Մանրատնտեսութիւն

Մանրատնտեսութիւնը, տնտեսագիտութեան ճիւղերէն մէկն է: Ան կը վերլուծէ անհատներու վարքագիծերը եւ անոնց փոխազդեցութիւնները տարբեր շուկայական գիներու վրայ, ուր կը փոխանակուին արտաբերութիւնն ու արտադրութեան ազդակները[1]:

Գլխաւորաբար սպառիչները ընդունուած են ինչպէս գործ առաջարկող եւ վերջացած արտադրանք պահանջողներ:

Ձեռնարկները նկարագրուած են որպէս գործական աղբիւր պահանջող: Անոնք՝ ըստ իրենց գործելակերպին, վերջացած արտադրանքի հայթայթիչներ կամ ինչքի միջնորդներ են:

Մանրատնտեսութեան եւ համատնտեսութեան միջեւ տեսողութեան տարբերութիւն մը կայ: Համատնտեսութեան մէջ կը վերլուծուին համաշխարհային մեծութիւնները կամ տնտեսական ամբողջութիւնները (ազգային արտադրութիւն, ազգային եկամուտ, ազգային ծախք, աշխատողներու գումարը) եւ անոնց յարաբերութիւնները ազգային կամ միջազգային գետնի վրայ, որ տնտեսական եւ ընկերային մթնոլորտէն ներս առաւել-պակաս գործօն ձեւով միջամտելու հակամէտ պետութեան մը ներկայութեամբը հաւասարապէս նշուած է:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Articles

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. C.D. Echaudemaison Dictionnaire d'économie et de sciences sociales Nathan 2014