Մաշկաբորբ (Էկզեմա)

Մաշկաբորբը կամ Էկզեման մաշկի տարածուած հիւանդութիւն մըն է:

Էկզեման սովորաբար կը յառաջացնէ մորթի մեծ տարածքներու բորբոքում, քերուըտուք եւ կարմրութիւն[1]:

Տեսակներ

Խմբագրել

էկզեմայի քանի մը տարբեր տեսակներ կան.

Անսովոր էկզեմա

Խմբագրել

Անսովոր մորթատապը կամ անսովոր էկզեման (atopic eczema) ամէնէն տարածուած տեսակն է:

Ախտանիշները յաճախ կը դրսեւորուին մանկութեան տարիներուն եւ կրնան տատանիլ մեղմէն մինչեւ ծանր աստիճան: Աւելի հաւանական է, որ երեխան զարգացնէ անսովոր մորթատապ, եթէ անոր ծնողներէն մէկը ունեցած է զայն անցեալին:

Անսովոր մորթատապով երեխաները սովորաբար սնունդի նկատմամբ զգայունութեան մեծ վտանգ կ'ունենան: Աւելի հաւանական է նաեւ, որ անոնք զարգացնեն ազմա եւ բեղմնափոշիի գերզգայնութիւն (ալերժի):

Անսովոր մորթատապը հակում ունի յառաջացնելու չոր մաշկի բիծեր, որոնք կրնան քերուըտուք յառաջացնել, կարմրիլ եւ բորբոքիլ: Այս բիծերը յաճախ կը յայտնուին արմուկներու եւ ծունկերու ծալքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ դէմքի, վիզի եւ դաստակներու վրայ:

 

Բիծերը քերթելը կրնայ աւելցնել քերուըտուքը եւ մաշկէն կրնայ հեղուկ դուրս մզիլ: Ժամանակի ընթացքին կրկնապէս քերելը կամ կնճռելը կրնայ մաշկը կարծրացնել: Այս մէկը յայտնի է իբրեւ lichen simplex chronicus (LSC):

Անսովոր մորթատապով մարդիկ սովորաբար կ'ունենան բռնկումներ, երբ էկզեման որոշ ժամանակ կը վատանայ: Այս բռնկումներու հրահրիչներէն են.

  • Թեթեւ խոնաւութիւնը, ցուրտ եղանակը եւ ջերմաստիճանի ծայրայեղ փոփոխութիւնները,
  • Գրգռիչներ (irritants), ինչպիսիք են` լուացքի դեղերը, օճառները եւ անուշահոտերը,
  • Փոշիի ցեցերը,
  • Անասուններու մազերն ու թուքը,
  • Մաշկի վարակները, ինչպէս`քոսը (scabies),
  • Որոշ հիւսուածքները, ինչպէս`բուրդը,
  • Հորմոնային փոփոխութիւնները`յաճախ դաշտաններէն առաջ կամ յղութեան ընթացքին,
  • Սննդային գերզգայնութիւն:

Շփման Մորթատապ

Խմբագրել
 

Կարգ մը մարդիկ մաշկային հակազդեցութիւն կ'ունենան, երբ շփում ունենան որոշակի նիւթերու հետ: Ասիկա ծանօթ է իբրեւ շփման մորթատապ:

Շփման մորթատապի (Contact dermatitis) ախտանիշները կրնան ներառել.

  • Չոր, կարմիր եւ քերուըտուն մորթ, որ այրելու զգացում մը կու տայ,
  • Փշտիկներ,
  • Եղնջացան (hives) ցանի տեսակ մը, որ բաղկացած է փոքր ու կարմիր փշտիկներէ:

Անսովոր մորթատապէ տառապող անձը շփման մորթատապի յառաջացման վտանգ կ'ունենայ:

Շփման մորթատապի երկու տեսակ կայ.

Գրգռիչի շփման մորթատապ

Գրգռիչի շփման մորթատապը (Irritant contact dermatitis) կրնայ յառաջանալ մաշկը գրգռող նիւթի յաճախակի ազդեցութենէն, օրինակ`

  • Թթուները եւ կալաղները (alkalis),
  • Հագուստեղէնի փափկեցնող դեղերը,
  • Լուացքի ծանր դեղերը,
  • Լուծիչները,
  • Մազերու ներկերը,
  • Մոլախոտ մաքրողները,
  • Կրաղիւսը,
  • Որոշ շամփուներ,

Մարդիկ, որոնք պարբերաբար կ'օգտագործեն կամ կ'աշխատին այդ նիւթերուն հետ, ունին շփման մորթատապի զարգացման աւելի մեծ վտանգ:

Գերզգայնութեան շփման մորթատապ
Խմբագրել

Գերզգայնութեան շփման մորթատապը տեղի կ'ունենայ, երբ մարդու դիմադրականութեան համակարգը կ'արձագանգէ որոշակի նիւթի մը, որ ծանօթ է իբրեւ ալերժեն:

Մարդը կրնայ չարձագանգել ալերժենին, երբ առաջին անգամ կը շփուի անոր հետ: Այնուամենայնիւ, երբ անոնց մօտ գերզգայնութիւն յառաջանայ, անոնք սովորաբար այդ մէկը կ'ունենան ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Հնարաւոր գերզգայնութիւններէն են.

  • Սոսինձներն ու խէժերը,
  • Բուսակաթն (latex) ու ձգախէժը (rubber),
  • Որոշ դեղատեսակներ, ինչպիսիք են մաշկային եւ բերնի ճամբով սպառող հակակենսայինները,
  • Կերպասեղէնն ու հագուստի ներկերը,
  • Որոշ բոյսեր, ինչպէս` թունաւոր բաղեղը, թունաւոր կաղնին եւ աղտորը (սումաք),
  • Դիմայարդարման, եղունգներու քսուքներու, մազերու ներկերու եւ շպարային որոշ այլ բաղադրիչներ,
  • Որոշ մետաղներ, ինչպիսիք են նիքելն ու քոպալթը:

Պղպջակային Էկզեմա

Խմբագրել

Պղպջակային էկզեման կամ pompholyx eczema-ն սովորաբար ի յայտ կու գայ 40 տարեկանէն վար չափահասներու մօտ: Անիկա սովորաբար տեղի կ'ունենայ ձեռքերու եւ ոտքերու վրայ եւ ունի բնորոշող ախտանիշներ, որոնցմէ են անտանելի քերուըտուքն ու փոքր փշտիկները:

Կարգ մը պարագաներու, փշտիկները կրնան մեծնալ եւ հեղուկով լեցուիլ: Փշտիկները նոյնպէս կրնան վարակուիլ, եւ այդ մէկը կրնայ պատճառել ցաւ եւ ուռեցք: Անոնք կրնան նաեւ թարախ դուրս տալ:

Փշտիկները սովորաբար կը սպիանան քանի մը շաբթուան ընթացքին: Անկէ ետք մորթը յաճախ կը դառնայ չոր եւ ճաթռտած. բան մը, որ կրնայ յանգիլ մաշկի ցաւոտ ճաքերու (fissures):

Անհասկանալի է, թէ ի՛նչն է պղպջակային էկզեմա յառաջացնողը: Այնուամենայնիւ, անիկա աւելի տարածուած է այն մարդոց մօտ, որոնք ունին`

  • Բեղմնափոշիի գերզգայնութեան,
  • Անսովոր մորթատապ, կամ անսովոր մորթատապի ընտանեկան պատմութիւն,
  • Սնկային մաշկի վարակներ:

Մարդիկ, որոնք կ'աշխատին որոշ քիմիական նիւթերով կամ օրուան ընթացքին իրենց ձեռքերը ջուրի մէջ են անընդհատ, նոյնպէս պղպջակային էկզեմայի զարգացման աւելի մեծ վտանգի տակ են:

Այլ հրահրիչներէն են յուզական սթրեսը եւ եղանակի փոփոխութիւնները:

Պղպջակային էկզեման կրնայ սեպուիլ շփման մորթատապի մէկ ձեւ: Պղպջակային էկզեմայով մարդիկ նոյնպէս հակուած են ժամանակ առ ժամանակ բռնկումներ զգալու[2]:

Սկաւառակային էկզեմա

Խմբագրել

Սկաւառակային կամ հաւկթաձեւ էկզեման (Discoid eczema) ճանչցուած է իբրեւ քերուըտուք յառաջացնող, կարմրած, ճաթրտած եւ ուռած մաշկի հիւանդութիւն:

Սկաւառակները սովորաբար կը յայտնուին ոտքերու վարի բաժինի, իրանի եւ նախաբազուկներու վրայ: Երբեմն սկաւառակի միջուկը կը սպիանայ` ձգելով կարմիր մաշկի օղակ մը:

Սկաւառակային էկզեման կրնայ յառաջանալ որեւէ տարիքի մարդոց մօտ (նոյնիսկ երեխաներու):

Ինչպէս էկզեմայի այլ տեսակներու պարագային, սկաւառակային էկզեմայի պատճառներն ալ լիովին պարզուած չեն: Այնուամենայնիւ, հրահրող եւ վտանգի յայտնի գործօններէն են.

  • Չոր մորթը,
  • Մաշկի վէրքերը, ինչպէս այրուածքները,
  • Միջատներու խայթոցները,
  • Արեան վտիտ հոսքը,
  • Ցուրտ կլիման,
  • Մաշկի պաքթերիական վարակները,
  • Որոշ դեղատեսակներ,
  • Զգայունութիւն մետաղներու եւ ֆորմ ալտեհիտի նկատմամբ,
  • Անսովոր մորթատապը:

Վարիքոզային էկզեմա

Խմբագրել

Վարիքոզային էկզեման ծանօթ է նաեւ իբրեւ երակային կամ ձգողական ուժի էկզեմա: Անիկա տարածուած է երակներու լայնացում ունեցող տարեցներու մօտ:

Ծերանալը եւ նուազ գործունեայ ըլլալը կրնայ թուլցնել մարդու ոտքերու երակները: Այս մէկը կրնայ յանգիլ վարիքոզի, եւ նոյնիսկ` վարիքոզային էկզեմայի:

Վարիքոզային էկզեման սովորաբար կ'ազդէ ոտքերուն ստորին բաժնին վրայ եւ անոր ախտանիշներէն են.

  • Այրող ու քերուըտուք յառաջացնող բիծեր կամ փշտիկներ,
  • Չոր ու թեփուկաւոր մորթ,
  • Մզուն ու կեղեւաւորուած բիծեր,
  • Ճաթրտած մաշկ:

Ստորին ոտքի մաշկը կրնայ փխրուն դառնալ, ուստի կարեւոր է խուսափիլ բիծերը եւ ուռերը քերելէ կամ փրցնելէ:

Չորացմանէկզեմա

Խմբագրել

Չորացման էկզեման, որ նաեւ կը կոչուի Asteatotic eczema, սովորաբար կը յայտնուի միայն 60 տարեկանէն վեր մարդոց մօտ: Ան կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ այն բանով, որ տարիքի հետ մաշկը կը դառնայ աւելի չոր[3]:

Չորացման էկզեման սովորաբար կը յառաջանայ ոտքերու վարի բաժինը, բայց ան կրնայ յայտնուիլ նաեւ մարմնի այլ մասերուն վրայ: Անոր ախտանիշներէն են.

  • Ճաթրտած, չոր մաշկ` բնորոշ արտաքինով, որ մարդիկ կը նկարագրեն իբրեւ «անկանոն սալայատակ»,
  • Վարդագոյն կամ կարմիր ճաքեր կամ ակօսներ,
  • Մորթի արտաքին պաշտպանիչ բաժինի կորուստ,
  • Քերուըտուք եւ ցաւ:

Ինչպէս էկզեմայի այլ տեսակներու պարագային, չորացման էկզեմայի պատճառները անյայտ են, սակայն հրահրող գործօններէն են.

  • Չոր ու ցուրտ եղանակը,
  • Տաք լոգանքները,
  • Օճառները եւ լուացքի այլ դեղերը,
  • Մորթի չափէն աւելի մաքրումը,
  • Կոշտ անձեռոցով չորցուիլը:

Ախտորոշում եւ բժիշկի դիմում

Էկզեմայի ախտանիշներ ունեցող մարդիկ պէտք է դիմեն բժիշկի կամ մաշկաբանի: Էկզեման կրնայ յառաջացնել նոր գերզգայնութեան, ուստի կարեւոր է որոշել, թէ ի՛նչն է այս հակազդեցութիւնը յառաջացնողը:

Էկզեման կրնայ նաեւ պատճառ դառնալ ստաֆիլոքոքային վարակի եւ լուրջ ազդեցութիւն ունենալ մարդու հոգեկան առողջութեան վրայ: Բժիշկը կրնայ առաջարկել բուժման ծրագիր` ախտանշանները եւ բռնկումները կառավարելու համար:

Էկզեմայի բազմաթիւ տեսակներու պարագային ախտորոշման համար յատուկ քննութիւն չկայ: Բժիշկը սովորաբար պէտք է իմանայ անհատի անձնական եւ ընտանեկան բժշկական պատմութիւնը:

Բուժում

Էկզեմայի ապաքինում չկայ, ուստի բուժումը կը ներառէ ախտանիշներու կառավարում եւ հետագայ բռնկումները կանխելու փորձեր:

Էկզեմայի բուժման որոշ տարբերակներէն են.

  • Տամուկցնող կամ փափկացնող միջոցներ` մաշկը խոնաւցնելու եւ քերուըտուքն ու ճաքերը նուազեցնելու համար,
  • Սթերոյիտային քսուքներ` ուռեցքը, կարմրութիւնը եւ ցաւը նուազեցնելու համար,
  • Հակահիսթամիններ` քերուըտուքը նուազեցնելու համար` յատկապէս գիշերը,
  • Calcineurin-ը կանխող քսուքներ, որոնք կ՛օգնեն բորբոքումը նուազեցնելու,
  • Անդրամանիշակագոյն շողերու (UV) օգտագործում` բորբոքման դէմ պայքարելու համար,
  • Հակակենսայիններ` մաշկի պաքթերիական վարակներու բուժման համար:

Բռնկումներու կանխարգիլում

  • Օգտագործել մեղմ օճառներ եւ լուացքի դեղեր,
  • Խուսափիլ անուշահոտերէ,
  • Լոգանքի համար օգտագործել պաղ ջուր,
  • Լուացուելէ ետք մորթը նրբօրէն չորցնել կամ սրբել անձեռոցով,
  • Խուսափիլ էկզեմայի բիծերը քերթելէ, որովհետեւ մաշկի վնասումը կրնայ վատթարացնել էկզեման եւ մեծցնել վարակուելու հաւանականութիւնը,
  • Յաճախակի եւ կանոնաւոր խոնաւեցում` նուրբ ու իւղով հարուստ քսուքներով,
  • Բնական կերպասներէ պատրաստուած հագուստ հագնիլ եւ խուսափիլ նեղ հագուստներէ:

Էկզեմայով տառապող մարդիկ նոյնպէս կ'օգտուին իրենց բժիշկին կամ մաշկաբանին հետ կապ պահելէ` պարզելու, թէ՛ ինչն է որ կը հրահրէ կամ կը վատթարացնէ իրենց ախտանիշները: Յատուկ հրահրողներէ կամ ալերժեններէ խուսափիլը կրնայ օգնել կանխելու կամ նուազագոյնի հասցնելու բռնկումները:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել