Մասնակից:Մուրազ/Սեւագրութիւն

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ Խմբագրել

Պատմութեան նկարագրութիւնը Խմբագրել

Ժողովուրդներուն իրարու հետ ունեցած յարաբերութիւնները, պատերազմ ու հաշտութիւնները, յառաջ բերած մշակոյթները, քաղաքակրթութիւնները, ընկերա-տնտեսական կառուցուածքը և անցեալի մէջ մարդոց իրագործածները կ'ուսումնասիրէ:  Պատմութիւնը կը դասուի իբրև գիտութեան ճիւղ՝ անցեալի դէմ  առարկայական մօտեցումին, վաւերագիրներու կամ փաստաթուղթերու հիման վրայ ժամանակ եւ վայր նշելով, պատճառ-արդիւնքի կապակցութեան մէջ և անկողմնակալ ձևով դէպքերը պարզելու մերձեցմանը պատճառաւ։

Պատմութեան նիւթը կը կազմէ՝ մարդկութեան ամէն տեսակ գործունէութիւնը և անոնց արդիւնքները։ Աւելի ծաւալուն առումով մարդ էակին անցեալի մէջ իրագործած քաղաքական, ընկերային, մշակութային և տնտեսական արարքը և ասոնց հետ միասին աշխարհագրական եղելութիւններու յառաջ բերած արդիւնքները պատմութեան նիւթ կը հանդիսանան:

Պատմութեան աղբիւրները Խմբագրել

Պատմաբանները իրենց ուսումնասիրութեան ժամանակ բազմազան աղբիւրներ կ'օգտագործեն։ Պատմաբանի մը հիմնական աշխատանքային եղանակն է այս աղբիւրները իրենց կարեւորութեան հերթականութեամբը դասաւորել և մեկնաբանել:

Գրաւոր աղբիւրներ Խմբագրել

Պատմաբանի մի հիմնական աղբիւրն է։

Արխիվային փաստաթուղթեր: Պետական կամ անձնական արխիւներու պատկանող պաշտօնական փաստաթուղթերը կամ վաւերագրութիւնները:

Հրատարակուած պաշտօնական փաստաթուղթեր:Որոշ ժամանակաշրջանի մը պատկանող օրէնքներ, հրամանագիրեր ու առնուած պետական որոշումները եւ դարձեալ որոշ ժամանակաշրջանի մը պատկանող յուշերը եւ գրականական աշխատանքները ու մամուլը (թերթ և պարբերաթերթեր)մաս կը կազմեն գրաւոր աղբիւրներու։

Բանաւոր աղբիւրներ Խմբագրել

Բանաւոր պատմութեան ամենամեծ աղբիւրը մարդն է։ Ամենակարևոր յատկութիւնն ալ իրեն հիմնական գիտելիքի ակ ըլլալով մարդ էակը ընդունիլն է: Բանաւոր պատմութեան միւս աղբիւրներն են պատմական բանաստեղծութիւններ,պատմուածքներ, առասպելներ, աւանդավէպեր, դիւցազներգութիւններ մանրավէպեր եւ ասացուածքերը։