Մաշտոց Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեան
Տէր Մաշտոց Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեան աւաղանի անունով՝ Եդուարդ, ծնած է զէյթունցի ծնողքէ, արծուէբոյն Զէյթունի մէջ 1888-ին։
Մաշտոց Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեան | |
---|---|
Ծնած է | 1888 |
Ծննդավայր | Զէյթուն, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1962 |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական |
Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ծաղկոցին մէջ։ Երեք տարիներ ետք, յաճախած է Կեդրոնական բարձրագոյն Նախակրդարանը, որուն տնօրէնն էր Պրն. Յովհաննէս Ահարոնեան:
1906-ին, Կ. Պոլիսէն, Կարնոյ Սանասարեանէն, Զէյթունէն ու այլ շրջաններէն կ'ուղուին ուսանողներ Սիսի Ժառանգաւորացին համար։ Եդուարդ ընդունուած ու ղրկուած է դպրեվանք ուսանելու։
Սուլթան Համիտի ժամանակաշրջանին, հինգ օրուան տաժանագիր ճամբորդութենէ մը վերջ ու ջորեպանի մը ուղեկցութեամբ Եդուարդ Սիս հասած է Սեպտեմբեր 1906-ին։
Դմրեվանքին մէջ, ուսանողներ Եդուարդը կը կոչեն «Ուլնեցի»: Երեք տարի օրինաւորապէս ուսանելէ ետք, 1909-ի Ատանայի կոտործի պատճառով Սիսի դպրեվանքը փակուած է եւ քանի մը շաբաթ վերջ, տեղւոյն հայասէր կառավարիչին կարգադրութեամբ՝ Եդուարդ ու երկու մարաշցի ուսանողներ, երկու ոստիկաններու պաշտպանութեան տակ, արիւնի ու դիակներու վրայէն քալելով հասած են Մարաշ: Ապա, երկու օր վերջ, Եդուարդ ինքզինք նետած է զորովագութ իր մօր գրկին մէջ։
1909-1910 ուսումնական տարեշրջանին, ան կոչուած է ուսուցչական պաշտօնի Կեդրոնական Վարժարանին մէջ, որուն տնօրէնն էր Պրն. Տիգրան Գոչունեան:
1911-ին Եդուարդ մտած է Տարսոնի Ամերիկեան Գոլէճը ու նոյն տարուան վերջերը մեկնած է Կ. Պոլիս եւ անկէ անցած Պրուսա-Պիլէճիկի հայաշատ գիւղերը ու նշանակուած ուսուցիչ Հիսարլըզ գիւղին, ուր մնացած է մինչեւ 1914 թուական։
1915-ի Ա. Աշխարհամարտի սկիսբի օրերուն, կրթական առաքելութեամբ մեկնած է Էտիրնէ։ Ադրիանուպոլսոյ մէջ մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք, իբրեւ քաղաքական ամրաստանեալ ձերբակալուած ու բանտարկուած է Թուրքերու կողմէ եւ շղթաեակապ մնացած բանտիմ մէջ, 85 Էտիրնեցի ազգայիններու հետ։
Արտաքին միջամտութեամր Եդուարդ ազատ արձակուած է բանտէն։ Բայց ոստիկանութիւնր զինք հանգիստ չէ ձգած։ Թրքական բանակին մէջ զինուորագրած են զինք ու ղրկած են Պաղեստինի ճակատը։ Իր ճարպիկութեամբ թէեւ փախուստ տալով ճակատէն անցած է անգլիացիներուն կողմը, բայց այլազան միջոցներով կրկին ձերբակալուած է ու պատերազմական ատեանին կողմէ դատապարտուած գնդակահարութեան։ Բարեբախտաբար, տակաւին վճիոր չգործադրուած, ներքին պատճառներով՝ ճակատը քայքայուած է ու ինք փրկուած՝ է ստոյգ մահէ։ Այնուհետեւ Եդուարդը գերի տարուած է Գահիրէ ու Հելիոպոլսոյ գերանոցր, ուր ժամանակ մր մնալէ ետք, աղատ արձակուած է արտաքին միջամտութեամր։ Ապա, ան մեկնած է Բոր-Սայիտ ու տեղւոյն հայկական բանակին մէջ կամաւոր արձանագրուած։
1918-ին Բոր-Սայիտի հայկական Վրանաքաղաքի մէջ կրկին վարած ուսուցչական պաշտօնը։
1918-ին զինադադարէն վերջ, Մերսինի Հ.Բ.Ը.Միութեան որբանոցին մէջ ուսուցչոգթեան պաշտօն վարած է ժամանակ մը։ Ապա, Կիլիկիոյ պարպումին, փոխադրուած է Հալէպ, ուր 1920-1930 թուական դարձեալ ուսուցչութեամբ պարապած՝ Ազգ. Հայկական Վարժարանին մէջ։
Իբրեւ փորձառու կրթական մշակ, Եդուարդ ուսուցչական վկայական ստացած է Կ. Պոլսոյ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդէն։
Տէր Մաշտոց, Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հաւանութեամբ տեղափոխուած է Լիբանանի Թեմ եւ հոգեւոր հովիւ նշանակուած՝ Զահլէյի հայ գաղութին։
Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել
- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 156-159։