Մասնակից:Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան/Սեւագրութիւն

ՈՒՐՖԱ-ՈՒՌՀԱ-ԵԴԵՍԻԱ Խմբագրել

ՀՆԱԳՈՅՆ ԴԱՐԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 1895 Խմբագրել

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՈՒՐՖԱՆ Խմբագրել

Ուրֆան եղած է Մերձաւոր Արեւելքի ամենահին քաղաքներէն մէկը:

Հնագիտական պէղումներու ընթացքին ի յայտ եկած է թէ քաղաքը՝ անյիշատակ ժամանակներէ կոչուած է Ուռհա: Շատեր կը շփոթեն զայն ստորին Միջագետքի մէջ գտնուող Ուր քաղաքի հետ: Հետազօտութիւններէ ետք յայտնուած է թէ Ուռհա եղած է Խուրի Միտանիներու Մայրաքաղաքը:

Անուանակոչութեան մասին տարբերակներ կան: Ըստ պատմագէտ Հռոզնիի, Ուռհա անունին հնչիւնը մօտիկ է Խարիի (ժողովուրդի անունը, որ տիրած է Միջագետքի տարածութիւններուն վրայ): Իսկ Փրոֆ. Խաչատուրեան, իր՝ «Հայաստանի սեպագրական շրջանի քննական պատմութիւնը» գործին մէջ կը շեշտէ, որ Խուրի Միտանիները նախապէս բնակութիւն հաստատած են Նեմրութ լերան քարայրներուն մէջ եւ Խուրի կը նշանակէ անձաւ, այր, ծախ, որով Ուրհա անունին ստորաբանութիւնն ալ կը կապուի զայն հիմնող ժողովուրդին անուան:

Պատմագէտ Վինքլէրի համաձայն, Խուրի Միտանիներու երկրին սահմանները Տիգրիսի աղբերակներէն տարածուելով, կը հասնէին Խառանի եւ Եդեսիոյ սահմանները: Ն. Ք. 2268 թուականներուն, այս պէտութիւնը ունեցած է բարգաւաճ վիճակ եւ առեւտրական փոխանակութիւններով կապուած փառաւոններուն:

Ըստ Միքայէլ Ասորիի, Ուրֆայի հիմնադիրը եղած է Սեմի թոռներէն Նեբրովթը, որ Եթովպիոյ շրջաններէն գալով, անցած է Եփրատ գետը ու Հիւսիսային Միջագետքի տիրելով, այնտեղ շինած է Ուրհաւի անունով քաղաք մը:

Սբ. Գրային վկայութիւններն ալ կը հաստատեն թէ Ուր քաղաքը տարբեր է Խառան քաղաքէն.- Աստուածաշունչի Ծննդոց Գրքին 11.31-րդ համարին մէջ կը կարդանք, Հայր Աբրահամ իր հօրը Թարայի եւ ամբողջ ընտանիքով ելան Քաղթէացիներու Ուր քաղաքէն, երթալու դէպի Քանանի երկիրը: Գացին մինչեւ Խառան եւ հոն բնակեցան: Խառանը մօտ է Ուրֆայի, ու մինչեւ այս օրս Ուրֆայի եւ անոր շրջակայքի շրջաններուն մէջ, բազմաթիւ վայրեր կան, որոնք կը յիշուին Իսահակի հօր անունով:

Բազմաթիւ պեղումներու փորձեր կատարուելէ ետք, Ամերիկայի Փենսիլվանիոյ Համալսարանին նախաձեռնութեամբ, 1922-ին կազմուեցաւ Անկլօ-Ամերիկեան արշաւախումբը, եօթը տարի տեւող պեղումներէ վերջ, Պաղտատի եւ Պասրայի միջեւ, Եփրատ գետէն 15 քիլոմեթր հարաւ գտնուող վայրի մը մէջ. յաջողեցաւ երեւան հանել Ուռհաւի քաղաքին աւերակները: Ըստ հնագէտ՝ Լիօնարտ Վուլէյի, կը հաստատեն, որ Ուռհաւին եղած է Աբրահամի եւ անոր հօր Թարայի ծննդավայրը:

Վարհածներ կան, որ Հայր Աբրահամ երբ Խառան եկաւ, ներկայ Ուրֆայի գեղեցկութենէն հմայուած, որոշեց զայն իր ծննդավայրին անունով կոչել: Հետագային Ուռհաւին կրճատուելով դարձաւ Ուռհա, իսկ աւելի ուշ՝ թրքական տիրապետութեան շրջանին վերածուեցաւ Ուրֆայի:

Սելեւկեան Թագաւորութեան անկումէն ետք, նոյն շրջանը կոչուեցաւ Օսրոյեն: Իսկ Ն.Ք. 300 թուականին Մեծն Աղեքսանդրի արշաւանքէն ետք, քաղաքի անունը դարձաւ Էդէսէ:

Էդէսէ անունը եւս հիմնուած է տարբեր-տարբեր վարկածներու հիման վրայ: Առաջին՝ Մեծն Աղեքսանդր Միջագետքը գրաւելու համար երբ Եփրատէն անցաւ, իր առաջին հանգրուանը եղաւ Ուռհա քաղաքը: Ան գնահատելով այդ շրջանի օդը, ջուրը եւ առատութիւնը, հրամայած է իր զօրավարներէն Սելեւկոսի, քաղաք մը կարուցէ Ուռհայի կողքին: Սելեւկոս կը ձեռնարկէ նոր քաղաքի շինութեան Ն.Ք. 303 թուականին՝ Ուրֆայի լճակներուն հիւսիս արեւմտեան կողմը, երբ արդեն Մեծ աշխարհակալը մահացած էր: Սելեւկոս իր հրամանատարի յիշատակը յաւերժացնելու համար, քաղաքին տուաւ Էդէսէ անունը, որ մակեդոնացւոց լեզուով կը նշանակէ՝ «Այս կը սիրեմ»: Մեծն Աշեքսանդր այսպէս արտասանած է իր գնահատանքը քաղաքին նկատմամբ:

Երկրորդը՝ Պատմագիր Հ. Էփրիկեան անուանափոխութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ ձեւով.- Մեծն Աղեքսանդրի զօրավարներէն՝ Անտիոքի թագաւոր Սելեւկոս Ա. երբ կը գրաւէ այս քաղաքը, կը վերաշինէ զայն ու կը նուիրէ իր դստեր Էդէսիի, այսպէս անոր անունով քաղաքը կը կոչուի Էդէսէ:

Երրորդը՝ ուրիշ պատմագէտներ ալ կը վկայէն թէ մակեդոնացիները ուրիշ քաղաք մը ունէին իրենց երկրին մեջ սոյն անունով եւ Ուռհան կոչեցին Էդէսէ:

Պատմական զանազան տուեալներ կու գան մեզի ապացուցելու թէ Ուրֆան կամ Եդեսիան աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկը եղած է: Ան նաեւ դարերու ընթացքին եղած է քաղաքակրթութեան եւ գիտութեան օճախ մը:

Այս հնագոյն քաղաքը ենթարկուած է զանազան ազգերու տիրապետութեան՝ իր աղխարհագրական դիրքին պատճառով, ունեցած է հերոսական եւ արկածախնդրական պատմութիւն մը, եւ արժանացած է բոլոր յայտնի պատմագէտներու ուշադրութեան: 1

ՀԱՅԸ Ե՞ՐԲ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԱԾ Է ՈՒՐՖԱ Խմբագրել

Հայութեան մուտքը Ուրֆա եղած է հերթականութեամբ:

Առաջին գաղթը՝ Ն.Ք. 75-80 թուականներուն, երբ մեծ թիւով հայեր հետեւեցան Մեծն Տիգրան Բ. Թագաւորի յաղթական արշավանքներու ժամանակ: Անոնցմէ նշմարելի մաս մը հաստատուեցան Ուրֆայի եւ իր շրջաններուն մեջ:

Երկրորդ գաղթը՝ Յ.Ք. 35-40 թուականներուն Քրիստոսի ժամանակակից Աբգար Ե.ի իշխանութեան օրերուն: Վերջինս քաղաքը ամրացնելէ ետք, անոր պաշտպանութիւնը կը յանձնէ Արշակունեաց տոհմի հայ զօրահաններուն:

Երրորդ գաղթը՝ Յ.Ք. 200 թուականին Աբգար Թ. Թագաւոր Հռոմէն վերադարձին քրիստոնէութիւնը պաղտօնական կրոնք հռչակեց Ուրֆայի պետութեան մէջ, բազմաթիւ հայեր որոնք նոր կրօնքը ընդունած էին, կու գան եւ կը հաստատուին Ուրֆա:

Չորրորդ գաղթը՝ Յ.Ք. 340 թուականին պարսից Շապուհ Թագաւորի Հայաստանի դէմ մղած արշաւանքներէն փախուստ տալով կ'ապաստանին Ուրֆա, խուսափելու համար Շապուհի բռնի արտագաղթէն՝ դէպի Պարսկաստան:

Այս գաղթերուն շնորհիւ Ուրֆայի մէջ հայ բնակչութիւնը պատկարելի թիւ մը կը կազմէ, այլ ցեղերու կողքին: Ինչպէս նաեւ հայերը կարեւոր դիրք մը կը գրաւէն Պարսկա-ասորական աստուածաբանական ճեմարանին մէջ:

Հինգերորդ եւ վերջին գաղթը տեղի ունեցաւ Փիլարտոս դուքսին եւ Թորոս Կիւրապաղատի իշխանութեան օրերուն, եւ քաղաքը ստացաւ կատարեալ հայկական դիմագիծ:

Խաչակիրներու արշաւանքներուն եւ ցրումի հետեւանքով, Ուրֆայի հայութեան թիւը զգալի նահանջ կ'արձանագրէ. 1637 թուականին երբ Օսմանեան տիրապետութիւնը կը հաստատուի՝ Ուրֆայի քաղաքացիներ ուժասպար եղած շարունակական արշաւանքներէ, ժամանակաւոր խաղաղութիւն մը կ'ապրին: Այդ ժամանակէն մինչեւ 1850 թուականը մեծ թիւով հայեր՝ Սասնոյ, Վանի եւ Մալաթիոյ շրջաններէն, նաեւ Պարսկաստանէն բնակութիւն կը հաստատեն Ուրֆայի մէջ: Միանալով հին դարերէն ի վեր գտնուող հայերուն հետ, անոնք կը կազմեն 30.000 հայ բնակչութեան յիշատակելի թիւը, որ 1915-ի հերոսամարտին կը նշուի: 2

ՈՒՐՖԱՅԻ ՊԱՐՊՈՒՄԸ ՀԱՅԵՐԷ Խմբագրել

1915 թուականին, Ուրֆայի հայերու թիւը եղած է շուրջ 30.000 բնակչութիւն, որոնց մեծամասնութիւնը կ'ապրէր հայկական թաղամասերուն մէջ: Անոնք գոյատեւած են տեղւոյն եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու, միութիւններու, կուսակցութիւններու եւ պատկարելի թիւով մշակներու ներդրումով եւ անձնազոհ նուիրումով, յատկապէս երբ քաղաքը յաճախակի յարձակումներու եւ բռնութիւններու կ'ենթարկուէր թուրք բանակի եւ չէթէյական խումբերու կողմէ:

Ուրֆայի քաղաքը հայերէ պարպուելու գործընթացը եղած է հիմնականօրէն անմոռանալի երեք օրհասական աղէտներու հետեւանքով:

Առաջինը՝ Համիտեան ջարդերու տարիներուն, 1895-1896 տարուան Դեկտեմբեր 28-29 օրերուն: 3000-է աւելի հայորդիներու դէմ կրակով եւ սուրով ողջակիզում մը կատարուեցաւ, երբ անոնք ապաստան գտած էին քաղաքի Սբ. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ:

Երկրորդը՝ 1915-ի Մեծ Եղեռնի օրերուն էր, իսկ վէրջինը՝ 1921-ին երբ Ուրֆան վերջնականապէս կը պարպուի իր հայորդիներէն:3