Մանրէները Եւ Բնական Պաշտպանութեան Մարդկային Կազմուածքը

Մանրէները Եւ Բնական Պաշտպանութեան Մարդկային Կազմուածքը Գիտութեան զարգացումը կը պարտինք մարդու հետաքրքրութիւններուն:1677-ին Լէօվէնհոյէք անունով հոլանտացի ապակիի վաճառական մը խտացուած ապակիներու միջոցով զննեց իրերը եւ նկատեց, որ ջուրի կաթիլի մը մէջ կան մանրէներ:Ան կը նկատուի մանրադիտակին նախահայրը:

Այս յայտնաբերութիւնը կը բացայայտէ այսպէս կոչուած այլ աշխարհի մը գոյութիւնը՝ փոքր էակներուն ներկայութիւնը:

Միեւնոյն վաճառականը կը շարունակէ զննել եւ նորանոր բացայայտումներ երեւան հանել:Ան իր ատամներուն վրայ գտնուող նիւթերն ալ կը զննէ ու այդտեղ ալ կը գտնէ մանրէներ:

Նշեալ գիւտին իբրեւ արդիւնք, ան մաս կը կազմէ անգլիացի գիտնականներու միութեան մը: Յետագային, յստակ դարձաւ, որ մանրէները գրեթէ ամէն տեղ կան ու մեր միջավայրին մաս կը կազմեն:Անոնք կ’ապրին ու կը բազմանան մեր օգտագործած իրերուն վրայ:Ուտելիքներուն ու հեղուկներուն հետ մուտք կը գործեն մեր մարմինի շնչառական ու մարսողական համակարգերուն մէջ:

Ապա կատարուած հետազօտութիւնները հաստատեցին, որ կարգ մը հիւանդութիւններուն պատճառը մանրէներն են:Ֆրանսացի Փասթորը եւ Գերմանացի Գոշը կը հաստատեն այս իրականութիւնը, ինչ որ արմատական առումով վերանայման ենթարկել կու տայ բժշկութեան հիմունքները, որոնք դարերէ ի վեր մնացած էին անփոփոխ:

Այսուհետեւ մարդը կը գիտնար, որ հիւանդութեան ախտածինը մանրէ մըն է, որմէ այլեւս կարելի էր պաշտպանուիլ, հեռու մնալ...

Ուրեմն, մանրէները կրնան ըլլալ ախտածին եւ օգտակար:Օրինակի համար աղիքներուն մէջ գտնուող մանրէները կենսական դեր ունին աղիքային համակարգի աշխատանքներուն մէջ:

Որոշ դեղեր կրնան խախտել այդ մանրէներու տոկոսային յարաբերութիւնները, ինչ որ պատճառը կը դառնան աղիքային խանգարումներ:Իսկ Bifidum bacteria-ին գծով գովազդները, թէ աղիքներուն համար օգտակար են, ճիշդ չեն, եթէ բժիշկի ցուցմունքներ չկան: Ժամանակակից գիտութիւնը միքրօ աշխարհի բնակիչները կը բաժնէ չորս դասակարգի՝ Ա. Միաբջիջ էակներ(Protozoaires) Բ. Սունկեր(Mycoses) Գ. Մանրէներ(Bacteries) Դ. Ժահրեր(Virus) Վերջին դասակարգի բացայայտուեցաւ, երբ գործածութեան դրուեցաւ ելեկտրոնային մանրադիտակը, որուն ճամբով կարելի եղաւ կատարել յայտնաբերութիւնը: Քիթն ու բերանը կը հանդիսանան մանրէներու բնակութեան տարածքները ու մարմինի հիմնական մուտքերը:Ախտածին մանրէները պէտք է թափանցեն մարմինին մէջ, որպէսզի առաջացնեն վարակ, եւ այդ թափանցումը կ’արգիլուի մարդու մորթի ու լորձաթաղանթի միջոցով: Այս երկու պատնէշները մանրէներու դէմ պաշտպանութեան առաջին գիծերն են, եւ այս պաշտպանութիւնը լիարժէք ըլլալու համար մորթն ու լորձաթաղանթը պէտք է ըլլան առողջ, որ կապ ունի մաքրութեան հետ:Մարդու մարմնական մաքրութիւնը վարակներէն զերծ մնալու համար ամէնէն հին եւ ազդեցիկ կանխարգիլման միջոցն է:

Օճառն ու ջուրը զէնքերն են, որոնց ճամբով առողջ կը մնան մորթն ու լորձաթաղանթը:

Աղտոտ ձեռքերը հիւանդութիւններու փոխանցման ամէնէն տարածուած միջոցներեն են:Իսկ կտրուածքի, հարուածի եւ այլ վնասուածքներն ու վերքերը կրնան առիթ հանդիսանալ վարակներու փոխանցման:

Վէրքը մահացու չէ, սակայն երբ ախտածին մանրէներու մուտքի պատճառն է, ապա կրնայ մահ պատճառել:Այսօր այդ մահացութեան տոկոսը մեծապէս նուազած է, որովհետեւ խնամքի միջոցներն ու դեղեր աւելցած են:Փոքր թէ մեծ վէրքերու պարագային պէտք է զգուշութեամբ հետեւիլ բուժման՝ մինչեւ սպիացումը: Վէրքը պէտք է մաքուր պահել, ախտանեխել, ի հարկին ծածկել, հետեւիլ բժիշկի ցուցմունքներուն...Այս քայլերը որոշ չափով կը կասեցնեն մանրէներուն մուտքը եւ կ’օգնեն, որ վնասուած հիւսուածքները վերակառուցուին:

Վերջապէս, բնութիւնը ընդհանուր հաւասարակշռութեան մէջ է.Յամակարգի հատւածի մը խախտումը կը վտանգէ հաւասարակշռութիւնը ու վտանգ կը սպառնայ ընդհանուրին:

Եթէ օր մը մարդկութեան թիւը մօտենայ 10 միլիառի եւ կամ ալ 100-ի, պէտք չէ մոռնանք, որ բաժակ մը ջուրի մէջ կրնան ապրիլ միլիոնաւոր մանրէներ կամ ճահիճի մը երեսին՝բազմամիլիառանոց միաբջիջներ...Ու հարց պէտք է տանք, թէ ովքեր են երկիր մոլորակին իսկական բնակիչները...

Աղբիւրնեեր

Խմբագրել

(ԶԳՈՅՇ), Առըղջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ, Բ տարի, թիւ 1 (5), 2016