Ապելի մրցանակ, թուաբանական մրցանակ մըն է, Նորվեկացի թուաբանագէտ, Նիլս Հենրիկ Ապելի (1802–1829) անուամբ կոչուած[1][2][3][4][5][6][7]: Մրցանակը 2002 թուականին ստեղծուած է Նորվեկեան կառավարութեան կողմէ եւ 2003 թուականէն սկսեալ, ամէն տարի կը նուիրուի բացառիկ մասնագէտ թուաբանագէտի մը[8]: Մրցանակը նաեւ կը պարունակէ դրամական պարգեւ մը որ մոտաւորապէս կը բաղկանայ 7.5 Միլիոն Նորվեկական դրամ է: Ապելի մրցանակին պատմութիւնը սկսած է 1899 թուականին, առաջարկուած Նորվեկացի թուաբանագէտ Սոֆուս Լայի կողմէ: Ան այս առաջարկը կատարեց երբ տեղեակ եղաւ թէ տարեկան Նոպէլեան Մրցանակը չի պարունակեր պարգեւ մը թուաբանութեան ճիւղին նուիրուած: 1902 թուականին, Նորվեկիայի եւ Շուէտի թագաւոր՝ Օսքար երկրորդը կը մտադրէ նոր մրցանակի մը հիմնութիւնը ֆինանսաւորել որ պիտի ներարէր պագեւ մը թուաբանութեան ճիւղին: Սակայն, այս ծրագիրը չ'ամբողջանար երկիրներուն՝ Նորվեկիայի եւ Շուէտի, բաժամունքին պատճառով 1905 թուականին: Գրեթէ 100 տարի ետք, 2001 թուականին, Նորվեկիայի կառավարութիւնը վերջապէս կը հաստատէ այս Ապելի մրցանակը, որուն նպատակը եղաւ թուաբանագէտներուն արժեւորել հաւասարապէս Նոպելեան Մրցանակի դիրքին: