ ամբողջ մարմնին վրայ։ Առաջին բշտիկներու յայտնաբերումէն 2-3 օր ետք բշտիկները կը բացուին, կը չորնան, կը սպիանան եւ կը կեղեւաւորուին. յաջորդ 5-7 օրերու ընթացքին նոր բշտիկներ կը յայտնուին եւ կամաց-կամաց անոնք ալ կը չորնան ու կը սպիանան։ æրծաղիկը փոխանցիկ է բշտիկներու յայտնուելէն 2-3 օր առաջ եւ մինչեւ անոնց անյայտանալէն 6 օր ետք։ Ամէն մարդ կը վարակուի այս հիւանդութեամբ, եթէ չէ պատուաստուած (vaccinated)։ Առաջին ջրծաղիկէ ետք հազուադէպ է, որ անհատը երկրորդ անգամ ունենայ այս վարակը. այսինքն առաջին վարակէն ետք ան կ՛ունենայ ամբողջական ախտամերժողականութիւն (immunity)։ æրծաղիկը անցնելէ ետք, անոր ժահրը կ՛ապրի մարմնին մէջ երկար տարիներ, առանց վնաս հասցնելու անհատին, սակայն յաճախ ան կը վերստանայ իր աշխուժութիւնը, կը դառնայ գործօն եւ կը յառաջացնէ սողնախտագօտի «herpes zoster»։ æրծաղիկը կանխարգելի (preventable) է յատուկ պատուաստով (vaccine) մը։ Անոր դարմանումը կ՛ըլլայ ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով, հակաջերմ եւ քերուըտուքի դեղեր գործածելով։ Եթէ անհատ մը պատուաստուած չէ եւ անցեալին չէ ունեցած այս վարակը, ան կրնայ զերծ մնալ այս վարակէն վարակուած անձի մը հանդիպելէ ետք՝ գործածելով յատուկ ջրծաղիկի հակամարմիններ (antibodies)։
Ե. Հարսանիթ (measles)
ԽմբագրելԱսիկա ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է։ Անոր ախտանշաններն են՝ փռնգտուք, հազ, բարձր ջերմ, վիզի աւշագեղձերու ծաւալում, փորհարութիւն, աչքերու կարմրութիւն, բերանին մէջ եւ ապա՝ ընդհանուր մարմնին վրայ կարմիր բշտիկներ, որոնք կը մնան մօտաւորապէս 7-10 օր։ Հարսանիթը կը դարմանուի ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով, հակաջերմ դեղեր առնելով եւ առատ հեղուկ խմելով։ Ան կանխարգելի է յատուկ պատուաստով մը։ Շատ քիչ պարագաներուն հարսանիթը կ՛ունենայ նաեւ ուղեկցող բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնն է թոքատապը։
Զ. Գերմանական ծաղիկ (german measles)
ԽմբագրելԱսիկա ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է։ Անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 14-21 օր է։ Գերմանական ծաղիկի ախտանշաններն են՝ վարդագոյն կարմրութիւն, եռք, ջերմ եւ գլխացաւ։ Ան կը փոխանցուի դպնալով եւ քիթի, կոկորդի եւ բերանի հեղուկներով։ Մէկ վարակումով անհատը կ՛ունենայ ամբողջական ախտամերժողականութիւն։ Յղի կիներ մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն եւ հեռու մնան այս վարակը ունեցողներէն, որովհետեւ իրենց վարակումով կը վարակուի նաեւ աճող սաղմը, որ կ՛ունենայ զանազան տեսակի բարդութիւններ։ Ան կը դարմանուի առատ հեղուկ խմելով, ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով եւ հակաջերմ դեղ գործածելով։
Է. Ծաղկախտ (small pox)
ԽմբագրելԱսիկա ժահրային շատ փոխանցիկ վարակ մըն է. անոր փոխանցումը կ՛ըլլայ դպչելով եւ օդի միջոցով, իսկ թխսաւորման ժամանակամիջոցը 10-12 օր է։ Ծաղկախտի ախտանշաններն են՝ ջերմ, գլխացաւ, յոգնածութիւն, մարմնական եւ կռնակի ցաւ, փորի ցաւ, կարմիր բշտիկներ նախ բերնին մէջ, երեսին եւ բազուկներուն վրայ եւ ապա՝ իրանին եւ սրունքներուն վրայ։ Բշտիկները կը թարախոտին, կը չորնան, կեղեւ կը կապեն ու կը սպիանան. ան փոխանցիկ է բշտիկներու գոյութեան ամբողջ ընթացքին։ Անոր դարմանումը կ՛ըլլայ պահելով հիւանդը կատարեալ ֆիզիքական հանգիստ վիճակի մէջ, տալով առատ հեղուկ եւ հակաջերմ դեղեր։ Ծաղկախտը կանխարգելի է յատուկ պատուաստով մը։
Ինչպէ՞ս կանխարգիլել վերոյիշեալ հիւանդութիւնները
Խմբագրել1. Լուալ ձեռքերը ջուրով եւ օճառով՝
Խմբագրելա. Հազալէ, փռնգտալէ եւ խնջելէ ետք բ. Հիւանդի մը հետ ձեռնուելէ ետք եւ կամ անոր քով գտնուելէ ետք գ. Մանուկին քիթը մաքրելէ ետք դ. Մանուկին շորը փոխելէ ետք ե. Բաղնիքի եւ պէտքարանի գործածութենէ ետք զ. Անասունի մը դպչելէ ետք
2. Ծածկել քիթն ու բերանը
ԽմբագրելԾածկել քիթն ու բերանը թաշկինակով մը՝ հազալու, խնջելու եւ փռնգտալու միջոցին եւ նետել թաշկինակը աղբամանին մէջ եւ ապա լուալ ձեռքերը:
3. Պատուաստել մանուկը բոլոր այն հիւանդութիւններուն դէմ, որոնք յատուկ պատուաստներ ունին
ԽմբագրելՎերոյիշեալ վարակներուն պարագային, ծնողներ պէտք է դիմեն բժշկական խնամքի, երբ հիւանդ մանուկը՝ 1. 1-6 ամսու է եւ բարձր ջերմ ունի 2. Որեւէ մէկ տարիքի, երբ ան 72 ժամէ աւելի ջերմ ունի 3. Բնականէն շատ երկար կը քնանայ 4. Արագ եւ դժուար շնչառութիւն ունի 5. 7 օրէ աւելի հազ ունի 6. Հազ ունի՝ փսխուքով եւ շնչահեղձութեամբ 7. Արիւնոտ եւ կամ սեւ կղկղանք ունի 8. Չորս ժամէ աւելի շարունակական փսխուք ունի 9. Միզազսպուածութիւն (urinary retention), բերնի չորութիւն եւ ջրազրկում ունի 10. Սուր եւ անակնկալ ականջի ցաւ ունի
Աղբիւրներ
ԽմբագրելԱսպարէզ, Տօքթ. Կարպիս Հարպոյեան, 19 Մարտ, 2010